Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Վարչապետ Հարիրիին` Վերջ Տալու Տեղքայլին Եւ Խորհրդակցելու Նախագահ Աունի Հետ

January 20, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հզօր Լիբանան համախմբումը երէկ կէսօրէ ետք գումարեց իր ընթացիկ նիստը` առցանց տարբերակով եւ նախագահութեամբ համախմբումի նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի:

Նիստին աւարտին հրապարակուեցաւ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ համախմբումը յոյս կը յայտնէ, որ ժամանակը հասած ըլլայ երկար սպասուած կառավարութեան ծնունդին:

«Կոչ կ՛ուղղենք նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին` վերջ տալու տեղքայլին եւ խորհրդակցելու հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հետ, բարեկարգումի կառավարութիւն մը կազմել կարենալու` Ազգային ուխտին եւ երկրին սահմանադրութեան հիման վրայ:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ Միջին Արեւելքի մէջ արձանագրուած զարգացումներուն լոյսին տակ լիբանանցիները յստակ եւ միասնական ազգային կեցուածքներ ձեւաւորեն` Լիբանանը պաշտպանելու համար որեւէ ցնցումէ, բաժանումէ կամ այս կամ այն համաձայնութեան մաս կազմելէ:

Համախմբումը անհրաժեշտ նկատեց, որ բարեկարգումի օրէնքներուն մշակումն ու փտածութեան դէմ պայքարի օրէնքներու վաւերացումը խորհրդարանին համար առաջնահերթութիւն ըլլան: «Առաջնահերթութիւն պէտք է ըլլայ յատկապէս լիբանանցիներուն պահ դրած գումարները, ինչպէս նաեւ իւրացուած պետական գումարները Լիբանան վերադարձնելու հոլովոյթին կամ գործիքակազմին ճշդումը: Այս շրջագիծին մէջ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք սերտելու համար խորհրդարան ներկայացուցած մեր բոլոր օրինագիծերը, ինչպէս նաեւ պիտի ամբողջացնենք մեր երեսփոխաններուն կողմէ այլ օրինագիծերու մշակումը, որպէսզի կարենանք խորհրդարանին եւ երեսփոխանական այլ պլոքներու հետ հետապնդել այդ օրինագիծերուն վաւերացումը», նշուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:

 

 

Նախորդը

Ալիեւ Արցախի Մէջ «Նախագահի Յատուկ Ներկայացուցիչներ»-ու Նշանակման Հրամանագիր Ստորագրած Է

Յաջորդը

Լիբանան Կ՛ուղղուի Ամբողջական Փակումը Երկարաձգելու Քայլեր Որդեգրելու

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.