ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ժորժ Օքէյս երէկ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ 4 օգոստոս 2020-ի սպանդը կրնայ կրկնուիլ` աւելցնելով, որ MSC MASHA 3 չինական նաւը կը պատրաստուի կանգ առնել Լիբանանի նաւահանգիստներէն (Պէյրութ կամ Թրիփոլի) մէկուն մէջ, ուր պիտի պարպէ իր փոխադրած «Սոտիում Սալֆէյտ» քիմիական նիւթը (պայթուցիկ նիւթ), որ աւելի ուշ Լիբանանէն պիտի փոխադրուի Սուրիա:
ՖՐԱՆՍԱՅԻ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող ֆրանսացի զինուորները կը նպաստեն Լիբանանի խաղաղութեան պաշտպանութեան: Ան հաստատեց նաեւ, որ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն ետք ֆրանսացի զինուորներուն ունեցած փրկարար աշխատանքներուն ներդրումն ու յանձնառութիւնը բարձր գնահատումի արժանացած են:
ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ յայտնեց, որ քաղաքական ուժերուն մեծ մասը չեն փափաքիր պայմանագիր ստորագրած ուսուցիչները իրենց աշխատանքներուն վրայ հաստատել, իսկ հեռակայ կարգով ուսուցումը մինչեւ 15 փետրուար պիտի տեւէ:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը 800 լ. ոսկիով սղած է, իսկ մազութինն ու կազինը 500 լ. ոսկի սղած:
ՆՇԱՆԱԿՈՒԱԾ վարչապետ Սաատ Հարիրի Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու դեսպան Համատ Սուէյտ Շամիսին, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Հանդիպումին ընթացքին Հարիրի եւ Շամիսի քննարկեցին Լիբանանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Շամիսի հրաժեշտի այցելութիւն տուաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ կոչ ուղղեց նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիին լիբանանցիներուն բացայայտօրէն խօսելու կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին ծալքերուն մասին` աւելցնելով, որ պէտք չէ ժամանակ վատնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի սահմանադրական իր բոլոր պարտականութիւնները կատարած է` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահի արգելակող խմբակը պէտք է նախաձեռնէ վերջ տալ իր այդ քայլերուն, որպէսզի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը շարունակուի:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հարցով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է զիջին Լիբանանի շահերը ապահովելու համար: Ան ընդգծեց նաեւ, որ երկրին կառավարութիւնը պէտք է հատուցէ աղքատ ընտանիքները, որպէսզի անոնք կարենան ամբողջական փակումին դիմանալ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Մարիօ Աուն յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է զիջումներ կատարէ կառավարութիւնը կազմելու համար, կամ ալ պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա հաստատեց, որ Լիբանանի ամբողջական փակումը շարունակելը շատ անհրաժեշտ է:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ իր անձնական ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը նշանակած է Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչ:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիէն պահանջուածը հրաժարական չէ, այլ` մարտահրաւէրներու դիմակայում:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարեկարգում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ Լիբանան համաձայնութիւններու երկիր է, եւ առանց համախոհութեան կարելի չէ կառավարութիւն կազմել:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ նշանակուած եւ հրաժարած վարչապետներ Սաատ Հարիրիի եւ Հասսան Տիապի մասին յայտնեց, որ Հարիրի նշանակուած է, սակայն չի փափաքիր գործել, իսկ Տիապ կը փափաքի ընթացիկ հարցերու կառավարութեան աշխատանքներուն վերջ տալ:
ԱՌՈՂՋԱՊԱՀԱԿԱՆ հարցերու խորհրդարանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ասեմ Արաժի յայտնեց, որ պատուաստները ժողովուրդին բաժնելու առումով պէտք է նախորդ սխալներէն սորվիլ եւ չարտօնել, որ այդ ծրագիրը ժողովրդային, շուկայական եւ տեղայնական վարուելակերպի ենթակայ դառնայ: Ան շեշտեց, որ 10 օրուան ամբողջական փակումը անբաւարար է:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս ընդգծեց Լիբանանի եւ յատկապէս Սուրի մէջ բժշկական անձնակազմի ջանքերուն անհրաժեշտութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ հաւաքական ուժերով դիմակայել Լիբանանին սպառնացող առողջական տագնապը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութիւնը ուղղակիօրէն առնչուած է հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքին հետ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի ընդհանուր քարտուղար, նախկին երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ Լիբանանի մէջ արձանագրուող ամէնէն վտանգաւոր իրողութիւնը Լիբանանի նաւահանգիստներէն Սուրիա մաքսանենգումն է: «Կը զօրակցինք լիբանանեան բանակին` Լիբանանը պաշտպանելու այս ոճրային եւ քանդիչ վտանգէն», ըսաւ ան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի կը սպասէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կողմէ ներում հայցելու, իսկ նախագահ Աուն կը սպասէ Հարիրիի հրաժարականին: