Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Լիբանանի Մէջ Որոշ Անկայունութիւն Մը Պիտի Վկայենք, Սակայն Կը Կասկածիմ, Որ Երկիրը Սովի Մատնուի»

Յուլիս 11, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի «Էլ Փայիս» սպանական օրաթերթին հետ ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ քաղաքացիները օրական դրութեամբ կը վախնան իրենց կեանքին վրայ եւ մտահոգ են տիրող կացութեամբ, այդ պատճառով ալ անոնք սկսած են աւելի շատ իրենց բնակարանին մէջ մնալ` քան դուրս ելլել:

Քաղաքացիական պատերազմի մը բռնկման հաւանականութեան մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ, որ Լիբանան իր պատմութեան մէջ տնտեսական վատագոյն տագնապն է, որ կը դիմագրաւէ: «Ժողովուրդը պիտի շարունակէ ցոյցեր կատարել, եւ Լիբանանի մէջ որոշ անկայունութիւն պիտի վկայենք, սակայն կը կասկածիմ, որ Լիբանան սովի մատնուի», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանան կարիք ունի բարեկարգումներու: «Ես նախատեսած էի, որ Լիբանան Յունաստանի օրինակով կրնայ այս կէտին հասնիլ, բայց եւ այնպէս կարելի էր այս իրավիճակին առաջքը առնել, եթէ բարեկարգումները աւելի առաջ կատարուած ըլլային», հաստատեց ան:

Հարիրի ընդգծեց, որ լիբանանցիները 15 տարուան ընթացքին (1975-1990) քաղաքացիական պատերազմ մղած են, եւ լիբանանցի ժողովուրդը չի փափաքիր վերադառնալ այդ օրերուն: Ան աւելցուց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերը գիտեն, թէ այդ մէկը կարմիր գիծ է, եւ ոչ ոք կը փափաքի զայն շրջանցել: «Այդ պատճառով ալ կառավարութիւնը պէտք է բարեկարգումները անյապաղ գործադրէ», շեշտեց Հարիրի:

Ան յայտնեց, որ իրենք կը փափաքին Լիբանանը փրկել` կառավարութեան մաս կազմելով կամ անկէ դուրս մնացած ըլլալով: «Եթէ Լիբանանի համար լաւ ծրագիր առաջարկուի` նուիրատու երկիրներուն կողմէ, ապա խորհրդարանին մէջ մեր հաւանութիւնը պիտի տանք անոր, սակայն հիմնական հարցը Հըզպալլային եւ Ազգային ազատ հոսանքին միջեւ է, որովհետեւ անոնք  մնայուն կերպով տագնապի մէջ են եւ անկարող են գործադրել բարեկարգումները», նշեց ան:

Ամերիկեան «Սիզըր» պատժամիջոցներու օրէնքին անդրադառնալով` Հարիրի յայտնեց, որ Լիբանանը պէտք է զերծ կացուցել այդ պատժամիջոցներուն հետեւանքներէն` աւելցնելով, որ կառավարութեան պարտականութիւնն է կատարել այդ մէկը, որովհետեւ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը յաւելեալ պատժամիջոցներ չի կրնար հանդուրժել:

Հարիրի ընդգծեց, որ չի զղջար հրաժարելու:  «Ա՛յս է ժողովրդավարութիւնը, եւ ուշ կամ կանուխ ընտրութիւններ պիտի կատարուին», ըսաւ ան` շեշտելով, որ ինք չի փափաքիր վարչապետի պաշտօնը վերստանձնել:

Հարիրի իր հարցազրոյցը աւարտեց շեշտելով, թէ ինք կը փափաքի, որ Լիբանանի տնտեսական կացութիւնը բարելաւուի եւ լիբանանցիին պահանջները բաւարարուին.  «Իսկական բարեկարգում եւ ազգային, ընկերային ու անհատական արժանապատիւ կեանքի առիթ ունենայ լիբանանցին»:

Նախորդը

«Վնասակար Են Այն Լուրերը, Թէ Վատիկանը Հըթթին Իր Մօտ Կանչած Է» Շեշտեց Ֆարիտ Խազեն

Յաջորդը

«Լիբանան Պատանդ Է Հըզպալլայի Մօտ» Շեշտեց Սամի Ժեմայէլ

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?