Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Ռուշտիին Յանձնեց Նաւթի Կաթեցումին Մասին Լիբանանի Տեղեկագիրը

March 10, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի անձնական ներկայացուցիչի գործավար Նաժաթ Ռուշտին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները եւ անոր յանձնեց լիբանանեան ջուրերուն մէջ իսրայէլեան նաւթի կաթեցումին մասին Լիբանանի տեղեկագիրը:

Նախագահ Աուն Ռուշտիէն պահանջեց, որ թիւ 1701 բանաձեւին մասին Ապահովութեան խորհուրդի 18 մարտի նիստին ընթացքին ներկայացուի նաեւ լիբանանեան ջուրերուն մէջ իսրայէլեան նաւթի կաթեցումին վերաբերող Լիբանանի տեղեկագիրը, յատկապէս նկատի ունենալով անոր գործած կենսոլորտային հսկայ աւերը, որ կը նշմարուի լիբանանեան ծովափին վրայ:

Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Լիբանան կառչած կը մնայ նաւթի կաթեցումին պատճառած կենսոլորտային եւ տնտեսական վնասներուն համար հատուցում ստանալու իր իրաւունքներուն, յատկապէս նկատի ունենալով, որ Լիբանան տակաւին կը տառապի 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին իսրայէլեան ռմբակոծումներուն պատճառով արձանագրուած նաւթի կաթեցումին հետեւանքներէն:

Նախագահ Աուն Ռուշտիէն պահանջեց, որ թիւ 1701 բանաձեւին վերաբերող տեղեկագիրին մէջ նկատի առնուին լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած իսրայէլեան օդային, ծովային եւ ցամաքային ոտնձգութիւնները, «որոնք վերջերս թափ ստացած են», շեշտեց նախագահ Աուն:

Հանդիպումին ընթացքին արծարծուեցաւ նաեւ Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձին հարցը եւ այդ իմաստով ՄԱԿ-ի տրամադրելիք օժանդակութեան անհրաժեշտութիւնը:

Ան մաղթեց, որ շաբաթ մը առաջ Դանիոյ կողմէ առնուած քայլը` 100 սուրիացի տեղահանուածներու Սուրիոյ ապահով վայրերու մէջ տունդարձը ապահովելու իմաստով, շարժառիթ մը ըլլայ, որ միջազգային ընտանիքը օժանդակէ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահով տունդարձը երաշխաւորելու:

ՅԵՏՄԻՋՕՐԷԻՆ նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ.

«Լիբանանեան կարգ մը լրատուամիջոցներ` «Մարքազիա» լրատու գործակալութեան աղբիւրը նշելով, շրջանառութեան մէջ դրած են լուր մը, թէ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն խորհրդարանին պիտի յղէ նամակ մը` պահանջելով նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիէն խլել կառավարութիւն կազմելու իրաւունքը, նկատի ունենալով, որ ան ձախողած է կազմել կառավարութիւնը:

Նախագահական պալատը կը հերքէ այս լուրը` զայն նկատելով անհիմն լուր մը եւ լրատուամիջոցներուն կողմէ ընթացք առած սովորական ապատեղեկատուութիւն` հակառակ այն մնայուն կոչերուն, որ լրատուամիջոցները նման լուրերու ճշգրտութիւնը ստուգելու համար կրնան դիմել նախագահական պալատի տեղեկատուական գրասենեակին»:

 

 

Նախորդը

Ապու Տապիի Մէջ . Հարիրի – Լաւրով Հանդիպում

Յաջորդը

«Բարկութեան Երկուշաբթի»-ն Զայրոյթի Շաբթուան Վերածելու «Ջանքեր»-ը Յստակօրէն Կ՛երեւան Բողոքի Ցոյցերուն Ընդմէջէն

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.