Ասմար Կոչ Ուղղեց Հատուցելու Սեփական Մարզի Պաշտօնեաները Եւ Զօրակցելու Պետական Հիւանդանոցներուն
Առողջապահական եւ պաշտօնական խորհուրդներուն կողմէ երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգելու լոյսին տակ, Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմար երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան բոլոր կառոյցներուն եւ նախարարութիւններուն` Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան, Տնտեսական խորհուրդներուն եւ քաղաքացիական ընկերութեան հետ գործակցելու: Ասմար յայտնեց, որ այդ գործակցութեան նպատակը պիտի ըլլայ գտնել գործիքակազմ մը, որուն հիման վրայ կարելի պիտի ըլլայ հատուցել սեփական մարզի պաշտօնեաներն ու սարակները, որոնք...


















