Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վ. Օհանեան-Գէորգեան. «Արդէն Իսկ Լքուած Ու Փտած Մարզական Կառոյցները Պահեստանոցի Վերածելը Ոճիր Է»

January 22, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ «Քորոնա» ժահրի տարածումին դէմ պայքարելու պետական շտապի նիստին ընթացքին ցաւ յայտնեց մարզական կառոյցներուն պարզած անխնամ վիճակին եւ զանոնք պահեստանոցներու վերածելու իրականութեան համար:

«Բաւարար չէ՞, որ անցեալ տարի եւ մինչեւ օրս մարզական ֆետերասիոնները զրկուեցան իրենց նիւթական օժանդակութիւններէն, որոնք արդէն իսկ նուազագոյնը կը նկատուին` պետութեան մը կողմէ մարզական ոլորտին համար յատկացուելիք գումարներուն իմաստով: Իսկ հիմա մարզական կառոյցները պահեստանոցներու կը վերածուին, որպէսզի անոնց մնացորդա՞ցը եւս քանդուի», հարց տուաւ ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց, որ մարմնակրթութեան մարզը եւ մարզական ոլորտը կ՛ըմբռնէ «Քորոնա»-ի համաճարակին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին լրջութիւնը եւ առողջապահական քայլերուն հետ գործակցելու կարեւորութիւնը, «բայց եւ այնպէս լիբանանեան պետութեան կողմէ արդէն իսկ տարիներ շարունակ լքուած, փտած եւ նորոգութեան չենթարկուած մարզական կառոյցները պահեստանոցի վերածելը ոճիր է», շեշտեց ան:

Վ. Օհանեան-Գէորգեան եզրափակեց. «Այդ արարքին պատասխանատու պետական կառոյցները կը լուսանցքայնացնեն կառավարական այլ կառոյց մը` երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարութիւնը` առանց անոր հետ համադրելու եւ գործակցելու անոր իսկ պատկանող կառոյցները օգտագործելու առումով: Մարզական աւանները կ՛օգտագործուին իբրեւ պահեստանոց, սակայն անոնք պահեստանոցի վերածուելու պայմանները չեն ամբողջացներ` նկատի ունենալով, որ այդ կառոյցները խոնաւութեան հարց ունին եւ նորոգութեան կարիք»:

Նախորդը

Երկրին Ամբողջական Փակումը Երկարաձգուեցաւ Մինչեւ 8 Փետրուար

Յաջորդը

Պարգեւ Արք. Մարտիրոսեան Զերծ Կացուցուեցաւ Արցախի Թեմի Առաջնորդի Պաշտօնէն

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.