Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի. «Չեմ Պատրաստուիր Վարչապետի Պաշտօնը Վերստանձնելու»

Յուլիս 9, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

Նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ այցելեց յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ պատրիարքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական բեմը յուզող իրադարձութիւններ:

Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հարիրիի խորհրդատու Տաուուտ Սայեղ:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Աուտէի այցելած է Պէյրութի ի շահ գործելու նպատակով` ընդգծելով, որ իրենք մնայուն կերպով մերժած են մայրաքաղաք Պէյրութի բաժանումը:

Ան նշեց, որ Աուտէ եպիսկոպոսին հետ յարաբերութիւնները իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի օրերէն ի վեր առկայ են եւ պիտի շարունակուին:

Հարիրի ցաւ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող տագնապները օրըստօրէ կը սրին եւ կը խորանան` յատկապէս տնտեսական առումով:

Ան շեշտեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ լուրջ տագնապներ, որոնց դիմակայելու համար կարիքը կայ բոլորին միասնականութեան եւ Լիբանան հայրենիքին ու ինքնութեան շուրջ համախմբումին, որպէսզի կարելի ըլլայ ապահովել Լիբանանի զարթօնքը:

«Չեմ պատրաստուիր վարչապետի պաշտօնը վերստանձնելու: Ներկայ կառավարութեան կատարածը քմահաճ բարեկարգում է, ոչ թէ իսկական բարեկարգում: Եթէ մեր կառավարութեան ներկայացուցած 21 կէտերը իրագործուէին, ապա երկրին մէջ բարելաւում կ՛արձանագրուէր», հաստատեց Հարիրի:

Ընդդիմութիւն ըլլալու մասին լրագրողներուն հարցումին պատասխանելով` Հարիրի նշեց, որ կառավարութեան ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը իրենց ձեւերով ընդդիմութիւն կը կատարեն` աւելցնելով, որ ինք կը խորհրդակցի Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ, իսկ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը:

Մեհրապ այցելութեան կամ վարչապետարան վերադառնալու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ, որ ինք պիտի մնայ Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ:

Միւս կողմէ, Հարիրի նախագահեց Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ տիրող ընդհանուր կացութիւնը:

Մուսթաքպալ պլոքը իր նիստը սկսաւ մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելով նախկին երեսփոխան Ահմետ Քարամէի յիշատակը:

Նշենք, որ Հարիրի շաբաթ, 25 յուլիս 2020-ը ճշդեց Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր ժողովի օր:

 

Նախորդը

Արաբ Երիտասարդութեան Նախարարներու Խորհուրդը Որոշեց, Որ Լիբանան 2022-ին Պիտի Հիւրընկալէ Արաբական 15-րդ Մարզախաղերու Ախոյեանութիւնները, Եւ Պիտի Դառնայ «Արաբ Երիտասարդութեան Մայրաքաղաք»-ը

Յաջորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Քննարկեց Լիբանանեան Ներքին Եւ Արտաքին Քաղաքականութիւնները

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?