Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մինչ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Եւ Մահացածներուն Թիւը Կը Բարձրանայ` Լիբանանի Ամբողջական Փակումը Կը Շարունակուի

Յունուար 16, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter
11 Օրուան Փակումը Անբաւարար Նկատող Յայտարարութիւններ Եւս Շրջանառութեան Մէջ Դրուած Են

Լիբանանի մէջ ամբողջական փակումը երկրորդ օրն ըլլալով շարունակուեցաւ` յաւելեալ ամայութեամբ սառեցնելով ամբողջ երկիրը:

Ամբողջական փակումին յանձնառու քաղաքացիները շարունակեցին բնակարանային իրենց մեկուսացումը` հետեւելով այնպիսի լուրերու, որոնք հետզհետէ կացութեան բարդացումին եւ վատթարացումին մասին կը խօսէին:

Կենսաբանութեան գիտահետազօտող Ֆատի Ապտել Սաթեր հարցազրոյցի մը մէջ հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուած նոր վարակակիրներուն 60 առ հարիւրը կը կրեն «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակը` դիտել տալով, որ իրենց տարրալուծարանային աշխատանքը կատարուած է այնպէս, ինչպէս բրիտանականը, եւ յստակ է, որ «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակն է, որ կը տարածուի:

Ան յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակին մասին առողջապահութեան նախարար Համատ Հասանի կատարած յայտարարութենէն առաջ արդէն իսկ Լիբանանի մէջ 10 պարագայ արձանագրուած էր:

Ան նշեց, որ «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակին վտանգը կը գտնուի այն իրականութեան մէջ, որ ան շատ արագ կը փոխանցուի եւ կը տարածուի:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու եւ մահացածներու նոր թիւերը կրող յայտարարութիւն մը, ըստ որուն, արձանագրուած են 6154 նոր վարակուածներ եւ մահացած 44 ուրիշներ:

Առողջապահութեան հարցերու խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ամբողջական փակումի որոշումի ընդառաջումի համեմատութիւնը ողջունելի է` աւելցնելով, որ Լիբանան կրնայ այս մութ փապուղիէն դուրս գալ:

Արաժի նշեց, որ ամբողջական փակումը իր դրական անդրադարձը պիտի ունենայ «Քորոնա» ժահրի տարածումը զսպելու իմաստով:

Ան նշեց, որ Լիբանան ոչ մէկ պատուաստ վեթոյի ենթարկելու տրամադրութիւն ունի, եթէ տուեալ պատուաստը միջազգայնօրէն  վաւերացուած է:

Յանձնախումբի անդամ երեսփոխան Ալի Մըքտատ իր կարգին յայտնեց, որ վերջին քանի մը օրուան ընթացքին Լիբանանի մէջ կատարուած «Փի. Սի. Ար.»-ի քննութիւններուն 50 առ հարիւրին արդիւնքը ցոյց տուած է «Քորոնա» ժահրի նոր տեսակի մը գոյութիւնը` աւելցնելով, որ նոր ժահրը աւելի արագ եւ աւելի վտանգաւոր տարածուող տեսակն է:

«Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու լիբանանեան ազգային շտապի անդամ Ապտել Ռահման Պըզրի յայտնեց, որ «Ֆայզըր» ընկերութեան կողմէ երկու միլիոն հարիւր հազար պատուաստ Լիբանան պիտի հասնի 4 փուլերով:

Պըզրի նշեց, որ Ա. փուլը, որ 250 հազար պատուաստ կ՛ընդգրկէ, 7-14 փետրուար 2021-ին պիտի հասնի Պէյրութ:

Պըզրի շեշտեց, որ լիբանանցիները «Քորոնա» ժահրին տարածումը հակակշռելու առումով աւելի լաւ փուլի մը դէմ յանդիման կը գտնուին` աւելցնելով, որ բրիտանական պատուաստները արդէն իսկ պիտի հասնին Լիբանան: «Տակաւին կայ չինական պատուաստի նուիրատուութիւն մը, որ պիտի հասնի Լիբանան: Պատուաստ ներածելու առումով երկխօսութեան մէջ ենք նաեւ ռուսական իշխանութիւններուն հետ, հետեւաբար Լիբանանի ապագան այդքան ալ մութ չէ` «Քորոնա»-ի համաճարակին իմաստով», շեշտեց ան:

Պըզրի նկատել տուաւ սակայն, որ 11 օրուան ամբողջական փակումը անբաւարար է` զգուշացնելով վատագոյն կացութեան հասնելէ:

Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի տնօրէն բժիշկ Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուած մահուան պարագաներուն թիւը մտահոգիչ է` աւելցնելով, որ երկիրը ամբողջութեամբ փակելու իմաստով ցուցաբերուած յանձնառութիւնը քաջալերական է:

Ապիատ ընդգծեց, որ յառաջիկայ երկու շաբաթները Լիբանանի համար շատ ծանր պիտի ըլլան:

Պէյրութի ամերիկեան հիւանդանոցը երէկ երեկոյեան յայտնեց, որ հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունքը արդէն իսկ իր կարողութեան գագաթնակէտին հասած է եւ յաւելեալ պարագաներ չի կրնար ընդունիլ:

Նշենք, որ ելեւմուտքի նախարար Ղազի Ուազնի երէկ ցուցմունքներ տուաւ սեփական հիւանդանոցներուն 67 միլիառ լ. ոսկի տրամադրելու` 2020-ի անոնց յատկացուելիք գումարներուն շրջագիծին մէջ:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ ցաւ յայտնեց, որ Լիբանան վտանգաւոր կացութեան մէջ կը գտնուի` հաստատելով, որ այդ կացութիւնը աւելի վտանգաւոր պիտի դառնայ, որովհետեւ ոմանք տակաւին չեն հաւատար «Քորոնա» ժահրի գոյութեանն:

Ապու Շարաֆ անհրաժեշտ նկատեց քթակապի գործածութիւնն ու ամբողջական փակումը պահպանելը:

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Ուալիտ Խուրի զգուշացուց «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու թիւի յաւելումէն` աւելցնելով, որ երկիրը ամբողջական փակումի ենթարկելու տեւողութիւնը անբաւարար է «Քորոնա» ժահրի տարածումը հակակշռելու իմաստով:

Շտապ օգնութեան գերագոյն խորհուրդի պետ Մոհամետ Խէյր երէկ այցելեց Քասքասի մէջ տեղադրուած եգիպտական դաշտային հիւանդանոցը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ 500 պարագայ կ՛ընդունի` համապատասխան քննութիւնները կատարելով եւ պէտք եղած դեղորայքը անվճար տրամադրելով անոնց:

Խէյր կոչ ուղղեց Պէյրութի բնակիչներուն ուղղուելու այդ հիւանդանոցը եւ օգտուելու անոր տրամադրած ծառայութիւններէն:

Խէյր շնորհակալութիւն յայտնեց վարչութեան, բժիշկներուն եւ հիւանդանոցի անձնակազմին, ինչպէս նաեւ Եգիպտոսի Հանրապետութեան` լիբանանցի ժողովուրդին եւ յատկապէս Պէյրութի բնակչութեան իրենց տրամադրած ծառայութիւններուն համար:

Տիապ Եւ Աքըր Հետեւեցան «Քորոնա»-ի Համաճարակին Դէմ Պայքարող Լիբանանեան Շտապի Աշխատանքներուն

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ ընկերակցութեամբ փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըրի, նախարարաց խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար, դատաւոր Մահմուտ Մաքքիէի եւ իր խորհրդատուին` Խտըր Թալեպի, այցելեց «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարող լիբանանեան շտապին գրասենեակը` հետեւելու համար անոր աշխատանքներուն:

«Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարող լիբանանեան շտապի պետ հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար ընդհանուր ներկայացում մը կատարեց շտապին կատարած գործունէութեան մասին:

Այցելութեան լոյսին տակ Տիապ ողջունեց շտապին հսկայական ճիգերը` շտապի անդամները կոչելով անծանօթ զինուորներ:

Ան ընդգծեց, որ լիբանանեան միասնականութեան կարիք կայ` երկիրը բացթողումներէ փրկելու համար:

«Պէտք է միասնականութեամբ դիմագրաւենք Լիբանանին սպառնացող այս դժուար փուլը», ըսաւ ան:

Տիապ հաստատեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակը պիտի սկսի 400 հազար լ. ոսկիի գումարները բաշխել` հաստատելով, որ այդ օժանդակութենէն պիտի օգտուին աւելի քան քառորդ միլիոն ընտանիքներ, այսինքն` մէկուկէս միլիոն հոգի:

Տիապ նշեց, որ նիւթական այդ օժանդակութիւնը բաշխելու համար մէկ ամսուան կարիք կայ:

Իր կարգին, Աքըր բարձր գնահատեց շտապին ջանքերը եւ մաղթեց, որ Լիբանանի դիմագրաւած համաճարակի այս ծանր օրերուն, քաղաքացիները յանձնառու մնան ամբողջական փակումին եւ «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու միջոցներուն:

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Բանակը Ստանձնեց Հասան Զահրան

Յաջորդը

Խորհրդարանը Վաւերացուց «Քորոնա»-ի Դէմ Բժշկական Արտադրութիւններու (Պատուաստներու) Օգտագործումին Վերաբերող Օրինագիծը

RelatedPosts

Վերջին Ժամ.  Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը
Լիբանանեան

Վերջին Ժամ. Իսրայէլ Օդային Բուռն Յարձակումներով Խախտեց Զինադադարի Համաձայնութիւնը

Հոկտեմբեր 17, 2025
Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն. « Լիթանիէն Հարաւ Բանակի Անդամներուն Թիւը Այս Տարեվերջին Պիտի Հասնի Շուրջ 10 Հազարի»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Սալամ Սայտա Այցելեց
Լիբանանեան

Սալամ Սայտա Այցելեց

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?