
Իսրայէլեան օդուժը երէկ գրեթէ ամբողջ օրուան ընթացքին թռիչքներ գործեց ամբողջ Լիբանանի վերեւ:
Կէսօրուան ժամերուն Պէյրութի եւ Լեռնալիբանանի վերեւ կատարած իր ցած մակարդակի թռիչքներէն ետք ան իր կործանիչներով թռիչքներ գործեց նաեւ Պեքաայի, յատկապէս լիբանանեան արեւելեան եւ արեւմտեան լեռնաշղթաներուն վերեւ: