Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յուլիս 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՖՐԱՆՍԱՅԻ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լոտրիան խոր մտահոգութիւն եւ տխրութիւն յայտնեց Լիբանանի մասին: «Լիբանանցիներուն կէսէն աւելին աղքատութեան մէջ կ՛ապրին: Կառավարութիւնը յանձնարարութիւն ստանձնած է բարեկարգումներ կատարելու, սակայն այդ բարեկարգումներէն ոչ մէկը իրականացուցած է», ըսաւ ան:

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Ապու Հայտար հաստատեց, որ կարգ մը առեւտրականներ անյագ են` ընդգծելով, որ պետութեան կողմէ սննդեղէնի փաթեթին տրամադրուած օժանդակութեան իբրեւ հետեւանք, եթէ այդ առեւտրականներուն մօտ սակերու տարբերութիւն չնկատուի, ապա անոնք «սեւ ցանկ»-ի վրայ պիտի արձանագրուին: Ապու Հայտար հաստատեց, որ քաղաքացիները յառաջիկայ 3 շաբաթներուն ընթացքին սննդեղէնի փաթեթին մաս կազմող արտադրութիւններու սակերուն տարբերութիւնը պիտի սկսին նշմարել:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի երէկ ընդունեց Սուրիոյ մէջ ՄԱԿ-ի յատուկ պատուիրակի տեղակալ Խաուլա Մաթարը, որուն հետ քննարկեց շրջանային իրադարձութիւններն ու գործակցութեան միջոցները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրները շահագրգռող միացեալ հարցեր:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սիմոն Ապի Ռամիա ըսաւ, որ քաղաքական կարգ մը անձնաւորութիւններուն կողմէ արտաքին երկիրներուն խորհրդատուութեան սպասելը, որպէսզի երկրին մէջ աշխատանք մը տարուի, ամօթալի է:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Էտի Ապի Լամաա յայտնեց, որ երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը պէտք է ըլլայ առաջնահերթութիւն` աւելցնելով, որ Լիբանանը շրջանային տագնապներէ հեռու պէտք է պահել:

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Հիւսէյն Հաժ Հասան հաստատեց, որ «ՕԺերօ»-ի կարգ մը պաշտօնեաներ ամսական բարձր աշխատավարձեր կը ստանան` աւելցնելով, որ ոմանց աշխատավարձը կը հասնի մինչեւ 20 միլիոն լ. ոսկիի:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ ընդգծեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի լաւատեսութիւնը հիմնուած է որոշ տուեալներու վրայ` ընդգծելով, որ Լիբանանի մէջ եկամտաբեր մարզերու վրայ հիմնուած տնտեսութիւնը վերջ գտած է:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ ընկերային ցանցերուն վրայ կատարած գրառումին ընդմէջէն յայտնեց, որ տնտեսութեան եւ երկրագործութեան նախարարներ Ռաուլ Նաամէ եւ Ապպաս Մուրթատա առեւտուրի եւ մենաշնորհի նախարարներն են: Ան շեշտեց, որ փտածութիւնը կը մնայ տիրական` աւելցնելով, որ փտածութեան մտայնութիւնը կարելի չէ փոփոխութեան ենթարկել, եթէ ան ամբողջութեամբ փուլ չգայ:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ճափոնի դեսպան Թաքիշի Օքոպուն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ վերլուծաբան Ժոզեֆ Ապու Ֆատել յայտնեց, որ կառավարութիւնը պէտք է հրաժարի` հաստատելով, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի այս փուլին վարչապետ չի փափաքիր դառնալ, որովհետեւ ան չ՛ուզեր ամերիկեան վարչակազմին հետ «սեւերես» ըլլալ:

«ՇԱՐՔ ԱՈՒՍԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանան 13 տարի ետք կը ծրագրէ լիբանանեան բանակին պարտադիր զինուորական ծառայութեան դրութիւնը վերահաստատել:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, լիբանանցի գործարար Քասեմ Թաժէտտինի ազատ արձակումը զարգացում մըն է, որ նուազ քան քաղաքական աքթ կը նկատուի` Ուաշինկթընի եւ Թեհրանի միջեւ դիմայակումի շրջագիծին մէջ:

 

Նախորդը

Ֆանար-Լէյլաւան. Քառամսեայ Աշխատանքներու Հաշուետուութիւն Եւ Կամաւորներու Գնահատում

Յաջորդը

Տեսակէտ. Ուշադի՛ր

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?