Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ նախանցեալ օր ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի ներկայացուցիչ Իան Քիւպիչը, որուն այցելութիւնը ունէր հրաժեշտի բնոյթ:
Քիւպիչ հրաժեշտի այցելութիւններ տուաւ նաեւ նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրիի, հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապի եւ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի:



