Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանանի Դէմ Միացեալ Նահանգներու Բանեցուցած Ճնշումները Պիտի Շարունակուին» Շեշտեց Զասիփքին

July 10, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասիփքին հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամերիկեան միջամտութիւններն ու քայլերը պիտի շարունակուին եւ պիտի ընդարձակուին` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի որդեգրած մագլցողական ռազմավարութիւնը յստակ է, անկախ այն իրականութենէն, որ այդ մագլցումին պատճառով ամբողջ ժողովուրդը անօթի կը մնայ կամ երկիրը կը քանդուի:

Զասիփքին ընդգծեց, որ ամերիկեան այս ռազմավարութիւնը կը միտի փոփոխութիւն մը յառաջացնել շրջանային հարցերու եւ շրջանի ճակատագիրին մէջ` երկար ժամանակի վրայ գործադրութեամբ:

«Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու բանեցուցած ճնշումները պիտի շարունակուին, սակայն կարեւորը այդ չէ, այլ` անոր դէմ Լիբանանի տալիք պատասխանը եւ անոր հանդէպ ցուցաբերուելիք լիբանանեան վարուելակերպը», ըսաւ ան:

Զասիփքին հաստատեց, որ լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերն ու հոսանքները պէտք է մերժեն ամերիկեան մագլցումները, որովհետեւ անոնք լիբանանցիներուն կը սպառնան:

Ան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական կողմերը պէտք է նուազագոյն միասնականութիւնը եւ հասարակ յայտարարը ունենան Լիբանանի նկատմամբ, «իսկ «յեղափոխականներն» ու կարգ մը քաղաքական ուժեր պէտք է մերժեն նիւթական այն օժանդակութիւնները, զորս ստանալու փոխարէն անոնք կը պահանջեն Հըզպալլան ապազինել», աւելցուց ռուս դեսպանը:

Զասիփքին նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ պատժամիջոցներ կ՛որդեգրեն` հասնելու համար իրենց փափաքին, հետեւաբար ամերիկեան ուղեգիծը գոհացնելը սխալ ուղի կը նկատուի, որովհետեւ Լիբանանի մէջ կան կարմիր գիծեր, որոնց շրջանցումը կը նշանակէ սադրանքի մէջ ներքաշուիլ:

«Այս պատժամիջոցներէն եւ ճնշումներէն պաշտպանուելու միակ ձեւը լիբանանցիներուն միասնականութեամբ եւ իրենց ինքնուրոյն կարողութիւնները բարելաւելով կարելի է ապահովել», յայտնեց Զասիփքին:

Ան նշեց, որ ինք չի նախատեսեր Հըզպալլայի եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի մը բռնկումը, որովհետեւ բոլոր կողմերը կը մերժեն այդ պատերազմը: «Միացեալ Նահանգները, Իրանը, Հըզպալլան եւ Իսրայէլը չեն փափաքիր, որ այս փուլին միջինարեւելեան շրջանին մէջ պատերազմ մը բռնկի», եզրափակեց Զասիփքին:

 

Նախորդը

Տեսակէտ. Ուշադի՛ր

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Նախկին Վարչապետներ Սաատ Հարիրին Եւ Ֆուատ Սինիորան

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.