Լիբանանեան

Կրիօ Թրիփոլիի Եւ Անոր Շրջակայքին  1,1 Միլիոն Եւրոյի Օժանդակութիւն Տրամադրեց

Կրիօ Թրիփոլիի Եւ Անոր Շրջակայքին 1,1 Միլիոն Եւրոյի Օժանդակութիւն Տրամադրեց

Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ յայտնեց, որ Ֆրանսայի կողմէ Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին, յատկապէս Աքքարի կարիքներուն տրամադրած է 1,1 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն` աւելցնելով սակայն, որ արագ օժանդակութեան տրամադրումը բարեկարգումներու համազօր չի կրնար ըլլալ: Կրիօ ընդգծեց, որ Ֆրանսա հաւատարիմ է Լիբանանին եւ անոր կամքը ամուր է` միշտ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին: Միւս կողմէ, Կիներու միջազգային օրուան առիթով Կրիօ լիբանանցի կիներուն յղեց...

Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Եպիսկոպոսները  Կոչ Կ՛ուղղեն Կազմելու Կարողութիւններով  Օժտուած Կառավարութիւն Մը

Յոյն Կաթողիկէ Համայնքի Եպիսկոպոսները Կոչ Կ՛ուղղեն Կազմելու Կարողութիւններով Օժտուած Կառավարութիւն Մը

Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն կաթողիկէ համայնքի Եուսեֆ Ապսի պատրիարքը երէկ նախագահեց յոյն կաթողիկէ համայնքի եպիսկոպոսներու նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու եկեղեցական կարգ մը հարցեր: Նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ ներկաները բարձր գնահատեցին Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք կատարած այցելութիւնը` զայն նկատելով իսլամ եւ քրիստոնեայ կրօնները կամրջող փուլ մը, ինչպէս նաեւ դրուատեցին Լիբանան այցելելու պապին պատրաստակամութիւնը: Յոյն կաթողիկէ համայնքի...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութիւնը երէկ հրապարակեց վառելանիւթի նոր սակացոյցը, որուն համաձայն, 98 եւ 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը սղած է 1.300 լ. ոսկիով, մազութը` 1.000 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազին շիշը` 500 լ. ոսկիով: Հետեւաբար 98 օքթան պենզինի թիթեղին սակը եղած է 35.800 լ. ոսկի, 95 օքթան պենզինը` 34.800 լ. ոսկի, մազութը` 24.400 լ. ոսկի, իսկ պիւթակազին շիշը` 25.800 լ....

«Բարկութեան Երկուշաբթի»-ն Զայրոյթի  Շաբթուան Վերածելու «Ջանքեր»-ը Յստակօրէն  Կ՛երեւան Բողոքի Ցոյցերուն Ընդմէջէն

«Բարկութեան Երկուշաբթի»-ն Զայրոյթի Շաբթուան Վերածելու «Ջանքեր»-ը Յստակօրէն Կ՛երեւան Բողոքի Ցոյցերուն Ընդմէջէն

Հզօր Լիբանան Համախմբում. «Կատարուածը Հանրապետութեան Նախագահին Դէմ Յեղաշրջում Է» Ութօրեայ բողոքի ցոյցերուն եւ յատկապէս հրկիզուող անիւներով ճամբաներու փակումին միջոցով կարելի պիտի չըլլար Լիբանանի մէջ տիրող տնտեսական տագնապին լուծումներ ապահովել, փտածութեան վերջ տալ, բարեկարգումներու գործադրութիւնը ապահովել, ինչպէս նաեւ սղաճին չափ ու սահման դնել եւ լիբանանեան դրամանիշին արժէքը վերականգնել: Նախանցեալ օրուան «Բարկութեան երկուշաբթի»-ով աւելի եւս թափ առած բողոքի ցոյցերը կը փաստեն, թէ...

Նախագահ Աուն Ռուշտիին Յանձնեց Նաւթի  Կաթեցումին Մասին Լիբանանի Տեղեկագիրը

Նախագահ Աուն Ռուշտիին Յանձնեց Նաւթի Կաթեցումին Մասին Լիբանանի Տեղեկագիրը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի գործավար Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ անոր յանձնեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ իսրայէլեան նաւթի կաթեցումին մասին Լիբանանի տեղեկագիրը: Նախագահ Աուն Ռուշտիէն պահանջեց, որ թիւ 1701 բանաձեւին մասին Ապահովութեան խորհուրդի 18 մարտի նիստին ընթացքին ներկայացուի նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ իսրայէլեան նաւթի կաթեցումին վերաբերող...

Ապու Տապիի Մէջ .  Հարիրի – Լաւրով Հանդիպում

Ապու Տապիի Մէջ . Հարիրի – Լաւրով Հանդիպում

Նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի   երէկ Ապու Տապիի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ` ներկայութեամբ Միջին Արեւելքի եւ հիւսիսային Ափրիկէի մէջ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ Միխայել Պոկտանովի, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ հարցերով Հարիրիի օգնական Ժորժ Շաապանի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հանդիպումին վերաբերեալ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանդիպումին...

Բանակը Վար Առած Է Իսրայէլեան  Անօդաչու Թռչող Սարքեր

Բանակը Վար Առած Է Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքեր

Լիբանանեան բանակը երկուշաբթի, 8 մարտ 2021-ին կրակ բացած է ու վար առած Մայս էլ Ժապալի եւ Պլիտայի վերեւ թռիչքներ գործած իսրայէլեան անօդաչու սարքեր: Միւս կողմէ, բանակին յատուկ ընկերային ցանցի էջին վրայ տեղադրուեցաւ այս լուրին ընդգրկած լուսանկարը, որուն մէջ յստակօրէն կ՛երեւայ լիբանանցի զինուորը` կանգնած իսրայէլեան հրասայլի մը դիմաց, հարաւային Լիբանանի սահմանին վրայ: Նշենք, որ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի...

Ուեհպէ Շիայի Հետ Քննարկեց Բարեկարգումներու  Գործադրութեան Եւ Փտածութեան Դէմ  Պայքարին Վերաբերող Հարցեր

Ուեհպէ Շիայի Հետ Քննարկեց Բարեկարգումներու Գործադրութեան Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Վերաբերող Հարցեր

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ տարբեր թեկնածութիւններու առումով փոխադարձ զօրակցութեան հեռանկարները: Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու գործադրութեան կարեւորութիւնը եւ  փտածութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը` տնտեսական զարթօնք մը իրականացնել կարենալու համար: Ուեհպէ եւ Շիա ընդգծեցին հարաւային...

Մշարրաֆիէ. «Տեղահանուածներուն Տունդարձը  Ապահովելու Նպատակով Սուրիական Կողմը  Բազմաթիւ Դիւրութիւններ Կ՛ընծայէ»

Մշարրաֆիէ. «Տեղահանուածներուն Տունդարձը Ապահովելու Նպատակով Սուրիական Կողմը Բազմաթիւ Դիւրութիւններ Կ՛ընծայէ»

Ընկերային հարցերու ու զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ նախանցեալ օր վերադարձաւ Լիբանան` աւարտելէ ետք Դամասկոսի մէջ իր ունեցած հանդիպումները, որոնց առանցքը կը կազմէր սուրիացի տեղահանուածները ապահով կերպով Սուրիա վերադարձնելու թղթածրարը: Մշարրաֆիէ հանդիպում մը ունեցաւ Սուրիոյ ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Խալետ Ռահմունի հետ: Քննարկումներուն ընթացքին Ռահմուն ընդգծեց, որ սուրիացի տեղահանուածներուն տունդարձը ապահովելու նպատակով սուրիական կողմը պատրաստ է բազմաթիւ դիւրութիւններ ընծայելու, սկսեալ...

Ռայի Պատրիարքը Իր Այցելուներուն Հետ  Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Ռայի Պատրիարքը Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ հանրապետութեան նախկին նախագահ Ամին Ժեմայէլ, որ հանդիպումին աւարտին յայտնեց, թէ լիբանանեան բանակի հրամանատարին երէկուան յայտարարութիւնները կ՛ամբողջացնեն Ռայի պատրիարքին խօսքերն ու յայտարարութիւնները: «Լիբանանեան բանակի հրամանատարին յայտարարութիւնը խղճի ճիչ մըն էր, եւ մենք կը զօրակցինք անոր` լիբանանեան...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր եւ առաջարկներ: Նիստը պիտի գումարուի ուրբաթ, 12 մարտ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ: ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ Ուսուցչաց տօնին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ուսուցիչը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին մեզի կը պաշտպանէ տգիտութենէ` ամէն տեսակի պատուաստներով: Անոնք...

Բողոքի Ցոյցերը Շարունակուելով Վերածուեցան «Բարկութեան Երկուշաբթի»-ի` Անդամալուծելով Երկիրը

Բողոքի Ցոյցերը Շարունակուելով Վերածուեցան «Բարկութեան Երկուշաբթի»-ի` Անդամալուծելով Երկիրը

Լիբանանեան քաղաքական, տնտեսական, ելեւմտական եւ ընկերային տագնապներուն լուծման ոչ մէկ նշոյլի գոյութեան զուգահեռ, լիբանանեան տարբեր շրջաններուն մէջ երէկ` երկուշաբթի, 8 մարտին, բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան եւ վերածուեցան «Բարկութեան երկուշաբթի»-ի, որ պիտի տեւէ ամբողջ շաբաթ մը: Երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերէն սկսեալ ցուցարարները տարբեր շրջաններու մէջ հրկիզուող անիւներով փակեցին մայրուղիներ, ներքին փողոցներ, հրապարակներ` պահանջելով բարելաւել երկրի պայմանները: Ցուցարարներէն ոմանք կոչ ուղղեցին իշխանութեան` հեռանալու...

Պաապտայի Մէջ .  Ապահովական, Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Բնոյթի Նիստ. Ապահովական Կառոյցներէն Եւ Բանակէն Կը Պահանջուի Արգիլել Ճամբաներու Փակումը

Պաապտայի Մէջ . Ապահովական, Տնտեսական Եւ Ելեւմտական Բնոյթի Նիստ. Ապահովական Կառոյցներէն Եւ Բանակէն Կը Պահանջուի Արգիլել Ճամբաներու Փակումը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական, դատական, տնտեսական եւ ելեւմտական բնոյթի նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ, մեծ թիւով նախարարներ եւ ապահովական կառոյցներու պատասխանատուներ: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն հանդիպում մը ունեցաւ Տիապի հետ: Նիստին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ երկրին մէջ արձանագրուած շարժումները իրենց վտանգաւոր հետեւանքները պիտի ունենան քաղաքացիական եւ ազգային...

Պէյրութի Նահանգապետն Ու Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամները Կը Գուժեն Բժիշկ Սահակ Քէշիշեանի Մահը

Պէյրութի Նահանգապետն Ու Քաղաքապետական Խորհուրդի Անդամները Կը Գուժեն Բժիշկ Սահակ Քէշիշեանի Մահը

Պէյրութի քաղաքապետարանը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ Պէյրութի նահանգապետ դատախազ Մարուան Ապպուտ, Պէյրութի քաղաքապետ Ժամալ Իթանի եւ Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամները խոր վիշտով կը գուժեն Պէյրութի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ, ընդհանուր առողջապահութեան յանձնախումբի նախագահ բժիշկ Սահակ Քէշիշեանի մահը, որ պատահեցաւ «Քորոնա» ժահրին պատճառած բարդութիւններուն պատճառով: «Պէյրութը եւ իր քաղաքապետական խորհուրդը կը կորսնցնեն բժիշկ Սահակ Քէշիշեանը, որ սիրուած բարեկամ...

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Շնորհաւորութիւններ Եւ, Մարտահրաւէրները Ընդունելով, Փոփոխութեան Առաջնորդելու Արշաւ

Կիներու Միջազգային Օրուան Առիթով Շնորհաւորութիւններ Եւ, Մարտահրաւէրները Ընդունելով, Փոփոխութեան Առաջնորդելու Արշաւ

Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը 8 մարտի առիթով միացաւ #ChooseToChallenge համաշխարհային արշաւին եւ այդ առիթով ձեռնարկեց արշաւի մը կոչուած. «Մարտահրաւէրները կ’առաջնորդեն փոփոխութեան - կ’ընտրենք մարտահրաւէրը»: Այս առիթով Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց օդաչու Ռուլա Հըթէյթի, որ քաղաքացիական օդանաւորդութեան մարզին մէջ գործող առաջին եւ միակ կին օդաչուն է: Ազգային խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց Հըթէյթի` անոր գործակցութեան առիթով: Լիբանանի կիներու ազգային խորհուրդը այս...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՍՊԱՌՈՂՆԵՐՈՒ միութեան նախագահ Զուհեր Պըրրօ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն բնակարանները շրջափակելու` հաստատելով, որ հանրախանութներուն մէջ արձանագրուած իրերայաջորդ դէպքերը վտանգաւոր են եւ տխուր: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա կոչ ուղղեց` երկրին մէջ նոր իշխանութիւն ձեւաւորելու` կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդմէջէն: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ զինուորին ստամոքսը պարապ է` աւելցնելով, որ անոր պարտականութիւնը փտած իշխանութեան պաշտպանութիւնը չէ: ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան...

Լիբանանեան Դրամանիշին Արժէքը Կը Շարունակէ  Իր Գահավէժ Ընթացքը, Իսկ Բողոքի  Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Լիբանանեան Դրամանիշին Արժէքը Կը Շարունակէ Իր Գահավէժ Ընթացքը, Իսկ Բողոքի Ցոյցերը Կը Շարունակուին

Ամերիկեան տոլարի սակը կը գտնուի 11.000-ի սեմին, իսկ լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկումին, սղաճին, փտածութեան, տնտեսական տագնապին, անօթութեան ու աղքատութեան դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին: Տարբեր շրջաններու մէջ ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով, հրկիզուող աղբամաններով եւ փայտեայ կազմածներով փորձեցին փակել ճամբաները: Հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակուած շրջաններն էին` Ապտէի հրապարակը, Ուատի Ժամուսը, Տահր էլ Այնը, Փալմայի մայրուղին, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Արամանը, Անֆէի մուտքին`...

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Ամէնէն  Արագ Ժամանակամիջոցին  Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Ռայի Պատրիարքը Կոչ Ուղղեց Ամէնէն Արագ Ժամանակամիջոցին Կառավարութիւն Մը Կազմելու

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան Ս. պատարագին, որուն ընթացքին արտասանեց քարոզ մը` զարմանք յայտնելով, որ տակաւին ոմանք հարց կու տան, թէ ժողովուրդը ինչո՞ւ ընդվզած է: Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը երէկ ընդունեց արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէն, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները: Նշենք, որ Ուեհպէ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ...

Դամասկոսի Մէջ .  Մշարրաֆիէ Քննարկեց Սուրիացի  Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Դամասկոսի Մէջ . Մշարրաֆիէ Քննարկեց Սուրիացի Տեղահանուածներու Տունդարձի Թղթածրարը

Ընկերային հարցերու եւ զբօսաշրջութեան նախարարի պաշտօնակատար Ռամզի Մշարրաֆիէ Դամասկոսի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ Մըքտատի, ներքին գործոց նախարար Մոհամետ Խալետ Ռահմունի, ընկերային հարցերու եւ աշխատանքի նախարար Սալուա Ապտալլայի, կենսոլորտի նախարար Հիւսէյն Մախլուֆի եւ զբօսաշրջութեան նախարար Մոհամետ Ռամի Մարթինիի հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցաւ Լիբանանի մէջ գտնուող սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի թղթածրարը: Մշարրաֆիէ Դամասկոսի մէջ յայտարարեց, որ քննարկած է լիբանանեան-սուրիական...

Ամալ Ապու Զէյտ Հանդիպում Մը  Ունեցաւ Պոկտանովի Հետ

Ամալ Ապու Զէյտ Հանդիպում Մը Ունեցաւ Պոկտանովի Հետ

Հանրապետութեան նախագահի խորհրդական Ամալ Ապու Զէյտ շաբաթավերջին այցելեց Մոսկուա, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Միջին Արեւելքի եւ ափրիկեան երկիրներուն մօտ Ռուսիոյ նախագահի յատուկ պատուիրակ, արտաքին գործոց փոխնախարար Միխայել Պոկտանովի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները` ընդգծելով կառավարութեան կազմութեան նպատակով ի գործ դրուած ջանքերը աշխուժացնելու կարեւորութիւնը, որպէսզի կարելի ըլլայ ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին դիմագրաւել երկրին դէմ ծառացող քաղաքական, տնտեսական եւ ընկերային տագնապները: Ամալ...

Page 429 of 988 1 … 428 429 430 … 988

Արխիւներ