Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Միշել Նաժժար եւ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս մամլոյ միացեալ ասուլիսի մը ընթացքին հաստատեցին, որ ինքնաշարժով ցամաքային փոխադրութեան նուազագոյն սակը պիտի ըլլայ 3000 լ. ոսկի, իսկ հանրաշարժով ցամաքային փոխադրութեան նուազագոյն սակը` 1.500 լ. ոսկի: ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպանի խորհրդատու Եաւուզ Թաշ Տեմիրը,...

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ  Մաքսային Ոստիկաններու Նշանակման

Կառավարութիւնը Համաձայն Գտնուեցաւ Մաքսային Ոստիկաններու Նշանակման

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի: Նախքան նիստը գումարելը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Տիապ դռնփակ հանդիպումի մը ընթացքին քննարկեցին երկրին իրադարձութիւններն ու կառավարութեան օրակարգը: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ընդգծեց տնտեսական եւ ելեւմտական ծրագիրներուն մէջ որդեգրուած միջոցառումները, յատկապէս բարեկարգումները գործադրելու անհրաժեշտութիւնը: Ան հաստատեց,...

Պըրրի Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց  Քուէյթ Այցելութեան Արդիւնքները

Պըրրի Ապպաս Իպրահիմի Հետ Քննարկեց Քուէյթ Այցելութեան Արդիւնքները

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց անոր Քուէյթ կատարած այցելութեան արդիւնքները: Ապպաս Իպրահիմ մեկնեցաւ առանց յայտարարութիւն կատարելու: Պըրրիի այցելեց նաեւ ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Մոհամետ Ֆահմի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս երկրին ապահովական իրավիճակը: Նշենք, որ Պըրրի երկուշաբթի գիշեր հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցած էր նախկին վարչապետ...

«Դրական Եւ Շինիչ Չէզոքութիւնը  Մեր Ինքնութիւնն Է»  Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

«Դրական Եւ Շինիչ Չէզոքութիւնը Մեր Ինքնութիւնն Է» Շեշտեց Ռայի Պատրիարք

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Տիմանի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ ինք պատրաստ է ներկայ գտնուելու ազգային որեւէ հանդիպումի, որ Լիբանանը կը փրկէ եւ որ Լիբանանը իր դիմագրաւած ներկայ կացութենէն դուրս բերելու յստակ տեսլական կը բովանդակէ: Ֆրենժիէ հաստատեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած են երկրին վերաբերող հարցեր`...

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Քննարկեց Վովինամ Մարզաձեւը Օրինականացնելու  Կարելիութիւնները

Նախարար Օհանեան-Գէորգեան Քննարկեց Վովինամ Մարզաձեւը Օրինականացնելու Կարելիութիւնները

  Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Վովինամ մարզաձեւի ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց վիեթնամական այս մարզաձեւը օրինականացնելու կարելիութիւնները: Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ընդունեց նաեւ յատուկ խնամքի կարօտ մանուկներու եւ պատանիներու միութիւնները ներկայացնող պատուիրակութիւն մը, որուն մաս կազմեցին տոքթ. Մուսա Շարաֆէտտին, շէյխ Իսմայէլ Զէյն եւ Ֆատիա Սաֆի: Հանդիպումին ընթացքին նախարար Օհանեան-Գէորգեան հաստատեց նախարարութիւններուն միջեւ գործակցութեան անհրաժեշտութիւնը` ընդգծելով,...

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց  Սինիորան Եւ Մաշնուքը

Միւֆթի Տըրիան Ընդունեց Սինիորան Եւ Մաշնուքը

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքի քարոզին ընթացքին արծարծուած օրինական հիմնական երեք կէտերը, որոնք են` լիբանանեան օրինականութիւնը շրջափակումէ փրկել, Լիբանանը շրջանային եւ միջազգային տագնապներէ զերծ կացուցել, ինչպէս նաեւ միջազգային օրինականութեան բանաձեւերը` թիւ 1701, թիւ 1757, թիւ 1680 եւ թիւ...

«Մեր Ուսումնասիրութիւններուն Համաձայն,  Նուազագոյն Աշխատավարձը  Պէտք Է Մէկուկէս Միլիոն Լ. Ոսկի Ըլլայ»  Շեշտեց Պշարա Ասմար

Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութիւնը Պշարա Ասմարը Վերընտրեց Նախագահ

Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան գործադիր խորհուրդը գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին  Պշարա Ասմարը վերընտրեց համադաշնակցութեան նախագահ: Ասմար կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն վերադառնալու իրենց խիղճին` աւելցնելով, որ ինք անօթութեան եւ զրկանքի դիմաց իւրաքանչիւր աշխատաւորի պայքարը պիտի մղէ: Ասմար հաստատեց, որ ինք պիտի ընդդիմանայ քաղաքական այն ուժերուն, որոնք երկիրը գողցած են եւ պետական գումարները իւրացուցած: «Վերադարձէ՛ք ձեր մարդկայնութեան եւ զգուշացէ՛ք անօթիներու յեղափոխութենէն», հաստատեց Ասմար:...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն  Թիւը Հասաւ 2452-ի, Մահուան Պարագաներունը`  37-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1455-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2452-ի, Մահուան Պարագաներունը` 37-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1455-ի

Համատ Հասան. «Լիբանան Ժամանողները 24-72 Ժամուան Մեկուսացումի Պիտի Ենթարկուին, Մինչեւ «Փի. Սի. Ար.»-ի Քննութեան Արդիւնքը Հրապարակուի» Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2452-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 32 նոր վարակուածներ, որոնցմէ 26-ը` տեղացիներ, իսկ 6-ը` Պէյրութ եկած քաղաքայիններ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով վարակուած 37 պարագաներ մահացած են, իսկ 1455 ուրիշներ` ապաքինած:...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան չորեքշաբթի, 22 յուլիս 2020-ին պաշտօնական այցելութիւն մը պիտի տայ Լիբանան: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւնները, մասնաւորաբար նկատի ունենալով տեղեկատուութեան մարզին մէջ փոխադարձ գործակցութեան աշխուժացումը: Ապտել Սամատ ընդգծեց, որ իրենք կառչած կը մնան լիբանանեան-ֆրանսական յարաբերութիւններուն եւ Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան սկզբունքներու տարածումին: ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ...

«Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերը Միասնականութեամբ Պէտք Է Գործեն Երկրին Տագնապներուն Ելքեր Ապահովելու Համար Եւ Վերջ Տան Ամբաստանութիւններուն Ու Ցեխարձակումներուն»  Շեշտեց Յ. Բագրատունի

«Լիբանանեան Քաղաքական Ուժերը Միասնականութեամբ Պէտք Է Գործեն Երկրին Տագնապներուն Ելքեր Ապահովելու Համար Եւ Վերջ Տան Ամբաստանութիւններուն Ու Ցեխարձակումներուն» Շեշտեց Յ. Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի կիրակի, 12 յուլիս 2020-ին «Օ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանէն հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ լիբանանեան իրադարձութիւններուն, կառավարութեան աշխատանքին, ինչպէս նաեւ երկրին տագնապներու լուծման կարելիութիւններուն: Կառավարութեան աշխատանքին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ նախ եւ առաջ պէտք է վերադառնալ կառավարութեան կազմութեան պայմաններուն, այսինքն` երկրին մէջ տիրող քաղաքական կացութեան, փողոցին իրավիճակին, վարչապետի նշանակումին...

Ապպաս Իպրահիմ Քուէյթէն Վերադարձաւ Պէյրութ

Ապպաս Իպրահիմ Քուէյթէն Վերադարձաւ Պէյրութ

Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ, որ անցեալ շաբաթավերջին ուղղուած էր Քուէյթ, երէկ երեկոյեան վերադարձաւ Պէյրութ: Քուէյթի մէջ ան հանդիպումներ ունեցաւ Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի, Քուէյթի վարչապետ Սապահ Խալետ Համատ Սապահի, արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Նասերի հետ: Քուէյթեան «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, Ապպաս Իպրահիմի հանդիպումները եղած են դրական, սակայն այդ մէկուն թարգմանութիւնը անմիջական պիտի չըլլայ: «Ռայ»-ի համաձայն, Քուէյթի...

Հաւատարմութիւն Դիմադրութիւն Պլոքը Հըթթիի Յանձնեց Բողոքագիր Մը` Ամերիկացի Դեսպանին Արձանագրած Շրջանցումներուն Մասին

Հաւատարմութիւն Դիմադրութիւն Պլոքը Հըթթիի Յանձնեց Բողոքագիր Մը` Ամերիկացի Դեսպանին Արձանագրած Շրջանցումներուն Մասին

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն գլխաւորեց  նախագահ, երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը: Ռաատ շեշտեց, որ Հըթթիի հետ հանդիպումին նպատակն էր անոր փոխանցել պաշտօնական բողոքագիր մը` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի կատարած յայտարարութիւններուն եւ շրջանցումներուն մասին: Ան նշեց, որ դեսպանին պարտականութիւնն է դիւանագիտական լեզուով խօսիլ եւ...

Պեքաայի Մէջ Լիբանանեան Բանակի Կարգ Մը Զօրանոցներ Ենթարկուած Են Կրակոցներու. Նահատակուած Է Բանակային Մը

Պեքաայի Մէջ Լիբանանեան Բանակի Կարգ Մը Զօրանոցներ Ենթարկուած Են Կրակոցներու. Նահատակուած Է Բանակային Մը

Լիբանանեան բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ կիրակիէն երկուշաբթի լուսցող առաւօտուն զինեալներ կրակեցին Պեքաայի մէջ լիբանանեան բանակի կարգ մը զօրանոցներուն` Թալիայի, Պրիթելի, Խըտըրի եւ Տուրեսի զօրանոցներուն ուղղութեամբ: Կրակոցներուն պատճառով նահատակուեցաւ բանակային մը` Ալի Օֆի: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ կիրակի, 12 յուլիս 2020-ին` լիբանանեան բանակը Տուրեսի իր անցարգելին մօտ փորձած էր արգիլել յանցագործ Ապպաս Մասրիի ինքնաշարժին երթեւեկը`...

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2419-ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1425-ի

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2419-ի, Մահուան Պարագաներունը` 36-ի, Իսկ Ապաքինածներունը` 1425-ի

Առողջապահութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, երէկ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը հասաւ 2419-ի` վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրելով 85 նոր վարակուածներ: Նախարարութիւնը յայտնեց, որ ցարդ «Քորոնա» ժահրով 36 վարակուած պարագաներ մահացած են, իսկ 1425 ուրիշներ` ապաքինած: Նշենք, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու լիբանանեան ազգային յանձնախումբը երէկ երեկոյեան յայտարարեց, որ որդեգրած է նախազգուշական նոր միջոցառումներ, որոնց նպատակն է արձանագրուած խախտումները զսպել,...

«Պուրճ Համուտի Աղբանոցին Վերաբացումը Կարմիր Գիծ Է»  Կ՛ըսէ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Անդրադառնալէ Ետք Լիբանանեան Վերջին Զարգացումներուն` Սուրբ Սոֆիայի Դէմ Տրուած Որոշումը Նոր Օսմանականութեան Մէկ Արարն Է Հաստատեց Երեսփոխան Բագրատունի` «Օ.Թի.Վի».-ի Հետ Իր Ունեցած Հարցազրոյցին

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ հիւրն էր «Օ.Թի.Վի.» կայանի «Ռահ նեպքա սաուա» հաղորդումին: Հարցազրոյցի ընթացքին երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի հանգամանօրէն անդրադարձաւ երկիրը յուզող հիմնախնդիրներուն եւ անոնց լոյսին տակ ներքաղաքական իրավիճակին, հիմնաւորեց գործող կառավարութեան նկատմամբ Դաշնակցութեան զօրակցական կեցուածքը` համալիբանանեան շահերէ մեկնած եւ խօսեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութեան քաղաքական համագործակցութեան եւ ինքնուրոյն դիրքորոշումներուն մասին: Յ. Բագրատունի...

Յոռետեսութեան Եւ Լաւատեսութեան Միջեւ.  Հայեացքները Սեւեռած Են Խոստմնալից  Դրական Քայլերու Վրայ

Յոռետեսութեան Եւ Լաւատեսութեան Միջեւ. Հայեացքները Սեւեռած Են Խոստմնալից Դրական Քայլերու Վրայ

17 հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային ցոյցերուն եւ անոնց յաջորդած` փետրուար 2020-ին պարզուած «Քովիտ-19» համավարակի հետեւանքներուն լոյսին տակ, լիբանանցիք անհամբեր կը սպասեն դրական քայլերու կամ նախաձեռնութեանց, որոնց միջոցով կարելի կ՛ըլլայ խոստմնալից ելք մը գտնել տիրող մտահոգիչ կացութենէն: Այս իմաստով, Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմի Քուէյթ այցելութիւնը այսօր  կու գայ իբրեւ խոստմնալից դրական քայլ մը` նկատի ունենալով, որ զօրավար Իպրահիմ նախագահ...

Հակառակ Վարակուածներու Թիւի Յաւելումին.  «Քորոնա»-ի Համավարակը Հակակշիռի Տակ Է

Հակառակ Վարակուածներու Թիւի Յաւելումին. «Քորոնա»-ի Համավարակը Հակակշիռի Տակ Է

«Քորոնա»-ով վարակուածներու թիւին 166 պարագաներով աճը շաբաթավերջին որոշ մտավախութիւն ստեղծեց երկրին մէջ: Արդարեւ, Մեթնի Ռումիէի շրջանին մէջ մաքրութեան ընկերութեան մը 240 աշխատաւորներէն 118 հոգի «Քովիտ-19»-ով վարակման դրական ազդանշան ցոյց տուին: Անոնք փոխադրուեցան հիւանդանոց, իսկ մնացեալ աշխատաւորներ փոխադրուեցան Քարանթինայի շրջանը, ուր որոշ ժամանակով պիտի մնան մեկուսացման պայմաններու մէջ: Նմանապէս, Հարաւի Պազուրիէի շրջանէն համավարակով վարակուածներու 3 պարագաներ յայտարարուեցան: Այլ շրջաններու մէջ եւս...

Այա Սոֆիան Մզկիթի Վերածելու  Էրտողանի Որոշումին Դէմ.   Դատապարտումի Կեցուածքներ`  Լիբանանեան Շրջանակներու Կողմէ

Այա Սոֆիան Մզկիթի Վերածելու Էրտողանի Որոշումին Դէմ. Դատապարտումի Կեցուածքներ` Լիբանանեան Շրջանակներու Կողմէ

Բիւզանդական Այա Սոֆիա տաճար-թանգարանը մզկիթի վերածելու Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի որոշումը դատապարտումի լայն ալիք յառաջացուց համայն աշխարհին, ինչպէս նաեւ նաեւ Լիբանանի  մէջ: Մարոնիներու Ռայի պատրիարքը յայտնեց, թէ ինք խորապէս ցնցուած է Այա Սոֆիան մզկիթի վերածելու էրտողանի հրամանագիրէն: Ան աւելցուց, որ նոյեմբեր 1934-ին անիկա Աթաթուրքի կողմէ վերածուած էր թանգարանի, 1453-ին Մոհեմատ Ֆաթիհ սութանին կողմէ գրաւուելով մզկիթի վերածուելէ ետք: «Համաշխարհային դատապարտումի...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՅՍՕՐ Համրայի կարգ մը փողոցները փակ պիտի մնան` ասֆալթապատումի աշխատանքներուն պատճառով: Ներքին ապահովութեան ուժերու ոստիկաններ ցուցմունքներ պիտի կատարեն քաղաքացիներուն: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ապահովական պատկան ուժեր երէկ Հերմելի Հարֆ Սըմմաքա շրջանին մէջ յաջողեցան փակել Սուրիոյ եւ Լիբանանի միջեւ յառաջացած ապօրինի անցք մը, որուն ճամբով կը կատարուին գողցուած ինքնաշարժներու եւ ապրանքներու վաճառքը: ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարար Մանալ Ապտել Սամատ երէկ յայտնեց, որ լրագրողներու աշխատանքին գծով երթեւեկի...

Սիսի Քաթարէն Պահանջած Է Պատասխանել  Արաբական Քառեակի Պահանջներուն

Նախագահ Սիսիի Կողմէ Զօրակցական Նամակ` Նախագահ Աունին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Եգիպտոսի նախագահ Ապտալ Ֆաթթահ Սիսիէն ստացաւ նամակ մը, որուն մէջ նախագահ Սիսի իր երկրին պատրաստակամութիւնը կը յայտնէր` Լիբանանի կայունութեան եւ բարգաւաճման օժանդակելու եւ կը շեշտէր, որ իրենք ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն նպաստելու Լիբանանի եղբայր ժողովուրդի կացութեան բարելաւման եւ վերականգման: Նամակին մէջ նախագահ Սիսի նաեւ յոյս կը յայտնէր, որ Լիբանանի վարած բանակցութիւնները` ելեւմտական...

Page 477 of 988 1 … 476 477 478 … 988

Արխիւներ