Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի. «Կը Մերժենք Պաղեստինցի Գաղթականներուն Բնակեցումը Եւ Կառչած Կը Մնանք Դիմադրութեան»

January 19, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ տեսակապով հետեւեցաւ Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած «Կազայի օրը` Դիմադրութեան խորհրդանիշ» անունը կրող խորհրդարանական միջազգային խորհրդաժողովին` առ ի զօրակցութիւն պաղեստինեան ինթիֆատային:

Այս առիթով իր արտասանած խօսքին մէջ Պըրրի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն իսրայէլեան գոյացութեան հետ յարաբերութիւններու բնականոնացումը` հաստատելով, որ Կազան ուժ է, բարկութիւն եւ մերժում: «Կազա կը դիմադրէ եւ կը մերժէ անձնատուր ըլլալ», ըսաւ ան:

Խորհրդարանի նախագահը շեշտեց, որ Լիբանան այս փուլին կը գտնուի շատ ծանր տագնապի մէջ եւ կը դիմագրաւէ շրջափակում մը ազգային իր սկզբունքներուն, Դիմադրութեան եւ գերիշխանական իրաւունքներուն յանձնառու մնալուն պատճառով:

«Պաշտօնական եւ ժողովրդային դիրքէս մեկնելով կը հաստատեմ, որ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեմ պաղեստինեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդելու:

Լիբանանին եւ լիբանանցիներուն անունով կը մերժեմ Լիբանանի մէջ պաղեստինցի գաղթականներուն բնակեցումը` ի՛նչ անուան տակ, որ ալ ըլլայ ան: Այս առումով կոչ կ՛ուղղեմ միջազգային, արաբական եւ իսլամական խորհրդարանական համադաշնակցութիւններուն` հաստատելու պաղեստինցի ժողովուրդին եւ անոր իրաւունքներուն վերաբերող միջազգային որոշումներուն գործադրութեան անհրաժեշտութիւնը:

Կը զգուշացնենք Կազայի մէջ առողջապահական կացութեան վատթարացումէն` «Քորոնա» համաճարակին տարածումին պատճառով, եւ կը հաստատենք, որ Կազայի մէջ տիրող առողջապահական իրավիճակը աւելի եւս կը բարդանայ անոր դէմ պարտադրուած իսրայէլեան շրջափակումին պատճառով», շեշտեց Պըրրի:

 

Նախորդը

Աքըր Անհրաժեշտ Նկատեց Լիբանանեան Գերիշխանութեան Դէմ Իսրայէլեան Ոտնձգութիւններուն Կասեցումը

Յաջորդը

Լիբանանցիները Յանձնառու Կը Մնան` Երկրին Ամբողջական Փակումին

RelatedPosts

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան  Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ  Միջազգային Ներկայութեան  Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին
Լիբանանեան

Ռաժժի Եւ Մաքենթի ՖԻՆԻՒԼ-ի Առաքելութեան Աւարտէն Ետք Հարաւային Լիբանանի Մէջ Միջազգային Ներկայութեան Անհրաժեշտութիւնը Շեշտեցին

October 28, 2026
Ելեկտրականութեան Մատակարարման  Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք.  Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու  Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Մատակարարման Ժամերը Կրճատելէ Զգուշացնելէն Ետք. Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքը Կոչ Ուղղեց Տահր Պայտարի Պայթուցիկներու Գործը Արդարադատութեան Խորհուրդ Փոխանցելու

October 28, 2026
Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան  Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի  Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ  Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»
Լիբանանեան

Պասիլ. «Յոյսով Եմ, Որ Հըզպալլան Երրորդ Անգամ Ըլլալով Պատերազմի Չի Մասնակցիր, Եւ Անոր Դարձեալ Կոչ Կ՛ուղղենք` Պատերազմին Չմասնակցելու»

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.