Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Կրիօ յայտնեց, որ Ֆրանսայի կողմէ Թրիփոլիի եւ անոր շրջակայքին, յատկապէս Աքքարի կարիքներուն տրամադրած է 1,1 միլիոն եւրոյի օժանդակութիւն` աւելցնելով սակայն, որ արագ օժանդակութեան տրամադրումը բարեկարգումներու համազօր չի կրնար ըլլալ:
Կրիօ ընդգծեց, որ Ֆրանսա հաւատարիմ է Լիբանանին եւ անոր կամքը ամուր է` միշտ նեցուկ կանգնելու Լիբանանին:
Միւս կողմէ, Կիներու միջազգային օրուան առիթով Կրիօ լիբանանցի կիներուն յղեց նամակ մը, որուն մէջ հաստատեց, որ կիները Լիբանանի ապագան են:



