Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կ՛ուղղուի Ամբողջական Փակումը Երկարաձգելու Քայլեր Որդեգրելու

January 20, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով Լիբանանի ամբողջական փակումը կը շարունակուի, եւ բոլոր ճիգերը կ՛ուղղուին այդ փակումը աւելի եւս երկարաձգելու ուղղութեամբ:

Այս նպատակով «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարող Լիբանանի պետական շտապը երէկ գումարեց նիստ մը, որուն ընթացքին քննարկեց տիրող ներկայ իրադարձութիւնները:

Շտապի պետ հազարապետ-զօրավար Մահմուտ Ասմար յայտնեց, որ երբ քաղաքացիներուն արտօնութիւն շնորհելու դրութիւնը ստեղծուեցաւ, կարգ մը հարցերու դէմ յանդիման գտնուեցանք, սակայն այսօր իրավիճակը աւելի լաւ է` բացթողումներուն վերջ տալէ ետք: «Կ՛աշխատինք նաեւ այդ կարգաւորումները բարելաւել», ըսաւ ան:

Ասմար նշեց, որ քաղաքացիները օրինազանցութեան հակուած են, սակայն այսօր անոնց պատասխանատուութիւնը եւ ամբողջական փակումին յանձնառու մնալը անհրաժեշտ է:

Ասմար հաստատեց, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն համեմատութիւնը բարձր է, այնպէս ինչպէս է պարագան մահացածներուն համեմատութեան:

Ան նշեց, որ շտապը այսօր կէսօրուան ժամը 1:00-ին դարձեալ նիստ մը պիտի գումարէ եւ յանձնարարութիւն մը պիտի փոխանցէ կառավարութեան:

Ասմար ընդգծեց, որ երկրին ամբողջական փակումը երկարաձգելու որոշումը կը տրուի կառավարութեան կողմէ:

Ասմար հաստատեց, որ շտապը կ՛աշխատի իւրաքանչիւր շրջանի մէջ ապահովել կեդրոններ` հիւանդանոցներուն վրայ բանեցուած ճնշումը նուազեցնելու համար:

Միւս կողմէ, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն Պաշտպանութեան գերագոյն խորհուրդը հրաւիրեց նիստի մը, որ պիտի գումարուի վաղը` հինգշաբթի, 21 յունուար 2021-ի, կէսօրին, Պաապտայի մէջ:

Առողջապահութեան նախարարութեան հրապարակած յայտարարութեան համաձայն, 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են 4359 նոր վարակուածներ եւ 61 մահացածներ:

Տիրող ներկայ կացութեան շրջագիծին մէջ, առողջապահութեան նախարար Համատ Հասան երէկ ընդհանուր դատախազութեան մօտ դատական հարց յարուցեց կառավարական կարգ մը հիւանդանոցներու տնօրէններուն դէմ, իրենց տնօրինած հիւանդանոցներուն կողմէ «Քորոնա»-ի յատուկ բաժանմունք մը չկառուցուելուն պատճառով:

Հասան դատական հարց յարուցեց Կանայի, Հասպայայի, Քապրշմունի եւ Տահըր Պաշեքի հիւանդանոցներուն տնօրէններուն դէմ` հաստատելով, որ անոնք աւելի քան երեք ամիս առաջ ստացած են առողջապահութեան նախարարութեան նիւթական յատկացումները, սակայն մինչեւ օրս զլացած են «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ բուժելու յատուկ բաժանմունք մը կառուցել, յատկապէս «Քորոնա»-ով վարակուածներու վերակենդանացման բաժանմունք մը հիմնել:

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կոչ կ՛ուղղէ բոլորին յանձնառու մնալու բնակարանային մեկուսացումին եւ վերջ տալու խճողուած վայրերու մէջ գտնուելու սովորութեան` ընդգծելով, որ «Քորոնա» համաճարակը ոչ ոք կը խնայէ:

 

Նախորդը

Հզօր Լիբանան Համախմբումը Կոչ Կ՛ուղղէ Վարչապետ Հարիրիին` Վերջ Տալու Տեղքայլին Եւ Խորհրդակցելու Նախագահ Աունի Հետ

Յաջորդը

Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթին Մէջ Կրնայ Զարգացում Մը Արձանագրուիլ` Հասսան Տիապի Ճիգերուն Շնորհիւ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.