Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանցիները Յանձնառու Կը Մնան` Երկրին Ամբողջական Փակումին

Յունուար 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Քորոնա»-ի համաճարակին տարածումը զսպելու նպատակով Լիբանանը ամբողջական փակումի ենթարկելու որոշումը տակաւին ընթացքի մէջ է, եւ լիբանանեան գրեթէ բոլոր շրջաններու փակումին յանձնառութիւնը կը գնահատուի 95 առ հարիւրով:

Ներքին ապահովութեան ուժերու հանրային կապերու գրասենեակի նախագահ գնդապետ Ժոզեֆ Մսալլեմ յայտնեց, որ քաղաքացիներուն կողմէ խախտումները նուազած են` աւելցնելով, որ քաղաքացիները պէտք է իրենց բնակարաններէն դուրս ելլելու մասին մտածեն միայն շտապ պարագաներու ընթացքին:

Ան նշեց նաեւ, որ կարճ ելեկտրոնային նամակներով պահանջուած արտօնութիւնները իրենց կարգին կ՛ուսումնասիրուին` ընդգծելով, որ արտօնութիւն խնդրելու համար շտապ պարագայ պէտք է ըլլայ:

Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ յայտնեց, որ անցնող 24 ժամուան ընթացքին Լիբանանի մէջ արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 3144 նոր վարակուածներ եւ 53 մահուան պարագաներ:

Միւս կողմէ, առողջապահութեան նախարարի պաշտօնակատար Համատ Հասանի տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Հասան ստորագրած է կառավարական եւ սեփական հիւանդանոցներուն կատարուելիք նիւթական յատկացումներու որոշումը, որ կը վերաբերի «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու բուժման:

Նշենք, որ այդ գումարները յատկացուեցան Լիբանանին տրամադրուած Միջազգային դրամատան վարկէն:

Նոյն հաղորդագրութեան համաձայն, Պէյրութի, Պաապտայի, Տահըր Պաշեքի, Պընթ Ժպէյլի, Սայտայի, Թրիփոլիի, Պշարրէի եւ Ապտալլա Ռասիի կառավարական հիւանդանոցները, ինչպէս նաեւ «Սեն Ժորժ», «Մար Եուսեֆ», «Պահման», «Սայիտաթ Մաունաթ» եւ «Տար Ամալ» անձնական հիւանդանոցները իրենց գումարները կրնան ստանձնել Կեդրոնական դրամատունէն:

Առողջապահութեան խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ ներկայիս «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու միջոցներուն գործադրութիւնը մարդասիրական, բարոյական եւ կրօնական պարտաւորութիւն կը նկատուի` պաշտպանելու համար հանրութեան առողջութիւնը:

Ան նկատել տուաւ, որ պետութիւնը պէտք է օժանդակէ համեստ դասակարգին` անոր տրամադրելով նիւթական օժանդակութիւն:

Արաժի հաստատեց, որ յառաջիկայ ամիսներուն ընթացքին «Քորոնա»-ի համաճարակի հարցին լուծումը պիտի ապահովուի` նկատի ունենալով, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստները պիտի հասնին Լիբանան, եւ յառաջիկայ ամսուընէ սկսեալ պատուաստումի աշխատանքը պիտի սկսի:

Իր կարգին, Պէյրութի կառավարական հիւանդանոցի ընդհանուր տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ նշեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ առողջապահական դժուար պարագայ մը` աւելցնելով, որ ամէնօրեայ դրութեամբ հիւանդանոց մուտք գործելու նուազագոյնը 30 պարագայ կ՛արձանագրուի:

Ապիատ գնահատեց լիբանանցիներուն կողմէ երկրի ամբողջական փակումին նկատմամբ ցուցաբերուած յանձնառութիւնը` աւելցնելով, որ հիւանդանոցը կը պատրաստէ կեդրոն մը, ուր պիտի հասնին պատուաստները եւ ցրուուին:

Ապիատ շեշտեց, որ առողջապահութեան նախարարութիւնը պիտի ստանձնէ պատուաստները ցրուելու աշխատանքը:

Բժիշկներու սենտիքայի նախագահ Շարաֆ Ապու Շարաֆ յայտնեց, որ Լիբանանի ամբողջական փակումի ու բնակարանային մեկուսացումի ժամանակաշրջանը պէտք է երկարաձգուի: Ան նշեց, որ 500 բժիշկ երկրէն գաղթած է` տիրող տնտեսական տագնապին պատճառով: Ան նշեց, որ Լիբանանի բժշկական մարմինը 11 բժիշկ կորսնցուցած է` «Քորոնա» համաճարակին պատճառով, իսկ 300 ուրիշներ վարակուած են եւ մեկուսացումի մէջ կը գտնուին:

Պէտք է աւելցնել, որ «Սփինիզ» հանրախանութի ցանցի ընդհանուր տնօրէն Հասսան Իզզէտտին կոչ ուղղեց պատասխանատուներուն վերատեսութեան ենթարկելու հանրախանութները փակելու որոշումը` նկատի ունենալով այդ մարզին վրայ այդ որոշումին ունեցած հետեւանքները:

Նախորդը

Պըրրի. «Կը Մերժենք Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցումը Եւ Կառչած Կը Մնանք Դիմադրութեան»

Յաջորդը

Պուրսայի Հայկական Եկեղեցին Վաճառքի Հանուած Է

RelatedPosts

Քաղաքական Տեղքայլի Եւ Ժողովրդային  Ընդվզումի Մթնոլորտին Մէջ.  Լիբանանցի Պատասխանատուները Կը Փորձեն  «Անմիջական» Քայլերով Կայունացնել Իրավիճակը
Լիբանանեան

Քաղաքական Տեղքայլի Եւ Ժողովրդային Ընդվզումի Մթնոլորտին Մէջ. Լիբանանցի Պատասխանատուները Կը Փորձեն «Անմիջական» Քայլերով Կայունացնել Իրավիճակը

Մարտ 21, 2023
Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը  Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Տնտեսական Տագնապը Կը Շարունակէ Ինքզինք Ամրապնդել

Մարտ 20, 2023
Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները  Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի
Լիբանանեան

Ռայի Պատրիարքը Քրիստոնեայ Երեսփոխանները Հրաւիրեց Հոգեւոր Առանձնացումի Եւ Աղօթքի

Մարտ 20, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In