Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Բանակը Ստանձնեց Հասան Զահրան

Յունուար 16, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան բանակը երէկ Միջազգային կարմիր խաչէն ստանձնեց լիբանանցի հովիւ Հասան Զահրան, որ իսրայէլեան ուժերուն կողմէ առեւանգուած էր երկուշաբթի, 11 յունուար 2021-ին, հարաւային Լիբանանի Պասթրա-Քֆարշուպայի շրջանին մէջ:

Լիբանանեան բանակը այս մասին հետաքննութիւն բացաւ` բացայայտելու համար Զահրան առեւանգելու ծալքերը:

Միւս կողմէ, ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը հրապարակեցին հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Ռաս Նաքուրայի մօտակայքը Հասան Զահրա յանձնուած է լիբանանեան բանակին` աւելցնելով, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերու հրամանատար զօր. Սթեֆանօ Տել Քոլ ճիգ չէ խնայած առեւանգուած հովիւի ազատ արձակումին նպատակով:

Փոխվարչապետի եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Զէյնա Աքըր շնորհակալութիւն յայտնեց լիբանանեան բանակին, ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն եւ Միջազգային կարմիր խաչին` Հասան Զահրան ազատ արձակելու ջանքերուն համար:

Ան նկատել տուաւ, որ իսրայէլեան օդուժին կողմէ լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած ոտնձգութիւնները կը նկատուին ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան խախտում, իսկ լիբանանցի քաղաքացիի մը առեւանգումը մարդկային իրաւունքներու բացայայտ խախտում կը նկատուի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի դէմ բռնարարքները շարունակելու միտում:

Աքըր կոչ ուղղեց միջազգային ընտանիքին, յատկապէս ՄԱԿ-ին` ճնշում բանեցնելու Իսրայէլի վրայ եւ զայն մղելու միջազգային բանաձեւերու գործադրութեան, ինչպէս նաեւ կասեցնելու Լիբանանի եւ լիբանանցիներուն դէմ գործուող մնայուն բռնարարքները:

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Մինչ «Քորոնա» Ժահրով Վարակուածներուն Եւ Մահացածներուն Թիւը Կը Բարձրանայ` Լիբանանի Ամբողջական Փակումը Կը Շարունակուի

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?