ՍՊԱՌՈՂՆԵՐՈՒ միութեան նախագահ Զուհեր Պըրրօ կոչ ուղղեց լիբանանցի պատասխանատուներուն բնակարանները շրջափակելու` հաստատելով, որ հանրախանութներուն մէջ արձանագրուած իրերայաջորդ դէպքերը վտանգաւոր են եւ տխուր:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա կոչ ուղղեց` երկրին մէջ նոր իշխանութիւն ձեւաւորելու` կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընդմէջէն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Ժամիլ Սէյիտ յայտնեց, որ զինուորին ստամոքսը պարապ է` աւելցնելով, որ անոր պարտականութիւնը փտած իշխանութեան պաշտպանութիւնը չէ:
ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սեզար Մաալուֆ հարց տուաւ, որ արդեօք մօտեցա՞ծ ենք զինուորական կառավարութիւն յայտարարելու, Մեծն Լիբանանի ձախողութիւնը ազդարարելու եւ դէպի անորոշը ուղղուելու:
ՀՐԱԺԱՐԱԾ երեսփոխան Մարուան Համատէ զօրակցական հեռագիր մը յղեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ուալիտ Պուխարիի: Համատէ խստիւ դատապարտեց հուսիներուն կողմէ Սէուտական Արաբիոյ դէմ գործուած յարձակումները` հաստատելով, որ այդ յարձակումները զիրենք կը մղեն սէուտամէտ դառնալու եւ Ռիատին զօրակցելու: «Շրջանին մէջ Իրանի բազուկը նկատուող կողմեր սկսած են մեծ մարտահրաւէր մը նկատուիլ արաբ ժողովուրդին դէմ», ըսաւ ան:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում պլոքի երեսփոխան Հատի Ապու Հասան շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան առումով հորիզոններ գոյութիւն չունին` եթէ համաձայնութիւն մը կարելի չըլլայ գոյացնել: Ան հաստատեց, որ վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապ պէտք է աշխուժացնէ ընթացիկ հարցերու կառավարութեան գործունէութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Հասան Եաագուպ յայտնեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար Ուալիտ Ժոմպլաթ դարձեալ փոխած է իր կեցուածքները եւ կը պահանջէ Հասսան Տիապի կառավարութեան իրաւասութիւնները ընդարձակել, մինչդեռ ան շատ ուրախ էր, երբ Հասսան Տիապ հրաժարած էր եւ կոչ ուղղած` նոր վարչապետ նշանակելու խորհրդակցութիւններու սկսելու: «Արդեօք ի՞նչ փոխուած է. երկրին վտանգաւոր իրավիճա՞կը, թէ՞ շրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութիւնը», հարց տուաւ ան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրի այսօր Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ հանդիպում պիտի ունենայ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի հետ:


