Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յայտնեց, թէ լիբանանցիներուն միակ փրկութիւնը կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններն են, պայմանով որ անոնք կատարուին ճիշդ ժամանակին:
«Մենք այս համոզումին հասած էինք 2 սեպտեմբեր 2019-ին», ըսաւ Ժահժահ:
Ան շեշտեց, որ մէկ տարի եւ երեք ամիս է արդէն, որ լիբանանցիներուն դէմ ոճիրներ կը գործուին: «Տնտեսութիւնը կը քանդուի, հաստատութիւնները կը փակուին, հայրենիքը կ՛արիւնի, պետութիւնը կը փլուզուի եւ մարդիկ կ՛ապրին ամէն ինչ կորսնցնելու վախով ու սարսափով: Այս բոլորին պէտք է լուծում գտնել եւ Լիբանանին ու լիբանանցիներուն շահերը ապահովել», նշեց Ժահժահ:
Նշենք, որ Հզօր հանրապետութիւն երեսփոխանական պլոքի ընդհանուր քարտուղար Ֆատի Քարամ յայտնեց, որ Ժահժահ մնայուն կապի մէջ է նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ:
Քարամ նկատել տուաւ, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութիւնները առկայ են, որովհետեւ անոնց միջեւ ռազմավարական տարակարծութիւն չկայ: