Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Վնասակար Են Այն Լուրերը, Թէ Վատիկանը Հըթթին Իր Մօտ Կանչած Է» Շեշտեց Ֆարիտ Խազեն

July 11, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վատիկանի մէջ Լիբանանի դեսպան Ֆարիտ Խազեն հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Նասիֆ Հըթթիի Լիբանան կատարած այցելութիւնը շատ կարեւոր էր` աւելցնելով, որ անիկա արդիւնք էր Լիբանանի մէջ պապական նուիրակին եւ Վատիկանի լիբանանեան դեսպանատան ճիգերուն:

Ան հաստատեց, որ օրական դրութեամբ կապ եւ գործակցութիւն կայ Վատիկանի պատասխանատուներուն հետ, որովհետեւ Վատիկանն ու յատկապէս Պապը յատուկ գուրգուրանք կը ցուցաբերեն Լիբանանի հանդէպ:

«Հետեւաբար, երկկողմանի յարաբերութիւններուն հետեւելու իմաստով օրական դրութեամբ իմ թափած ճիգերս անբաւարար են, եւ այդ առումով Լիբանանի պատասխանատուները եւս կը կապուին մեզի` նկատի ունենալով Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ սերտ յարաբերութիւնները», ըսաւ ան:

Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ Իտալիոյ եւ Վատիկանի մէջ Հըթթիի ունեցած հանդիպումները շատ դրական էին` աւելցնելով, որ Վատիկանի մէջ Հըթթիի ունեցած քննարկումները կեդրոնացան Լիբանանի օժանդակութեան կարելիութիւններուն վրայ:

«Սակայն այն լուրերը, թէ Վատիկանը Հըթթին իր մօտ կանչած է` կը վնասեն Լիբանանին, անոր շահերուն, ինչպէս նաեւ Լիբանանի եւ Վատիկանի միջեւ յարաբերութիւններուն», ըսաւ Խազեն:

 

Նախորդը

«Ա 321 Նէօ» Տիպի Առաջին Օդանաւը Հասաւ Լիբանան

Յաջորդը

Հարիրի. «Լիբանանի Մէջ Որոշ Անկայունութիւն Մը Պիտի Վկայենք, Սակայն Կը Կասկածիմ, Որ Երկիրը Սովի Մատնուի»

RelatedPosts

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք.  Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ  Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ  Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունի Հետ Իր Հանդիպումէն Ետք. Սալամ. «Կը Զգուշացնեմ Լիբանանը Օտարերկրեայ Շահերուն Ծառայելու Համար Որեւէ Նոր Անօգուտ Արկածախնդրութեան Մէջ Ներքաշելէ»

November 5, 2026
Հըզպալլա Կը Հերքէ
Լիբանանեան

Հըզպալլա Կը Հերքէ

November 5, 2026
Շենքըր. «Լիբանանեան Բանակին Ամերիկեան  Աջակցութիւնը Պիտի Շարունակուի, Եւ Հաւանական Է,  Որ Անոր Ամսականները Ծոցէն Վճարուին»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանը Իրան-Միացեալ Նահանգներ Ճակատումին Մէջ Ներքաշելու Որոշումը Հըզպալլայի Ձեռքն Է»

November 5, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.