Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան երէկ համացանցի «Զում» յաւելուածին ընդմէջէն մարզական ֆետերասիոններուն հետ քննարկեց յառաջիկայ փուլին հեռանկարները:
Առցանց հանդիպումին միացան Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Աքրամ Հալապի եւ ընդհանուր քարտուղար Շարպել Ռըզք, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Ֆրետի Քէյրուզ եւ ընդհանուր քարտուղար Լոր Նասսար եւ նախարարութեան մարմնակրթութեան հարցերու պատասխանատու Մոհամետ Օուէյտաթ:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան մրցաշարքերուն վերաբերող հարցեր, ինչպէս նաեւ արտաքին մրցումները, որոնց շարքին` Պահրէյնի մէջ տեղի ունենալիք Պասքեթպոլի Ասիոյ ախոյեանութեան մրցաշարքը, Ողիմպիական խաղերուն մասնակցելու Լիբանանի կարելիութիւններն ու ծախսերը եւ դահուկարշաւի արդէն իսկ ժամանակաւորապէս փակուած կեդրոններուն տնտեսական վիճակը:
Ֆութպոլի ֆետերասիոնի նախագահը ընդառաջելով Վ. Օհանեան-Գէորգեանի պահանջին նամակ մը յղեց անոր` բացատրելով ֆետերասիոնին պարզած իրավիճակն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները` նկատի ունենալով երկրին ամբողջական փակումը: Ան գրաւոր տեղեկագիրներ ստացաւ նաեւ նշանառութեան, թեքուանտոյի եւ ռակպիի ֆետերասիոններէն:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան յայտնեց, որ այս քննարկումները կը նպատակադրեն ուսումնասիրել իրավիճակը եւ աստիճանաբար պատրաստուիլ 8 փետրուարին յաջորդելիք փուլին, որպէսզի կարելի ըլլայ կառավարութենէն անհրաժեշտ բացառութիւններ պահանջել, եթէ երկրին փակումը պիտի շարունակուի, նոյնիսկ պարբերաբար շարունակուելու պարագային:
Ան հաստատեց, որ որեւէ բացառութիւն պէտք է ուղղակիօրէն կապուած ըլլայ արտաքին գործընթացներու` ազգային խումբերուն կամ իրաւարարներու վերաբերեալ:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան շեշտեց նաեւ, որ դահուկարշաւի կեդրոններուն գծով ինք պիտի գործակցի զբօսաշրջութեան նախարարին հետ, որ իր կարգին կ՛աշխատի մշակել գործիքակազմ մը, որ զուգահեռ կերպով կ՛ապահովէ դահուկարշաւի կեդրոններուն տնտեսական շահերն ու առողջապահական պայմաններուն յանձնառութիւնը:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան եզրափակեց, որ մարզական որեւէ դասաւորում, որ յառաջիկային պիտի որդեգրուի, պիտի հիմնուի առողջապահական պայմանները յարգելու սկզբունքներուն վրայ, յատկապէս ինչ կը վերաբերի ընկերային հեռաւորութեան: