ԿԱՐԳ մը զինեալներ յարձակում գործած են նախկին երեսփոխան Ասեմ Քանսոյի Հերմելի բնակարանը եւ փորձած գտնել զայն` սպաննելու նպատակով, սակայն անյաջող դուրս եկած են, որովհետեւ ան իր բնակարանին մէջ չէ եղած:
ՂՈՎՄԻ կուսակցութիւնը երէկ կոչ ուղղեց լիբանանեան պետութեան ամէն ջանք ի գործ դնելու` վերադարձնելու համար առեւանգուած լիբանանցի հովիւ Հասան Զահրան, ինչպէս նաեւ վերջ տալու համար Լիբանանի դէմ իսրայէլեան օդուժին գործած ոտնձգութիւններուն:
ՀԻՆԳՇԱԲԹԻԷՆ ուրբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին «Շամ ուինկզ» օդանաւային ընկերութենէն օդանաւ մը առաջին թռիչքով Հալէպի օդակայանէն հասաւ Պէյրութի միջազգային օդակայան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ յայտնեց, որ Լիբանանի ներքին կացութիւնը կարիքը ունի բեկումի` աւելցնելով, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն պէտք է վաւերացնէ կառավարութեան կազմը եւ զայն ուղարկէ խորհրդարան, որուն կը պատկանի կառավարութեան վստահութիւն շնորհելու կամ չշնորհելու որոշումը:
ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանի յայտնեց, որ Լիբանան կը դիմագրաւէ տնտեսական-ելեւմտական հսկայ տագնապ մը, սակայն լիբանանեան պետութեան կարելիութիւնները այդքան ալ սահմանափակ չեն: