Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Դատական Քննչական Խորհուրդին Մէջ Երեք Անդամ Նշանակեց

Յուլիս 10, 2020
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին վարչապետարանին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ վարչապետ Հասսան Տիապի:

Նիստէն ետք տեղեկատուութեան նախարար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ վարչապետ Տիապ նախարարաց խորհուրդին յայտնած է, թէ ամէն քայլափոխին կառավարութեան դէմ արշաւները կը բազմանան:

«Վարչապետը յայտնեց, թէ շինիչ քննադատութիւնը ողջունելի է, որովհետեւ համոզուած ենք, որ առարկայական քննադատութիւնը կ՛ուղղէ կառավարութեան աշխատանքը եւ օգտակար է, սակայն դժբախտաբար կառավարութեան դէմ արշաւները առարկայական քննադատութեան տրամաբանութեան հետ բնաւ կապ չունին», հաստատեց Ապտել Սամատ:

Ան նշեց, որ վարչապետ Տիապ ընդգծած է, թէ ժողովուրդը լաւ գիտէ, որ նախապէս պետութեան հաշուոյն իշխանութիւններուն կողմէ կատարուած քաղաքական գործարքներն են, որոնք երկիրը դէպի անդունդ տարած են, եւ պատճառ դարձած, որ պետութիւնը տուժէ:

«Վարչապետ Տիապ հաստատեց, որ լիբանանեան պետութիւնը չէ, որ ելեւմտական քաղաքականութիւններուն մէջ սխալած է եւ երկիրը քանդումի առաջնորդած, այլ` իշխանութիւնն է, որ սխալած է:

«Այդ պատճառով ալ դիմած ենք դատական հաշուեքննութեան, որ պիտի կատարուի Կեդրոնական դրամատան մէջ` ներառելու համար բոլոր պետական հաստատութիւնները:

«Բարեկարգումի հոլովոյթին մէջ ասիկա հիմնական քայլ է, իսկ կառավարութիւնը կը շարունակէ բարեկարգումի իր քայլերով առաջնորդուիլ: Կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ իր մշակած աշխատանքային ծրագիրին գործադրութեան:

«Մենք ամբողջական ցանկեր ունինք կատարուած եւ կատարուելիք աշխատանքին մասին: Այդ բոլորը կրնանք բացատրել անոր, որ կը փափաքի ճշմարտութիւնը իմանալ, որովհետեւ մեր նպատակն է երկիրը փրկելու իսկական լուծումներու յանգիլ: «Կառավարութիւնը երկրին ազատ տնտեսական համակարգը փոփոխութեան ենթարկելու միտումներ չունի, սակայն պէտք է յստակացնել «ազատ տնտեսական համակարգ» հասկացողութիւնը, որպէսզի երկրին մէջ ազատ մսխումի համակարգը  չշարունակուի, եւ քաոսին վերջ մը դրուի:

«Տնտեսական, ընկերային եւ ապրուստի առումով վարչապետ Տիապ շեշտեց, որ կառավարութիւնը կը շարունակէ առաւելագոյն չափով աղքատ ընտանիքներուն ամսական դրութեամբ նիւթական օժանդակութիւններու յատկացումը` ընդգծելով, որ անոնց թիւը հետզհետէ աճ կ՛արձանագրէ: Ան նշեց նաեւ, որ կառավարութիւնը սկսաւ գործադրել օժանդակութիւն ստացող սննդեղէնի փաթեթի ծրագիրը, որմէ պիտի օգտուին բոլոր քաղաքացիները:

«Վարչապետ Տիապ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն պահպանելու «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ Լիբանանի արձանագրած նուաճումը: Այսօր բոլորէն կը պահանջուի առաւելագոյն չափով զգուշ ըլլալ, որովհետեւ նախազգուշութիւններու անտեսումը երկրին համար կրնայ վտանգաւոր ըլլալ», ըսաւ Ապտել Սամատ:

Ան նշեց, որ կառավարութիւնը Դատական քննչական խորհուրդին մէջ նշանակած է երեք անդամներ` Մարի Ապու Մրատ, Մայա Ֆաուազ եւ Ժատ Մաալուֆ, ինչպէս նաեւ համաձայն գտնուած է առողջապահութեան նախարարութեան մէջ հսկողութիւն կատարող բժիշկներու հետ պայմանագիր ստորագրելու:

Ապտել Սամատ հաստատեց, որ կառավարութեան նիստին ընթացքին փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարար Զէյնա Աքր ներկայացուցած է կառավարութեան բարեկարգումներու գործադրութեան հոլովոյթը, իսկ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթի ներկայացուցած է Իտալիա եւ Վատիկան կատարած իր այցելութեան արդիւնքները:

Նախորդը

«Իր Դժուար Պայմանները Թօթափելէ Ետք Լիբանան Պիտի Վերստանձնէ Իր Բացառիկ Դերակատարութիւնը» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրը Հայաստանի Եւ Արցախի Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?