Ամերիկեան տոլարի սակը կը գտնուի 11.000-ի սեմին, իսկ լիբանանեան դրամանիշի արժէքի անկումին, սղաճին, փտածութեան, տնտեսական տագնապին, անօթութեան ու աղքատութեան դէմ բողոքի ցոյցերը շարունակուեցան ամբողջ շաբաթավերջին:
Տարբեր շրջաններու մէջ ցուցարարներ հրկիզուող անիւներով, հրկիզուող աղբամաններով եւ փայտեայ կազմածներով փորձեցին փակել ճամբաները:
Հիւսիսային Լիբանանի մէջ փակուած շրջաններն էին` Ապտէի հրապարակը, Ուատի Ժամուսը, Տահր էլ Այնը, Փալմայի մայրուղին, Թրիփոլիի Նուր հրապարակը, Արամանը, Անֆէի մուտքին` ամբողջութեամբ փակուեցաւ Շեքքայի մայրուղին, Պեքաայի մէջ ցուցարարները փակեցին Պար Էլիասի, Թարշիշի, Ժտիթայի, Սաատնայելի, Տէյր Զնուն-Ռայաքի, Շթորայի եւ Թաալպայայի ճամբաները, Զահլէի հրապարակը եւ Մարժի խաչմերուկը:
Հարաւային Լիբանանի մէջ փակուեցան Սայտայի մայրուղին եւ Էլիա հրապարակը, Հասպայայի, Մերժահիունի, Պընթ Ժպէյլի եւ Նապաթիէի ճամբաները:
Պէյրութի մէջ փակուեցան Նահատակաց հրապարակը, Պշարա Խուրին, Մարզական աւանը` երկու ուղղութեամբ, Քասքասը, Քոլան, Քոռնիշ Մազրաան, ինչպէս նաեւ Տորայի մայրուղին` մասամբ:
Շաբաթ օրուան ընթացքին ցուցարարներ փակեցին Պաալպեք-Հերմելի մայրուղին, Պաալպեքի Մըթրան հրապարակը, Շուէյֆաթի մայր ճամբան, Ժիէի մայրուղին, Սայտայի Էլիա հրապարակը, Թաալպայա-Շթորա մայրուղին, ինչպէս նաեւ Սաատնայէլի մայրուղին` երկու ուղղութեամբ, Պէյրութի Նահատակաց հրապարակը, Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան, Սուրի մայրուղին, Մշարրաֆիէի խաչմերուկը, Տըպպայէի եւ Նահր Մոթի մայրուղիները, Սելիմ Սլամ փապուղին, Տահր Այնը, Քոսպան, Ամիունը, Ապտէն, Ռաշայան, Տահր Պայտարը, Զահլէի հրապարակը, Թարշիշը, Ժալալան, Ֆըրզոլն ու Ապլահը:
Նապաթիէի մէջ տեղի ունեցաւ կռիւ մը` ցուցարարներուն միջեւ տարակարծութեան պատճառով:
Շուէյֆաթի մէջ ճամբան փակող ցուցարարները, որոնք դժուարացուցած էին անցորդներուն երթեւեկը, ինքնաշարժի մը կողմէ ենթարկուեցան վրայերթի:
Ցուցարարներուն շարքերուն մէջ արձանագրուեցան վիրաւորներ, իսկ մնացեալ ցուցարարները հրկիզեցին իրենց ընկերները վրայերթի ենթարկող ինքնաշարժը:
Համրայի մէջ ցուցարարները Կեդրոնական դրամատան դրօշը վար առին, զայն կոխկռտեցին ու ապա հրկիզեցին` պահանջելով Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէն պաշտօնազրկել:
Միւս կողմէ, շաբաթ գիշեր շրջանառութեան մէջ դրուեցան լուրեր, թէ Հարաւային արուարձաններու մէջ Հըզպալլայի եւ Ամալ շարժումի անդամ երիտասարդներ ճամբաներ փակած են եւ խափանարարական արարքներ գործած: Այս լուրը հերքուեցաւ Հըզպալլայի ու Ամալ շարժումին կողմէ եւ կոչ ուղղուեցաւ խափանարարական արարքներ գործող կողմերը հաշուետուութեան կանչելու:
Մինչ գետնի վրայ կացութիւնը կը ներկայացնէր վերոյիշեալ վիճակը, պաշտպանութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը սառեցուին զէնքի արտօնագիրները` ցնոր տնօրինում, ինչպէս նաեւ Զինուորական ատեանին մէջ այսօր` երկուշաբթի, 8 մարտ 2021-էն մինչեւ ուրբաթ, 12 մարտ 2021, կանգ կ՛առնեն բոլոր դատավարութիւնները` «Քորոնա» ժահրով վարակուածներ արձանագրուելու պատճառով:
Քաղաքական առումով արձանագրուեցան երկու յատկանշական իրադարձութիւններ, որոնցմէ առաջինը այն էր, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը նշանակուած վարչապետ Սաատ Հարիրին պատասխանատու նկատեց երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապին խորացման, իսկ երկրորդը շաբաթ յետմիջօրէին վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի արտասանած խօսքն էր, որուն մէջ ան նկատել տուաւ, որ եթէ իր ինքնամեկուսացումը կը նպաստէ նոր կառավարութեան կազմութեան, ապա ինք պատրաստ է անոր:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան քաղաքական խորհուրդը շաբաթ օրուան իր ընթացիկ հանդիպումին ընթացքին ցաւ յայտնեց Հարիրիի կողմէ լիբանանցիներու կեանքին ու առօրեային նկատմամբ ցուցաբերուած անտարբերութեան համար, ինչպէս նաեւ զայն պատասխանատու նկատեց երկրին դիմագրաւած տնտեսական տագնապը դիտմամբ խորացնելու` կառավարութեան կազմութեան առումով քայլ մը առնելու կամ ճիգ մը ի գործ դնելու փոխարէն:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մատնանշեց նաեւ, որ Հարիրիի կողմէ յառաջացած արգելքներու շարքին տակաւին վերջերս արձանագրուած է տարօրինակ արգելք մը, որուն հիման վրայ ան նախապէս կը փափաքի իմանալ, թէ խորհրդարանական ո՛ր պլոքները իրենց վստահութեան քուէն պիտի շնորհեն իր կառավարութեան: «Այս բոլորին վրայ կ՛աւելնայ վարչապետ Հարիրիի հրապարակած վերջին հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ յստակ էր, որ ան կը փափաքի քրիստոնեայ բաղադրիչին չգոյութեամբ կազմել կառավարութիւնը, ինչ որ հակասահմանադրական է եւ կը հակադրուի Ազգային ուխտի ոգիին», կը նշէ կուսակցութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը:
Միւս կողմէ, Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց իրաւական հաշուեքննութիւն կատարելու հոլովոյթին յապաղումին առնչութեամբ եւ ելեւմուտքի նախարարէն ու Կեդրոնական դրամատան կառավարիչէն պահանջեց լիբանանցիները տեղեակ պահել, թէ ի՞նչ եղած են «Ալվարեզ էնտ Մարսըլ» իրաւական հաշուեքննութեան միջազգային ընկերութեան հետ գործակցութեան արդիւնքները:
Հասսան Տիապ շաբաթ յետմիջօրէին պատկերասփռուած խօսք մը ուղղեց լիբանանցիներուն, որուն մէջ ան նկատել տուաւ, որ երկրին բոլոր մարզերուն կրած անկումէն ետք, Լիբանանը հասած է պայթելու սեմին:
Տիապ հաստատեց, որ իր կառավարութիւնը օր մը օրանց չէ զլացած ընթացիկ հարցերը տնօրինելու իր դերակատարութեան ու պարտականութեան մէջ, այնքան որքան արտօնուած է սահմանադրութեամբ:
Տիապ շեշտեց, որ երկրին դիմագրաւած տագնապները կարելի է լուծել միայն նոր կառավարութիւն մը կազմելով` աւելցնելով, որ երկրին ընկերային տագնապը կարելի չէ լուծել առանց ելեւմտական տագնապը լուծելու:
Ան ընդգծեց, որ եթէ իր ինքնամեկուսացումը կը նպաստէ նոր կառավարութեան կազմութեան, ապա ինք պատրաստ է անոր:
«Ի՞նչ իմաստ ունի քաղաքական ու կուսակցական կռիւը` նախարար մը աւելի կամ պակաս ունենալու իմաստով, եթէ Լիբանանի գոյութիւնը վտանգի ենթարկուած է», հարց տուաւ Տիապ:




