Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պիլ Շահին. «Փտածներուն Հեռացումը Նախապայման` Լիբանանի Օժանդակութեան»

January 22, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Լիբանանեան ծագումով ամերիկացի իրաւաբան Պիլ Շահին, որ մտերիմ է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ, հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Պայտըն անձնաւորութիւն մըն է, որ կը փափաքի գործակցիլ պարկեշտ, պատասխանատու եւ աշխատասէր մարդոց հետ: «Ան կ՛ատէ փտածութիւնը, ուր եւ որ երկրին մէջ, որ ալ ըլլայ անիկա», ըսաւ Շահին:

Ան աւելցուց, որ Պայտըն կը փափաքի իր երկրին եւ աշխարհին համար կատարել այն, ինչ որ ճիշդ է եւ օգտակար: Նկատի ունենալով այս տուեալը եւ Լիբանանի օժանդակութեան կարիքը, ապա ճիշդ ձեւը պիտի ըլլայ այն, որ փտածները հեռանան իշխանութենէն: «Այսինքն` փտածներու հեռացումը լիբանանեան իշխանութիւններէն պիտի ըլլայ նախապայմանը Միացեալ Նահանգներու կողմէ Լիբանանի օժանդակութեան», ըսաւ ան:

Շահին յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ բարեկարգումը պէտք է իրականացուի` աւելցնելով, որ արտաքին երկիրներէ նիւթական օժանդակութեան յատկացումը անօգուտ է: Կառավարական անձնաւորութիւնները պէտք է ըլլան մարդիկ, որոնք իրենց երկրին եւ ժողովուրդին հանդէպ հոգատար են: Եթէ Պայտընին նայինք, ապա պիտի տեսնենք, որ Միացեալ Նահանգներու պատմութեան մէջ ան ամէնէն աղքատ նախագահն է, որովհետեւ ան կը մերժէ դրամի փոխարէն օրինազանցութիւն կատարել: «Լիբանանի պարագային, պէտք է հոն խաղաղութիւն հաստատուի եւ ժողովրդավարութիւն, իսկ առաջնահերթութիւնը պէտք է տրուի լիբանանցիներուն եւ ոչ թէ լիբանանեան քաղաքական անձնաւորութիւններուն», հաստատեց ան:

Շահին ընդգծեց, որ փտածութեան դէմ պայքարը կարելի չէ սկսիլ բոլորը հաշուետուութեան կանչելով, այլ` յստակ մէկ պատասխանատուէ մը կամ ղեկավարէ մը: Հազար մղոննոց ճամբան մէկ քայլով կը սկսի, եւ հերթաբար կարելի է թօթափել փտածութիւնը:

«Պատասխանատուութիւնը կ՛իյնայ լիբանանցիներուն վրայ, որոնք պէտք է որոշեն փոփոխութիւն կատարել: Լիբանանցիները պէտք է քաջութիւնը ունենան փտած պատասխանատու մը հաշուետուութեան կանչելու եւ հաւատալու, որ կարելի է լիբանանցի նոր սերունդներուն համար հայրենիք մը կերտել», եզրափակեց Շահին:

 

Նախորդը

Պուտայի Մէջ Բանակը Կը Ներխուժէ Թմրեցուցիչի Գործարան Մը

Յաջորդը

Լիբանան Կը Դատապարտէ Պաղտատի Պայթումները

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.