Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 18, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի շրջուն ջոկատ մը երէկ առաւօտեան Պաալպեքի Շարաուինա շրջանին մէջ կրակոցի ենթարկուեցաւ` տուեալ շրջանէն գողցուած ինքնաշարժներ գրաւելէ ետք:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար կոչ ուղղեց, որ տեղեկատուութեան մարզը կեդրոնանայ դրական երեւոյթներուն վրայ եւ բաժանում սերմանելու փոխարէն իր շեշտը միասնականութեան վրայ դնէ:

ԳԱՂԹԱԿԱՆՆԵՐՈՒ հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Ղատա Շրէյմ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստները Լիբանան պիտի հասնին մօտիկ ապագային եւ անոնք բաւարար պիտի ըլլան բոլորին:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ լիբանանեան պետութիւնը պէտք է ազգային եւ միջազգային բժշկական հեղինակութիւնները մասնակից դարձնէ` «Քորոնա» ժահրին դէմ ազդու պատուաստները անմիջական կերպով եւ բաւարար քանակութեամբ ապահովելու համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ռուլա Թապըշ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ «Քորոնա»-ի համաճարակէն աւելի վտանգաւոր եւ մահացու հիւանդութիւն մը կայ, եւ անիկա ատելութիւնն է ու անյագ ըլլալու իրականութիւնը:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ֆատի Սաատ յայտնեց, որ Լիբանան այսօր համազօր է իրանեան հրթիռներու մարտկոցի մը, ինչպէս նաեւ Հըզպալլայի ֆինանսաւորումին ծառայող բացատի մը:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի պէտք է Լիբանան վերադառնայ եւ հրաւիրէ մամլոյ ասուլիսի մը` բացատրելու համար կառավարութեան կազմութեան համար իր որդեգրած չափանիշները: Ան հաստատեց, որ Լիբանանի սահմանադրութիւնը յստակօրէն նշած է, թէ կառավարութիւնը կը կազմուի հանրապետութեան նախագահին եւ նշանակուած վարչապետին համագործակցութեամբ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Խաուաժա յայտնեց, որ լիբանանցի քաղաքացին շատ սուղ կը վճարէ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի միջեւ վատ յարաբերութիւններուն գինը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Սլէյման կոչ ուղղեց վաւերացնելու հանգստեան կոչուած ուսուցիչներուն իրաւունքները:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Փիեռ Պու Ասի յայտնեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն եւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի պատասխանատու են կառավարութեան կազմութեան ուշացումին` աւելցնելով, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը կ’ուշանայ իշխանութեան բարիքները իրարու միջեւ բաժնելու հարցերուն պատճառով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Հաժժար հաստատեց, որ պիտի չարտօնեն կազմել այնպիսի կառավարութիւն մը, որուն մէջ նախարարաց խորհուրդի որոշումները արգելակող մէկ երրորդ գոյութիւն ունենայ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի ամէն ջանք ի գործ դրած է, որ Սուրի մէջ կարելի ըլլայ հիւանդանոց մը կառուցել: «Պըրրիի ջանքերով է, որ Կանայի մէջ հիւանդանոց մը կառուցուեցաւ», հաստատեց ան:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Նազիհ Նաժըմ յայտնեց, որ Լիբանանը պիտի չկարենայ առանց կառավարութեան եւ առկայ յամառութեամբ շարունակել` աւելցնելով, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի չհրաժարի: Նաժըմ դիտել տուաւ, որ Հըզպալլա եւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ կը խոչընդոտեն կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը:

ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց լիբանանեան բանակը թիրախ դարձնելու քայլերուն վերջ տալու եւ պատուաստները ներածելու գործիքակազմերուն մասին մտածելու:

ՄԻՒՖԹԻ Հասան Շարիֆէ խստիւ դատապարտեց լիբանանեան բանակին դէմ գրգռութիւնները` հաստատելով, որ լիբանանեան բանակը կայունութեան եւ վստահութեան աղբիւրը կը նկատուի:

 

 

Նախորդը

Ծերակոյտը Պայտընի Երդման Արարողութենէն 1 Ժամ Ետք Պիտի Սկսի Թրամփի Պաշտօնազրկման Հարցով Քննարկումներուն

Յաջորդը

Ժահժահ. «Կեդրոնական Դրամատան Կողմէ Պահ Դրուած Գումարները Պէտք Է Տրամադրել Աղքատներուն»

RelatedPosts

Այցելելով Պէյրութ`  «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը  Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ»  Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պէյրութ` «Զէնքի Մենաշնորհման Մէջ Ձախողիլը Ժխտական Նշան Պիտի Յղէ» Կ՛ըսէ Գերմանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը

Նոյեմբեր 1, 2025
Այցելելով Պքերքէ`  Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները  Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»
Լիբանանեան

Այցելելով Պքերքէ` Սալամ. «Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Տեղի Պիտի Ունենան»

Նոյեմբեր 1, 2025
Աուն. «Այն Տեղեկութիւնը, Թէ Հըզպալլան Մերժած Է  Խուզարկելու Համար Հարաւային Արուարձաններու Մէջ  Դիրքերէն Մէկը Բանակին Մուտք Գործելը Սխալ Է»
Լիբանանեան

Նախագահական Պալատը Կը Յստակացնէ. «Նախագահ Աունի Պլիտայի Վրայ Յարձակումի Շուրջ Կեցուածքը Հրապարակուեցաւ Տեղեկատուութեան Գրասենեակին Կողմէ, Եւ Անոր Կողմէ Որեւէ Այլ Կեցուածք Չարտայայտուեցաւ»

Նոյեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?