Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Մարտ 10, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ խորհրդարանը հրաւիրեց լիագումար նիստի մը, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին շարք մը օրինագիծեր եւ առաջարկներ: Նիստը պիտի գումարուի ուրբաթ, 12 մարտ 2021-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:30-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ:

ԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ բարձրագոյն ուսման նախարարի պաշտօնակատար Թարեք Մաժզուպ Ուսուցչաց տօնին առիթով կատարեց հետեւեալ գրառումը. «Ուսուցիչը իր ամբողջ կեանքին ընթացքին մեզի կը պաշտպանէ տգիտութենէ` ամէն տեսակի պատուաստներով: Անոնք արժանի են, որ մենք նուազագոյնը զիրենք կարենանք փրկել «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ տրամադրելով: Տօնդ շնորհաւո՛ր, ուսուցի՛չ»:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Եուսեֆ Սալամէ մտավախութիւն յայտնեց, որ յառաջիկայ զարգացումները Լիբանանի մէջ պարտադրեն այնպիսի շրջաններ, որոնք յստակօրէն թրքական իշխանութեան ազդեցութեան տակ կը գտնուին: «Կը զօրակցինք ժողովրդային ըմբոստացման` Լիբանանը փրկելու եւ անոր ազգային միասնականութիւնն ու բազմազանութիւնը պաշտպանելու համար», ըսաւ ան:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նուհատ Մաշնուք յայտնեց, որ վարչապետ Սաատ Հարիրիի կողմէ կառավարութեան կազմութենէն հրաժարականը պէտք է պայմանաւորուած ըլլայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի հրաժարականով: Ան կոչ ուղղեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ քաղաքական ճակատ մը կազմելու` իրականացնելու համար Լիբանանի Գ. անկախութիւնը:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Հանի Քպայսի ընդգծեց անյապաղ կառավարութիւն մը կազմելու անհրաժեշտութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի փողոցները կ՛եռան, իսկ կարգ մը քաղաքական պատասխանատուներ տակաւին չեն անդրադառնար պայթումին վտանգներուն:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ֆարիտ Պուսթանի կոչ ուղղեց ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին կազմելու կառավարութիւն մը, որպէսզի կարելի ըլլայ երկիրը իր դիմագրաւած լուրջ հարցերէն փրկել:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ալի Օսէյրան յայտնեց, որ Ֆրանչիսկոս պապին Իրաք կատարած այցելութիւնը իր հզօր ազդեցութիւնը պիտի ունենայ շրջանին վրայ` աւելցնելով, որ պապին կողմէ ցաւոտ Լիբանան այցելութեան որոշումը ողջունելի է:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ինայա Իզէտտին Ուսուցչաց տօնին առիթով կոչ ուղղեց ուսուցիչներուն ընծայելու «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստ ստանալու առաջնահերթութիւնը:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան արտաքին յարաբերութիւններու բաժանմունքը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ. «Լիբանանի արտաքին գործոց նախարար Շարպել Ուեհպէ իր մօտ կանչած էր Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ժալալ Ֆիրուզնիան, որ մերժած էր նախարարութիւն ներկայանալ: Ասիկա փաստ է, որ Իրան չի ճանչնար լիբանանեան պետութիւնը, իսկ դեսպանին քայլը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ ոտնձգութիւն կը նկատուի»:

ՀՐԱԺԱՐԱԾ երեսփոխան Նետիմ Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպանին կողմէ արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ իրեն ուղղուած հրաւէրին մերժումը ահաբեկչութեան առանցքէն լիբանանեան պետութեան դէմ ուղղուած ոտնձգութիւն մը կը նկատուի:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Իմատ Օսման երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Զուիցերիոյ դեսպան Մոնիքա Շմութ Քըրկէօզը` ներկայութեամբ դեսպանատան զինուորական կցորդ Նիքոլաս Ուինթերեկի:

Քննարկուեցան երկկողմանի գործակցութեան ամրապնդման հեռանկարները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարի ընդունեց Լիբանանի մէջ Յունաստանի դեսպան Քաթրին Ֆոնթոլաքին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկու երկիրներուն վերաբերող միացեալ հարցեր:

ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի ղեկավար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ Ապու Տապի եւ Գահիրէ կարողութիւն ունին յանգելու սուրիական-սէուտական հաշտութեան մը, որուն շնորհիւ կարելի կ՛ըլլայ արաբական հզօր ապահովութիւն մը գոյացնել:

 

 

Նախորդը

Փաշինեանը, Զաւարզինը Եւ «Իսքանտեր»-ի Պատմութիւնը»

Յաջորդը

Ռայի Պատրիարքը Իր Այցելուներուն Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?