Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուեհպէ Շիայի Հետ Քննարկեց Բարեկարգումներու Գործադրութեան Եւ Փտածութեան Դէմ Պայքարին Վերաբերող Հարցեր

March 10, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարարի պաշտօնակատար Շարպել Ուեհպէ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Տորըթի Շիան, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ միջազգային հարթակներու վրայ տարբեր թեկնածութիւններու առումով փոխադարձ զօրակցութեան հեռանկարները:

Հանդիպումին քննարկուեցան նաեւ Լիբանանի մէջ բարեկարգումներու գործադրութեան կարեւորութիւնը եւ  փտածութեան դէմ պայքարի անհրաժեշտութիւնը` տնտեսական զարթօնք մը իրականացնել կարենալու համար:

Ուեհպէ եւ Շիա ընդգծեցին հարաւային Լիբանանի մէջ ապահովական կայունութիւնը ամրապնդելու անհրաժեշտութիւնը` հաստատելով ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութիւնը յարգելու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ մօտէն կը հետեւի Լիբանանի մէջ տիրող կացութեան` աւելցնելով, որ իրենք Լիբանանի ղեկավարներէն միշտ պահանջած են յանձնառու մնալ անյապաղ վստահելի կառավարութիւն մը կազմելու իրենց խոստումին:

ՆՇԵՆՔ, որ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը նախանցեալ օր հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը` խստիւ դատապարտելով Սէուտական Արաբիոյ դէմ ռմբակոծումները, յատկապէս անոնք, որոնք քաղաքացիական թիրախներ կը հարուածեն:

«Կոչ կ՛ուղղենք բոլոր կողմերուն ինքնազսպումի ենթարկուելու եւ զինուորական գործողութիւններու մագլցումներ չարձանագրելու` քաղաքացիները փրկելով պատերազմի արհաւիրքներէն: Անհրաժեշտ կը նկատենք միջազգային օրէնքներու եւ ՄԱԿ-ի ուխտի բոլոր յօդուածներուն յարգումն ու գործադրութիւնը», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:

 

Նախորդը

Մշարրաֆիէ. «Տեղահանուածներուն Տունդարձը Ապահովելու Նպատակով Սուրիական Կողմը Բազմաթիւ Դիւրութիւններ Կ՛ընծայէ»

Յաջորդը

Բանակը Վար Առած Է Իսրայէլեան Անօդաչու Թռչող Սարքեր

RelatedPosts

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ  Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ  Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»
Գլխաւոր լուրեր

Աուն. «Լիբանան Չի Կրնար Առանց Իր Քրիստոնեայ Եւ Իսլամ Թեւերուն Ապրիլ, Եւ Անոր Մէջ Քրիստոնեաներու Ներկայութեան Վտանգ Չկայ»

October 29, 2026
Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու  Ջանքերու Ծիրին Մէջ.  Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին  Լիբանան Պիտի Այցելէ
Լիբանանեան

Թրքական Ներկայութիւնը Ընդլայնելու Ջանքերու Ծիրին Մէջ. Էրտողանի Որդին Նոյեմբերին Լիբանան Պիտի Այցելէ

October 29, 2026
Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման  Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»
Լիբանանեան

Քասեմ. «Դիմադրութեան Զէնքի Յանձնման Վերաբերեալ Քննարկումը Անտեղի Է»

October 29, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.