Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի սկաուտական ֆետերասիոնի մէկ պատուիրակութիւնը, որուն մաս կազմեց նաեւ ֆետերասիոնին մէջ ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցիչ եւ ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վաչէ Նաճարեան:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան բարձր գնահատեց «Քորոնա»-ի համաճարակի ժամանակաշրջանին ֆետերասիոնին եւ սկաուտական միութիւններուն աշխատանքներն ու ճիգերը, յատկապէս գետնի վրայ կամաւոր աշխատանքի եւ նախազգուշական արշաւներ կատարելու առումով:
Ապա նախարար Օհանեան-Գէորգեան պատուիրակութեան հետ քննարկեց սկաուտական կեանքը վերահաստատելու եւ վերակազմաւորելու կարելիութիւնները` երկրին դիմագրաւած դժուարութիւններուն լոյսին տակ:
Նախարար Օհանեան-Գէորգեան ֆետերասիոնէն պահանջեց նախարարութեան ներկայացնել միացեալ չափանիշներու վրայ հիմնուած առաջարկներ` սկաուտական հաւաքները վերսկսելու նպատակով, որպէսզի նախարարութեան ու ֆետերասիոնին միջեւ գործակցութեան հիման վրայ կարելի ըլլայ համապատասխան որոշումներ տալ: