Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանան Կը Դատապարտէ Պաղտատի Պայթումները

January 22, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Իրաքի վարչապետ Մուսթաֆա Քազիմիի հետ եւ իր, խորհրդարանին ու լիբանանցի ժողովուրդին անունով դատապարտեց Իրաքի մայրաքաղաք Պաղտատը թիրախ դարձուցած զոյգ պայթումները:

Պըրրի ցաւակցութիւն յայտնեց պայթումին պատճառած զոհերուն համար, իսկ վիրաւորներուն մաղթեց ապաքինում:

Պըրրի նոյնանման հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Իրաքի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա սէյիտ Ալի Սիսթանիի ներկայացուցիչ հաժ Համետ Խաֆաֆի հետ:

Իր կարգին, հրաժարած վարչապետ Հասսան Տիապ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ Քազիմիի հետ եւ դատապարտեց Պաղտատի մէջ արձանագրուած պայթումները, որոնք պատճառեցին զոհեր եւ վիրաւորներ:

Տիապ կատարեալ զօրակցութիւն յայտնեց Իրաքի կառավարութեան եւ իրաքցիներուն` ցաւակցութիւն յայտնելով Քազիմիի, Իրաքի կառավարութեան եւ իրաքցիներուն` արձանագրուած զոհերուն համար, եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթելով վիրաւորներուն:

Արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու նախարարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պաղտատի մէջ երէկ արձանագրուած պայթումները խստիւ դատապարտելի են:

Հաղորդագրութեան մէջ դատապարտուեցան ահաբեկչական այդ արարքները, որոնք թիրախ դարձուցած էին քաղաքայինները` խախտելով իրաքցի ժողովուրդին ապահովական կայունութիւնն ու բարգաւաճման հեռանկարները:

Արտաքին գործոց նախարարութիւնը ամբողջական զօրակցութիւն յայտնեց Իրաքի կառավարութեան ու ժողովուրդին, ինչպէս նաեւ ցաւակցութիւն յայտնեց արձանագրուած զոհերուն համար եւ ապաքինում մաղթելով բոլոր վիրաւորներուն:

 

 

Նախորդը

Պիլ Շահին. «Փտածներուն Հեռացումը Նախապայման` Լիբանանի Օժանդակութեան»

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Պայտընը

RelatedPosts

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ  Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց  Արամ Ա. Կաթողիկոսին
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօրավար Ժոզեֆ Աուն Այցելեց Արամ Ա. Կաթողիկոսին

October 6, 2026
Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան  Թղթածրարին Արմատական Լուծում  Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Պըրրի Սալամի Հետ Քննարկեց Ելեկտրականութեան Թղթածրարին Արմատական Լուծում Գտնելու Անհրաժեշտութիւնը

October 6, 2026
Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի  Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»
Լիբանանեան

Սալամ. «Իսրայէլեան Հեռացումը Զէնքի Յանձնման Գործողութեան Չկապեցինք»

October 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.