Երեսփոխան Բագրատունի Պըրրիի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւններն Ու Այսօրուան Նիստին Վերաբերող Հարցեր
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ այցելեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները ինչպէս նաեւ խորհրդարանի այսօրուան լիագումար նիստին վերաբերող հարցեր: Հանդիպումէն ետք երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ տիրող քաղաքական սառած իրավիճակը, տնտեսական եւ ընկերային աղէտն ու դժուարութիւններու եւ փորձանքներու կուտակումը Այն Թինէ այցելելուս հիմնական պատճառներն են: «Սակայն ցաւ ի սիրտ, եւ հակառակ...




















