Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ հրապարակեց հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
«Վերջերս շատ են այն վերլուծումները, որոնք կը վերաբերին կառավարութեան կազմութեան առումով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի կեցուածքին, անիկա ներկայացնելով իբրեւ արգելակող խոչընդոտ` կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին: Այդ յօդուածներուն եւ վերլուծումներուն պատասխանելու նպատակով նախագահական պալատը կը յստակացնէ հետեւեալը.
1- Նախագահ Աուն կառավարութեան որոշումները արգելակող մէկ երրորդի բաժին չէ պահանջած` կազմուելիք նախարարաց խորհուրդին մէջ:
2- Շրջանառութեան մէջ են այնպիսի ամբաստանութիւններ, թէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ ուղղակիօրէն կ՛արգելակէ կառավարութեան կազմութիւնը: Մինչդեռ Պասիլ ոչ մէկ ձեւով միջամուխ կը դառնայ այդ հոլովոյթին, իսկ Հզօր Լիբանան համախմբումը այդ մասին քաղաքական իր կեցուածքները կ՛արտայայտէ:
3- Ոմանք համոզուած են, թէ Հըզպալլա նախագահ Աունի վրայ ճնշում կը բանեցնէ` կառավարութեան կազմութեան գծով: Ատիկա բացարձակ անճիշդ տեղեկութիւն է, որովհետեւ Հըզպալլա հանրապետութեան նախագահին վերաբերող ոչ մէկ որոշումի կը միջամտէ, ներառեալ կառավարութեան կազմութիւնը: Հըզպալլա քաղաքական իր կեցուածքները բացայայտօրէն կը յայտարարէ:
4- Ինչ կը վերաբերի նախարարներու նշանակման եւ նախարարութիւններու ճշդումին, ապա ատիկա միայն վարչապետին իրաւասութիւնը չէ` հիմնուելով սահմանադրութեան 53-րդ յօդուածի 4-րդ կէտին եւ 64-րդ յօդուածի 2-րդ կէտին վրայ: Այսինքն` նախագահ Աուն սահմանադրական իրաւասութիւն ունի կառավարութեան կազմին համաձայն գտնուելու, նախքան այդ կազմը վաւերացնելը:
5- Նախագահ Աուն ստիպուած չէ նշանակուած վարչապետը դարձեալ նախագահական պալատ հրաւիրելու, որովհետեւ Պաապտայի պալատը տակաւին կը սպասէ, որ նշանակուած վարչապետը ներկայանայ իրեն հետ ունենալով կառավարութեան կազմ մը, որ սահմանադրութեան հիման վրայ արդար ներկայացուցչութեան չափանիշները կը յարգէ:
Նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը այս տուեալները կը զետեղէ հանրային կարծիքին տրամադրութեան տակ` յուսալով, որ կառավարութեան կազմութեան առումով շրջանառութեան մէջ դրուած մեկնաբանութիւնները, վերլուծումներն ու հերետիկոսութիւնները վերջ կը գտնեն»:
Նշենք, որ նախագահ Աուն երէկ ստորագրեց հրամանագիր մը, որուն համաձայն 50 միլիառ լ. ոսկի պիտի տրամադրուի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն տուժածներուն` իբրեւ հատուցում:
Այդ հատուցումները պիտի բաշխուին լիբանանեան բանակին կողմէ` այն գործիքակազմին հիմամբ, որ մշակուած է բանակին ու Պէյրութի նահանգապետութեան կողմէ, ինչպէս նաեւ հիմնուելով բանակին կողմէ պատրաստած անուանացանկին վրայ, որ կը վերաբերի պայթումէն տուժածներուն: