Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մըքքենզի Շեշտեց Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնը Պաշտպանելու Կարեւորութիւնը

July 9, 2020
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Միացեալ Նահանգներու զինեալ ուժերու կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Քենեթ Մքքենզին, ընկերակցութեամբ` Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիայի եւ ամերիկեան դեսպանատան զինուորական կցորդ Ռոպըրթ Մէյնի:

Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն դրուատեց ռազմական փորձերու եւ զինումի առումով լիբանանեան եւ ամերիկեան բանակներուն միջեւ գործակցութիւնը` յոյս յայտնելով, որ Լիբանանի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ զինուորական գործակցութիւնը կը զարգանայ:

Նախագահ Աուն դրուատիքով անդրադարձաւ ահաբեկչական շարժումներուն դէմ մղուած «Բարձունքներու արշալոյս»-ը գործողութեան ընթացքին ամերիկեան բանակին կողմէ լիբանանեան բանակին տրամադրուած օժանդակութիւններուն` հաստատելով, որ լիբանանեան բանակը յաջողած է կազմաքանդել նաեւ ահաբեկչական քնացած բջիջները, որոնց հետապնդումը մնայուն է:

Իր կարգին, Մըքքենզի հաստատեց, որ ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը կը շարունակէ զօրակցիլ լիբանանեան բանակին, որ կը պաշտպանէ Լիբանանի անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը:

Ան շեշտեց, որ մարտական եւ ռազմափորձերու մակարդակներով լիբանանեան բանակին կարողութիւններն ու յատկանիշները բացառիկ են` ընդգծելով, որ անոնց մակարդակը բարձր կը մնայ, եւ անոնք կ՛ամրապնդուին մնայուն ռազմափորձերով:

Մքքենզի շեշտեց Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը պաշտպանելու կարեւորութիւնը:

Պըրրիի Մօտ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ընդունեց Մքքենզին եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

Վարչապետարանին Մէջ

Վարչապետ Հասսան Տիապ ընդունեց Մքքենզին, ընկերակցութեամբ` ամերիկեան պատուիրակութեան:

Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւններն ու լիբանանեան բանակին տրամադրուած ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնները:

Մքքենզի այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի, որուն հետ քննարկեց ամերիկեան եւ լիբանանեան բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:

ՆՇԵՆՔ, որ մինչ Մքքենզի կ՛այցելէր Լիբանանի իշխանութեան պետերուն, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ կը կատարէր յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Հըզպալլան կը նկատէր ահաբեկչական կազմակերպութիւն եւ կոչ կ՛ուղղէր բոլոր երկիրներուն, զայն ահաբեկչական որակեն:

Փոմփէօ հաստատեց նաեւ, որ Միացեալ Նահանգներ ամէն ջանք ի գործ կը դնեն Հըզպալլայի պատասխանատուներուն դէմ պատժամիջոցներ պարտադրելու, ինչպէս նաեւ կը խոստանան օժանդակել Լիբանանին` դուրս գալու իր տագնապէն: «Կը մերժենք, որ Լիբանան Իրանի հետեւորդ երկրի վերածուի», ըսաւ ան:

Յայտնենք, որ ցուցարարներ նստացոյց կատարեցին օդակայանի ճամբուն վրայ` իբրեւ բողոք Մըքքենզիի Լիբանան այցելութեան:

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Ժոմպլաթի

Յաջորդը

Յունաստանի Խորհրդարանը Վաւերացուց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Համապարփակ Եւ Ընդլայնուած Գործընկերութեան Համաձայնագիրը

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.