Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան:
«Էլ.Պի.Սի.Այ.» պատկերասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն համաձայն, Պըրրի-Շիա հանդիպումին քննարկուած է Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմաններու թղթածրարը շարժելու հարցը:
Ըստ նոյն տեղեկութիւններուն, հանդիպումին քննարկուած է նաեւ Իրանի վրայ կիրարկուած պատժամիջոցներէն Լիբանանի համար բացառութիւններ կատարելու պարագան, ինչպէս որ եղած է Իրաքի պարագային, պայմանով որ այս գծով լիբանանեան կառավարութիւնը ներկայացնէ Ուաշինկթընի կողմէ ուսումնասիրուելիք դիմում, մանաւանդ եթէ այս բացառութիւնները Լիբանանի օգտին են:
Միւս կողմէ, սակայն, Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Մքքենզի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան Միացեալ Նահանգներու համար կարեւոր գործընկեր է:
Ան ընդգծեց, որ իրենք պիտի շարունակեն զօրակցիլ լիբանանեան բանակին եւ օժանդակել անոր` իբրեւ Լիբանանի կառավարութեան միակ զինեալ ներկայացուցիչը:
Անդրադառնալով Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ գործուող ընդվզեցուցիչ արարքներու բազմապատկումին անդրադարձող հարցումի մը` Մքքենզի յայտնեց, որ յստակ է, թէ Իսրայէլ ապահովական օրինական շահեր ունի` ընդգծելով, որ իրենք կը փափաքին տեսնել այն օրը, երբ Իսրայէլի դէմ անոր դրացի երկիրներէն սպառնալիքներ պիտի չարձանագրուին: