Լիբանանեան

Վարչապետ Հասսանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Շիայի Հանդիպում

Վարչապետ Հասսանի Եւ Միացեալ Նահանգներու Դեսպան Շիայի Հանդիպում

Երէկ տեղի ունեցաւ վարչապետ Հասսան Տիապի եւ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի հանդիպումը, որուն աւարտին որեւէ յայտարարութիւն չկատարուեցաւ: Կառավարական աղբիւրներ «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին փոխանցած են, որ հանդիպումը աւելի քան լաւ ընթացած է, եւ քննարկուած են Լիբանանի ելեւմտական, տնտեսական եւ ընկերային կացութիւնը, կառավարութեան ծրագիրը, Միջազգային դրամական ֆոնտի հետ բանակցութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձ կատարուած է Միացեալ Նահանգներու հաւանական դերին` այս...

Հըթթի. «Եւրոպական Երկիրներու Հետ Կը Բանակցինք, Որպէսզի Իրենց Օդակայանները Մեր Դիմաց Բաց Պահեն»

Հըթթի. «Եւրոպական Երկիրներու Հետ Կը Բանակցինք, Որպէսզի Իրենց Օդակայանները Մեր Դիմաց Բաց Պահեն»

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւրոպական երկիրներու հետ կը բանակցին, որպէսզի անոնք Լիբանանի դիմաց իրենց օդակայանները բաց պահեն: Հըթթի հաստատեց, որ այս որոշումը քաղաքական բնոյթ չունի, այլ թեքնիք որոշում մըն է, որ իրենց կը վերաբերի: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան իշխանութիւնները փոփոխութիւններ կատարելու միտումներ չունին` աւելցնելով, որ Պէյրութի միջազգային...

«Լիբանան Պատանդ Է Հըզպալլայի Մօտ»  Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

«Լիբանան Պատանդ Է Հըզպալլայի Մօտ» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ Հըզպալլա աշխարհին հետ պատերազմներ կը մղէ, ուստի բնական է, որ անոնք հակադարձեն անոր: «Հըզպալլա Լիբանանը միջամուխ դարձուցած է իր տագնապներուն եւ լիբանանցիները վերածած է Իրանը պաշտպանող վահանի մը: Լիբանան պատանդ է Հըզպալլայի մօտ, իսկ այդ հարցին լուծումը կարելի է ապահովել լիբանանեան պետութեան որոշումն ու գերիշխանութիւնը վերահաստատելով: Այդ մէկը կը կատարուի, երբ պետութիւնը...

Հարիրի. «Լիբանանի Մէջ Որոշ Անկայունութիւն Մը Պիտի Վկայենք, Սակայն Կը Կասկածիմ, Որ Երկիրը Սովի Մատնուի»

Հարիրի. «Լիբանանի Մէջ Որոշ Անկայունութիւն Մը Պիտի Վկայենք, Սակայն Կը Կասկածիմ, Որ Երկիրը Սովի Մատնուի»

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Էլ Փայիս» սպանական օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիները օրական դրութեամբ կը վախնան իրենց կեանքին վրայ եւ մտահոգ են տիրող կացութեամբ, այդ պատճառով ալ անոնք սկսած են աւելի շատ իրենց բնակարանին մէջ մնալ` քան դուրս ելլել: Քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկման հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ, որ Լիբանան իր պատմութեան մէջ...

«Վնասակար Են Այն Լուրերը, Թէ Վատիկանը Հըթթին Իր Մօտ Կանչած Է»  Շեշտեց Ֆարիտ Խազեն

«Վնասակար Են Այն Լուրերը, Թէ Վատիկանը Հըթթին Իր Մօտ Կանչած Է» Շեշտեց Ֆարիտ Խազեն

Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթիի Լիբանան կատարած այցելութիւնը շատ կարեւոր էր` աւելցնելով, որ անիկա արդիւնք էր Լիբանանի մէջ պապական նուիրակին եւ Վատիկանի լիբանանեան դեսպանատան ճիգերուն: Ան հաստատեց, որ օրական դրութեամբ կապ եւ գործակցութիւն կայ Վատիկանի պատասխանատուներուն հետ, որովհետեւ Վատիկանն ու յատկապէս Պապը յատուկ գուրգուրանք կը...

«Ա 321 Նէօ» Տիպի Առաջին Օդանաւը Հասաւ Լիբանան

«Ա 321 Նէօ» Տիպի Առաջին Օդանաւը Հասաւ Լիբանան

«Միտըլ Իսթ» ընկերութեան պատկանող «Ա 321 Նէօ» տիպի առաջին օդանաւը երէկ հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան, ուր ներկայ էին հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար, «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութ, քաղաքական անձնաւորութիւններ եւ լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներ: «Միտըլ Իսթ» ընկերութեան տնօրէն Մոհամետ Հութ բացատրեց, որ այս օդանաւը աւելի նուազ քանակով ածխածին կ՛արձակէ, հետեւաբար բնապահպանութեան բարեկամ է, կը նուազեցնէ նաեւ գործառնութեան...

Ատրահի. «Իսրայէլեան Ուժերը Ձերբակալած Են Երեք Կասկածելիներ, Ապա` Ազատ Արձակած»

Ատրահի. «Իսրայէլեան Ուժերը Ձերբակալած Են Երեք Կասկածելիներ, Ապա` Ազատ Արձակած»

Իսրայէլեան ուժերու բանբեր Ավիխայ Ատրահի երէկ յայտնեց, որ նախանցեալ գիշեր իսրայէլեան ուժերը նշմարած են երեք կասկածելիներ, որոնք փորձած են լիբանանեան սահմանէն փշաթելերը քանդել եւ իսրայէլեան կողմ անցնիլ: Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը հետեւած են անոնց քայլերուն, մինչեւ որ իսրայէլեան խմբակ մը ձերբակալած է զանոնք: Ան հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը կը հսկեն սահմանին եւ կ՛արգիլեն որեւէ նման ներթափանցում, որ իսրայէլեան գերիշխանութեան...

Հասան. «Կ՛ուղղուինք Տուգանելու Առողջական Մեկուսացման Պայմանը Խախտողները»

Հասան. «Կ՛ուղղուինք Տուգանելու Առողջական Մեկուսացման Պայմանը Խախտողները»

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2082-ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2082-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 71 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 67-ը տեղացիներ են, իսկ 4-ը Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 36 վարակուած պարագաներ մահացած են: Առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան յայտնեց, որ մարդոց...

Կառավարութիւնը Դատական Քննչական Խորհուրդին Մէջ Երեք Անդամ Նշանակեց

Կառավարութիւնը Դատական Քննչական Խորհուրդին Մէջ Երեք Անդամ Նշանակեց

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ վարչապետ Տիապ նախարարաց խորհուրդին յայտնած է, թէ ամէն քայլափոխին կառավարութեան դէմ արշաւները կը բազմանան: «Վարչապետը յայտնեց, թէ շինիչ քննադատութիւնը ողջունելի է, որովհետեւ համոզուած ենք, որ առարկայական քննադատութիւնը կ՛ուղղէ կառավարութեան աշխատանքը եւ օգտակար է, սակայն դժբախտաբար...

«Իր Դժուար Պայմանները Թօթափելէ Ետք Լիբանան Պիտի Վերստանձնէ Իր Բացառիկ Դերակատարութիւնը»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Իր Դժուար Պայմանները Թօթափելէ Ետք Լիբանան Պիտի Վերստանձնէ Իր Բացառիկ Դերակատարութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Պաալպեքի միջազգային փառատօնի յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ յանձնախումբի նախագահ Նայլա տը Ֆրէյժի, ընկերակցութեամբ փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքրի, մշակոյթի նախարար Ապպաս Մուրթատայի, զբօսաշրջութեան նախարար Ռամզի Մշարրաֆիէի, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի, Լիբանանի ֆիլհարմոնիք նուագախումբի ղեկավար մայեսթրօ Յարութ Ֆազլեանի, ինչպէս նաեւ «Գոյատեւման ձայն» կոչուող համերգին մասնակցած երաժիշտներու ու երգիչներու: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ...

Պըրրի Ընդունեց Շիան, Իսկ Մքքենզի Կը Հաստատէ Լիբանանեան Բանակին Զօրակցելու Յանձնառութեան Կառչածութիւնը

Պըրրի Ընդունեց Շիան, Իսկ Մքքենզի Կը Հաստատէ Լիբանանեան Բանակին Զօրակցելու Յանձնառութեան Կառչածութիւնը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան: «Էլ.Պի.Սի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, Պըրրի-Շիա հանդիպումին քննարկուած է Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմաններու թղթածրարը շարժելու հարցը: Ըստ նոյն տեղեկութիւններուն, հանդիպումին քննարկուած է նաեւ Իրանի վրայ կիրարկուած պատժամիջոցներէն Լիբանանի համար բացառութիւններ կատարելու պարագան, ինչպէս որ եղած է Իրաքի պարագային, պայմանով որ այս գծով լիբանանեան կառավարութիւնը ներկայացնէ...

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Ընդունեց Լիբանանի Սկաուտական Ֆետերասիոնի Մէկ Պատուիրակութիւնը

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան: Նախարար Օհանեան-Գէորգեան բարձր գնահատեց «Քորոնա»-ի համաճարակի ժամանակաշրջանին ֆետերասիոնին եւ սկաուտական միութիւններուն աշխատանքներն ու ճիգերը, յատկապէս գետնի վրայ կամաւոր աշխատանքի եւ նախազգուշական արշաւներ կատարելու առումով: Ապա նախարար Օհանեան-Գէորգեան պատուիրակութեան հետ քննարկեց...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2011-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 36, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 1368-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2011-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 36, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 1368-ի

Հասան. «Վարակուածներու Այսօրուան Թիւը Ցնցիչ Է, Որովհետեւ Կայ Արտերկրի Լիբանանցի Մը, Որ Նախազգուշական Պայմանները Չէ Յարգած» Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2011-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 66 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 44-ը տեղացիներ են, իսկ 22-ը` Լիբանան ժամանած արտերկրի լիբանանցիներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 36 պարագաներ մահացած են, իսկ 1368...

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Նախկին Վարչապետներ Սաատ Հարիրին Եւ Ֆուատ Սինիորան

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Նախկին Վարչապետներ Սաատ Հարիրին Եւ Ֆուատ Սինիորան

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ կէսօրէ առաջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի, Հարիրիի խորհրդատուներ Հանի Համմուտ եւ Տաուտ Սայեղ, ինչպէս նաեւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Հաննա Օլուան եպիսկոպոս եւ Պքերքէի տեղեկատուութեան հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ուալիտ Ղայեատ: Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ Հարիրի ընտանիքին եւ Պքերքէի...

«Լիբանանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Բանեցուցած Ճնշումները Պիտի Շարունակուին»  Շեշտեց Զասիփքին

«Լիբանանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Բանեցուցած Ճնշումները Պիտի Շարունակուին» Շեշտեց Զասիփքին

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան միջամտութիւններն ու քայլերը պիտի շարունակուին եւ պիտի ընդարձակուին` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի որդեգրած մագլցողական ռազմավարութիւնը յստակ է, անկախ այն իրականութենէն, որ այդ մագլցումին պատճառով ամբողջ ժողովուրդը անօթի կը մնայ կամ երկիրը կը քանդուի: Զասիփքին ընդգծեց, որ ամերիկեան այս ռազմավարութիւնը կը միտի փոփոխութիւն մը յառաջացնել շրջանային հարցերու եւ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան խոր մտահոգութիւն եւ տխրութիւն յայտնեց Լիբանանի մասին: «Լիբանանցիներուն կէսէն աւելին աղքատութեան մէջ կ՛ապրին: Կառավարութիւնը յանձնարարութիւն ստանձնած է բարեկարգումներ կատարելու, սակայն այդ բարեկարգումներէն ոչ մէկը իրականացուցած է», ըսաւ ան: ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտար հաստատեց, որ կարգ մը առեւտրականներ անյագ են` ընդգծելով, որ պետութեան կողմէ սննդեղէնի փաթեթին տրամադրուած օժանդակութեան իբրեւ հետեւանք, եթէ...

Մըքքենզի Շեշտեց Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պաշտպանելու Կարեւորութիւնը

Մըքքենզի Շեշտեց Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պաշտպանելու Կարեւորութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Մքքենզին, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի եւ ամերիկեան դեսպանատան զինուորական կցորդ Ռոպըրթ Մէյնի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց ռազմական փորձերու եւ զինումի առումով լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինուորական գործակցութիւնը...

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ժոմպլաթի

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ժոմպլաթի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի եւ անդամներ տոքթ. Էլի Թաշճեան եւ Ճորճ Սապունճեան, երէկ այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի: Հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Ժոմպլաթի խորհրդական Ռամի Ռայես: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումին ընթացքին երեսփոխան Բագրատունի լուսարձակի տակ առաւ ՀՅ  Դաշնակցութեան եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան միջեւ առկայ պատմական յարաբերութիւնները` գնահատելով...

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Քննարկեց Լիբանանեան Ներքին Եւ Արտաքին Քաղաքականութիւնները

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Քննարկեց Լիբանանեան Ներքին Եւ Արտաքին Քաղաքականութիւնները

Հզօր Լիբանան համախմբումը նախանցեալ օր գումարեց ընթացիկ իր նիստը` նախագահութեամբ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի եւ ներկայութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի: Նիստէն ետք հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ երեք ժամ տեւած նիստին ընթացքին համախմբումը քննարկեց շարք մը հարցեր, ճշդեց համախմբումին ռազմավարութիւնն ու կեցուածքը` երկրին ներքին եւ արտաքին քաղաքականութիւններուն, ինչպէս նաեւ ելեւմտական-տնտեսական...

Հարիրի. «Չեմ Պատրաստուիր Վարչապետի Պաշտօնը Վերստանձնելու»

Հարիրի. «Չեմ Պատրաստուիր Վարչապետի Պաշտօնը Վերստանձնելու»

  Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւններ: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդատու Տաուուտ Սայեղ: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Աուտէի այցելած է Պէյրութի ի շահ գործելու նպատակով` ընդգծելով, որ իրենք մնայուն կերպով մերժած են մայրաքաղաք Պէյրութի բաժանումը: Ան նշեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ յարաբերութիւնները...

Page 478 of 988 1 … 477 478 479 … 988

Արխիւներ