Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 25, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՏԵՂԵԿԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ նախարարի պաշտօնակատար Մանալ Ապտել Սամատ յայտնեց, որ ինք Ղատա Արիտին նշանակած է Լիբանանի պետական պատկերասփիւռի կայանի տնօրէն: Ան շեշտեց, որ այդ որոշումը օրինական է եւ նախարարին իրաւասութիւններուն մաս կը կազմէ` աւելցնելով, որ այդ որոշումը տուած է հիմնուելով խորհրդատուութիւններու եւ օրէնսդրական խորհուրդին տեսակէտներուն հիման վրայ:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու Հերմելի զօրամասը շաբաթ օր յայտնեց, թէ չորս ձերբակալեալ յանցագործներ փախուստ տուած են Քաայի ոստիկանատունէն` աւելցնելով, որ ոստիկանութիւնը սկսած է որոնողական աշխատանքի` զանոնք վերստին ձերբակալելու համար: Ժամեր ետք Ներքին ապահովութեան ուժերը յաջողեցան ձերբակալել փախուստ տուած յանցագործներէն մէկը, որ քաղաքացիութեամբ սուրիացի էր: Նշենք, որ մնացեալ երեքէն երկուքը սուրիացի են, իսկ մէկը` լիբանանցի:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապուլ Հասան յայտնեց, որ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի երկու ընտրանքի դիմաց կը գտնուի. ան կա՛մ պէտք է հրաժարի իր պաշտօնէն եւ կա՛մ ընդունի կազմել կառավարութիւն մը` հանրապետութեան նախագահին եւ անոր քաղաքական ժառանգորդին պայմաններուն համաձայն: Ան նշեց, որ եթէ իշխանութիւնը իր ընթացքը փոփոխութեան չենթարկէ, ապա Լիբանան տեղքայլի մէջ պիտի մնայ:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Ժորժ Աթալլա յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւնը տակաւին շատ պիտի երազէ հանրապետութեան նախագահի հրաժարականին մասին:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթավերջին գումարեց առցանց արտակարգ նիստ մը` նախագահութեամբ կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլի: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան խորհրդաժողովին օրակարգը` իբրեւ նախապատրաստութիւն 14 մարտի խորհրդաժողովին: Առցանց նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ արտաքին հոգատարութիւնը աւարտած է եւ անկարելի է այդ հոգատարութիւնը ներքին հոգատարութեամբ փոխարինել:

ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Պիլալ Ապտալլա, իր խօսքը ուղղելով Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան, նշեց. «Դուք նման էք յետպատերազմեան շրջանի ճափոնցի զինուորին»:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էլիաս Պու Սաապ յայտնեց, որ պէտք է գիտութեան ու բժշկութեան վստահիլ` աւելցնելով, որ պատուաստումը «Քորոնա»-ի համաճարակին վերջ մը դնելու լուծման սկիզբը կը նկատուի:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ Պիքֆայայի Մար Մխայէլ եկեղեցւոյ մէջ ներկայ գտնուեցաւ Փաղանգաւոր կուսակցութեան Գ. փոխնախագահ Քեմիլ Թաուիլի եւ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով զոհուած բոլոր բժիշկներուն եւ հիւանդապահներուն հոգեհանգստեան արարողութեան:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Սեզար Ապի Խալիլ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատան հաշիւները իրաւական հաշուեքննութեան ենթարկելու շրջագիծին մէջ Հըզպալլա ոչինչ ունի թաքցնելու` շեշտելով, որ Հըզպալլա առաջին օրէն իսկ համաձայն գտնուած է իրաւական հաշուեքննութեան:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս բարձր գնահատեց Լիբանանի մէջ գործող բժշկական անձնակազմերուն ճիգերը: Ան հաստատեց, որ «Քորոնա»-ի համաճարակին դէմ պայքարը կարիքը ունի պետութեան եւ քաղաքացիներուն գործակցութեան: Խրէյս կոչ ուղղեց բոլորին հետեւելու կառավարութեան ճշդած նախազգուշական միջոցներու գործադրութեան:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Զաֆեր Նասեր յայտնեց, որ կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթի դէմ շաբաթավերջին կատարուած յայտարարութիւնները չեն կրնար լիբանանցիին ուշադրութիւնը շեղել երկրին դէմ ներկայ իշխանութեան գործած չարիքներուն իրականութենէն:

ՀՐԱԺԱՐԱԾ երեսփոխան Նաամաթ Աֆրամ յայտնեց, որ լիբանանեան գործարաններու աշխատաւորներուն քսան առ հարիւրը «Քորոնա» ժահրին դէմ դիմադրողականութիւն ունի` նկատի ունենալով, որ անոնք արդէն իսկ վարակուած են այդ ժահրով ու ապաքինած:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սալամէ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն յիշելու իրենց ղեկավարներուն արարքներուն հետեւանքները եւ վերադառնալու իրենց խիղճին: Ան նշեց, որ արտաքին պետութեան մը բացայայտ նուիրում յայտնելը մերժելի է:

ԱԶԳԱՅԻՆ կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումը խստիւ դատապարտեց Համայի վրայ գործուած սիոնական յարձակումները, ինչպէս նաեւ Պաղտատի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի իրականացուցած ահաբեկչական գործողութիւնները:

 

Նախորդը

Իրավիճակի Կայունացման Հրամայականը

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Թռիչքներ Կը Գործէ Լիբանանի Վերեւ

RelatedPosts

Հեռաձայնելով Սալամին`  «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային  Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք»  Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը
Գլխաւոր լուրեր

Հեռաձայնելով Սալամին` «Լիբանանի Կայունութեան Ու Հողային Ամբողջականութեան Կը Զօրակցինք» Կ՛ըսէ Քաթարի Վարչապետը

November 4, 2026
Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող  «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի  Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց
Լիբանանեան

Սուրիա Հոմսի Քարիւղի Զտարանը Թիրախաւորող «Հըզպալլայի Ահաբեկչական Ծրագիր»-ի Ձախողութեան Մատնուիլը Յայտարարեց

November 4, 2026
Պայրագտարեան Ընդունեց  Պատուելի Թերզեանը
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Ընդունեց Պատուելի Թերզեանը

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.