Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տիապ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն Մը Ունեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարին Հետ

Յունուար 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերեսի հետ: Քննարկուեցան Լիբանանի եւ ՄԱԿ-ի համար շարք մը միացեալ հարցեր, ինչպէս նաեւ յօգուտ Լիբանանի ՄԱԿ-ի ի գործ դրած ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ լուծել երկրին տագնապները:

Տիապ դրուատեց Կութիերեսի նախաձեռնութիւնները` Լիբանանի օժանդակութեան նպատակով, եւ ընդգծեց Լիբանանի պետական հիւանդանոցները վերանորոգելու անհրաժեշտութիւնը` «Քորոնա» համաճարակին լոյսին տակ:

Տիապ շեշտեց, որ Լիբանանի տարածքին գտնուող հիւանդանոցները անկարող են «Քորոնա» ժահրով վարակուածները ընդունելու, ինչպէս նաեւ կը կարօտին յաւելեալ վերակենդանացման բաժանմունքներու եւ շնչառական սարքերու: Ան նշեց, որ Լիբանան վերակենդանացման բաժանմունքներու մէջ տեղադրելու համար 200 յաւելեալ անկողինի կարիք ունի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի զօրակցութիւնը` Լիբանանի բնակչութեան պատուաստ ապահովելու իմաստով:

Կութիերես հասկացողութիւն ցուցաբերեց Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան հանդէպ` շեշտելով, որ ՄԱԿ-ի պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէ Լիբանանին օժանդակելու լաւագոյն միջոցները:

Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Տիապ անդրադարձաւ նաեւ Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ իսրայէլեան օդուժի ոտնձգութիւններուն, որոնք կը խախտեն նաեւ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւը:

Տիապ շեշտեց, որ այդ ոտնձգութիւնները ո՛չ միայն խախտումներ են, այլ` Լիբանանին եւ միջազգային ապահովութեան ու խաղաղութեան վտանգ կը սպառնան: Ան ընդգծեց, որ պէտք է անմիջապէս միջամտել` կասեցնելու համար այդ ոտնձգութիւնները:

Անդրադառնալով Լիբանանի յատուկ Միջազգային դատական ատեանին` Տիապ հաստատեց, որ Լիբանան յանձնառու կը մնայ այդ ատեանին, մինչեւ որ ան կարենայ իրեն վստահուած գործը աւարտել:

Տիապ ակնարկեց նաեւ սուրիացի տեղահանուածներուն գոյութեան եւ անոնց ապահով տունդարձին վերաբերեալ Լիբանանի կառավարութեան պատրաստած ծրագիրին: Տիապ ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձը կարելի չէ կապել Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման ապահովումին:

Միւս կողմէ, Տիապ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Գերմանիոյ դեսպան Անտրէաս Քինտըլը, որ ներկայացուց 4 օգոստոսի Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին պատճառով նաւահանգիստին մէջ գտնուող քիմիական նիւթերու մնացորդացի մաքրութիւնը կատարելու եւ այդ մնացորդացը Գերմանիա փոխադրելու մասին մանրամասնութիւններ:

Տիապ շեշտեց, որ ինք յանձնառու է այս պարտականութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կատարելու եւ աւարտելու:

Տիապ Քինտըլէն խնդրեց օժանդակել Լիբանանին` անոր տրամադրելով հիւանդանոցներու վերակենդանացման բաժանմունքներուն մէջ զետեղուելիք անկողիններ, որոնք օժտուած են շնչառական սարքերով` «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու գործածութեան համար:

Տիապ խնդրեց նաեւ, որ Լիբանանին երկու միլիոն յաւելեալ պատուաստ տրամադրուի, որպէսզի Լիբանանի տարածքին ապրող բոլոր քաղաքացիները կարելի ըլլայ պատուաստել «Քորոնա» ժահրին դէմ:

ՆՇԵՆՔ, որ Տիապ շեշտեց նաեւ 16 հոկտեմբեր 2020-ին ստորագրուած «Ուսանողներու յատուկ տոլար»-ի ծրագիրին գործադրութեան կարեւորութիւնը, եւ այս իմաստով նամակ մը յղեց ելեւմուտքի նախարարութեան, որպէսզի Կեդրոնական դրամատան հետ հետեւի այդ ծրագիրին գործադրութեան մանրամասնութիւններուն:

Նախորդը

Լիբանանի Ամբողջական Փակումին Լոյսին Տակ «Քորոնա» Ժահրով Մահացածներուն Թիւը Կը Մնայ Բարձր

Յաջորդը

Ֆահմի Բարձր Գնահատեց Երեսփոխան Բագրատունիի Կեցուածքը

RelatedPosts

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութիւնը Կը Վերահաստատէ Իր Յանձնառութիւնը` Խորհրդարանական Ընտրութիւնները Իրենց Ժամկէտին Կատարելու

Հոկտեմբեր 24, 2025
Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին.  «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»
Լիբանանեան

Նախագահ Աունը` Զօր. Քլիրֆիլտին. «Անհրաժեշտ Է Կեանքի Կոչել «Մեքանիզմ»-ի Յանձնախումբի Աշխատանքը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»
Լիբանանեան

Սալամ. «Կառավարութեան Կողմէ Որդեգրուած Որեւէ Որոշումի Վերաբերեալ Զիջում Չկայ»

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?