Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունուար 23, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ ուժերու բանբեր Աւիխայ Ատրահի յայտնեց, որ իսրայէլեան ուժերը վար առած են անօդաչու թռչող սարք մը, որ խախտած է լիբանանեան գերիշխանութեան սահմանները: Ան հաստատեց, որ իսրայէլեան ուժերը պիտի արգիլեն Իսրայէլի գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն նկատուող որեւէ արարք:

ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Միշել Նաժժար յայտնեց, որ նախարարութիւնը պիտի արտօնէ, որ MSC MASHA 3 չինական նաւը կանգ առնէ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ, սակայն պիտի արգիլէ, որ անոր մէջ գտնուող «Սոտիոմ Սալֆէյտ» քիմիական նիւթը (պայթուցիկ նիւթ) փոխադրող բեռնարկղերը նաւահանգիստ տեղափոխուին, իսկ մնացեալ բեռնարկղերը պիտի ենթարկուին ստուգումի` լիբանանեան բանակին եւ մաքսատան կողմէ: Իր կարգին, ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի յայտնեց, որ ինք մաքսատան գերագոյն խորհուրդին թելադրած է MSC MASHA 3 նաւուն ապրանքները տեղափոխել նաւահանգիստ, բացի «Սոտիոմ Սալֆէյտ» քիմիական նիւթը պարունակող բեռնարկղերէն:

ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան հաստատեց, որ Իրաքի մէջ արձանագրուած զոյգ պայթումները գործուած են սիոնական ցուցմունքներով գործող ահաբեկչական աւազակախումբերու կողմէ: Ան կոչ ուղղեց իրաքցիներուն կառչած մնալու իրենց ազգային միասնականութեան եւ Իրաքէն վտարելու երկիրը բռնագրաւած ամերիկեան ուժերը:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքը գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն ընթացքին հաստատեց, որ երկրին մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը աշխուժացնելու արտակարգ քայլերու կը կարօտի, որպէսզի կարելի ըլլայ տնօրինել հայրենիքին եւ քաղաքացիներուն հարցերը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահը անմիտ ըլլայ թէ ուշիմ, միակ օգտուողը պիտի ըլլայ Իսրայէլը, որովհետեւ ամերիկացի նախագահները կը գործեն ի խնդիր Իսրայէլի շահերուն ապահովումին:

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ ինք հանդիպած է ընդհանուր դատախազ Ղասսան Օուէյտաթի հետ եւ անոր բոլոր հարցումներուն պատասխանած է` նկատել տալով, որ Օուէյտաթի հարցումները Զուիցերիոյ ընդհանուր դատախազին կողմէ ուղղուած էին Սալամէի: Սալամէ հաստատեց, որ Կեդրոնական դրամատունէն կամ անոր պիւտճէէն ոչ մէկ նիւթական փոխանցում կատարուած է` աւելցնելով, որ ինք միշտ պատրաստ է պատասխանելու Օուէյտաթի հարցումներուն:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Վաչէ Նաճարեանի Դամբանականը` Պատրիկ Կիւլպէնկեանի Յուղարկաւորութեան

Յաջորդը

Քիւպիչի Հրաժեշտի Այցելութիւնները

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?