Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Նախկին Վարչապետներ Սաատ Հարիրին Եւ Ֆուատ Սինիորան

July 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ կէսօրէ առաջ ընդունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ նախկին նախարար Ղաթթաս Խուրի, Հարիրիի խորհրդատուներ Հանի Համմուտ եւ Տաուտ Սայեղ, ինչպէս նաեւ պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Հաննա Օլուան եպիսկոպոս եւ Պքերքէի տեղեկատուութեան հարցերու ընդհանուր տնօրէն Ուալիտ Ղայեատ:

Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ Հարիրի ընտանիքին եւ Պքերքէի միջեւ յարաբերութիւնները ամուր են` հաստատելով, որ ինք կառչած կը մնայ այդ յարաբերութիւններուն հեզասահ ընթացքին:

Ան նկատել տուաւ, որ Լիբանան այսօր տնտեսական իր վատագոյն ժամանակաշրջանը կ՛ապրի` աւելցնելով, որ ներկայ իշխանութիւններն ու կառավարութիւնը կը մտածեն երկրին տնտեսական ազատ համակարգը փոփոխութեան ենթարկել:

Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ զբօսաշրջութեան մարզը իր զարգացման գագաթնակէտին հասած էր նախքան իր հօր` նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նահատակութիւնը եւ անկէ ետք մինչեւ 2010 թուական:

Հարիրի ընդգծեց, որ երբ զբօսաշրջութեան մարզը լաւ կ՛ըլլայ` երկրագործութեան եւ ճարտարարուեստի մարզերը, ինչպէս նաեւ օդակայանը ինքնաբերաբար լաւ կ՛ըլլան:

«Դէպի երկրագործութիւն եւ ճարտարարուեստ ուղղուիլը լաւ է եւ օգտակար, սակայն ինչպէ՞ս կարելի է ատիկա կատարել առանց ելեկտրականութեան, ճամբաներու, նաւահանգիստներու եւ օդակայանի», հարց տուաւ ան:

Հարիրի շեշտեց Լիբանանի քաղաքական, ապահովական եւ շրջանային կայունութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ Լիբանան պէտք չէ շրջանային տագնապներու գինը վճարէ, որովհետեւ անիկա երիտասարդութիւնը կը մղէ արտագաղթի եւ անգործութիւն կը ստեղծէ:

Հարիրի ընդգծեց, որ ամերիկեան տոլարին դիմաց լիբանանեան դրամանիշին պաշտօնական սակը կայունացնելու համար կարիքը կայ իսկական բարեկարգում կատարելու:

Անդրադառնալով դատական հաշուեքննութեան հարցին` Հարիրի շեշտեց, որ այդ իմաստով Կեդրոնական դրամատունն ու դրամատուները յանցաւոր պէտք չէ նկատել, որովհետեւ պետութիւնն է, որ 90 միլիառի փոխատուութիւն ստացած է: «Հաշուեքննութեան թիրախը ո՞վ պիտի ըլլայ` փոխատուութիւնը ստացողն ու ծախսո՞ղը, թէ՞ փոխատուութիւնը շնորհողը», հարց տուաւ Հարիրի` աւելցնելով, որ փոխատուութիւնը շնորհողը ստիպուած է, որովհետեւ պետութիւնը կարիք ունի այդ գումարին:

Հարիրի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ կայ վարչակարգի փոփոխութեան կամ վարչակարգի բարեկարգման մարտահրաւէր մը: «Կայ նաեւ շրջանային հսկայական տագնապ մը, որուն գինը մենք սուղ կը վճարենք, սակայն ատիկա չի նշանակեր, որ կարելի չէ տագնապը լուծել», ըսաւ ան:

Հարիրի հաստատեց, որ լուծումները առկայ են, սակայն կառավարութիւնը զանոնք պէտք է տարբեր հայեացքով դիտէ:

Երեկոյեան Ռայի պատրիարքը ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց երկրին մէջ տիրող ընդհանուր իրավիճակը:

Հանդիպումէն ետք Սինիորա զօրակցութիւն յայտնեց անցեալ կիրակի օրուան Ռայի պատրիարքին արտասանած քարոզին` պահանջելով լիբանանեան օրինականութիւնը ազատ արձակել:

Սինիորա հաստատեց Լիբանանի մէջ իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան, քաղաքացիական անվտանգութիւնը պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Լիբանանը տագնապներէ եւ շրջանային ու միջազգային տարբեր առանցքներէ չէզոք պահելու կարեւորութիւնը:

Սինիորա յայտնեց, որ Ռայի պատրիարքին քարոզը օգտակար էր եւ անհրաժեշտ` աւելցնելով, որ պատրիարքին յանձնած է նաեւ իրենց կողմէ Ֆրանչիսկոս պապին յղուած պատգամի մը օրինակը:

 

Նախորդը

«Լիբանանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Բանեցուցած Ճնշումները Պիտի Շարունակուին» Շեշտեց Զասիփքին

Յաջորդը

Լիբանանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Թիւը Հասաւ 2011-ի, Մահուան Պարագաներուն Թիւը Մնաց 36, Իսկ Ապաքինածներուն Թիւը Հասաւ 1368-ի

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.