Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակը երէկ առաւօտեան հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը` ի պատասխան նախանցեալ երեկոյ Մուսթաքպալ հոսանքի հրապարակած հաղորդագրութեան:
Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ, թէ նշանակեալ վարչապետը կը շարունակէ տիրանալ հանրապետութեան նախագահին իրաւասութիւններուն:
«Նախագահ Աունի իշխանութեան ժառանգած ելեւմտական իրավիճակն ու նիւթական պարտաւորութիւնները «պտուղներ»-ն են նշանակեալ վարչապետի` պետական հարցերու վարչակազմին տնօրինման թերութիւններուն: Իսկ այն ճահիճը, որուն մէջ երկիրը ինկած է Մուսթաքպալ հոսանքի հաղորդագրութեան ակնարկութեամբ, արտադրութիւնն է Մուսթաքպալ հոսանքի ղեկավարած վարչակարգին», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Հանրապետութեան նախագահութեան տեղեկատուական գրասենեակին հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Մուսթաքպալ հոսանքը կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը փրկող եւ երկրին կայունութիւնը վերահաստատելու նպատակով բարեկարգումներ կատարելու բոլոր փորձերը ձախողցուցած է:
«Հակառակ այս բոլորին, հանրապետութեան նախագահութիւնը առիթ կու տայ դրական բոլոր ջանքերուն, որոնք կը միտին լուծել կառավարութեան կազմութեան տագնապը, որ ստեղծուած է նշանակեալ վարչապետին կողմէ», կը նշէ նախագահական պալատի հաղորդագրութիւնը:
Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը իր կարգին պատասխանեց Մուսթաքպալ հոսանքի հաղորդագրութեան` հաստատելով, որ ցաւալի է Մուսթաքպալ հոսանքի պահուածքը` ներկայացուած իւրաքանչիւր դրական նախաձեռնութեան ժխտական պատասխան տալու իմաստով:
«Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ լուտանքներով լեցուն եզրերու օգտագործումը մեզի պիտի չմղէ անոր մակարդակին իջնելու, ընդհակառակն` մենք պիտի վերահաստատենք քաղաքական բոլոր ուժերուն միջեւ գործակցութեան յանգելու կոչը: Ազգային պատասխանատուութեան զգացումը մեզ կը մղէ կոչ ուղղելու Մուսթաքպալ հոսանքին` վերադառնալու խելքի ու տրամաբանութեան բառամթերքին եւ վերջ տալու վարկաբեկումներուն, որպէսզի կարելի ըլլայ միասնաբար գործել լիբանանցիները ճնշող մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար», կը նշէ հաղորդագրութիւնը:
Նշենք, որ Մուսթաքպալ հոսանքի նախանցեալ օրուան հաղորդագրութեան մէջ նշուած էր, թէ ստուերի նախագահ Ժըպրան Պասիլ առիթ չի փախցներ հանրապետութեան նախագահին անունով խօսելու:
«Պասիլ կը հաստատէ, որ ինք պատրաստ է կառավարութեան կազմութեան բոլոր ջանքերը ձախողեցնելու: Անոր համար լիբանանցիներուն տառապանքը ոչ մէկ կարեւորութիւն ունի, այլ` զբաղած է միայն քաղաքական իր կշիռը վերահաստատելու գործով: Աւելի՛ն. Պասիլ ո՛չ միայն հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի իշխանութիւնը ձախողեցուցած է, այլ` կը շարունակէ շահագործել զայն դարձեալ ինքզինք փաստելու եւ այս շրջագիծին մէջ քաղաքական ուժերը Պաապտա հրաւիրելու` երկխօսութիւն կատարելու նպատակով: Մինչդեռ լիբանանցիները սկսած են Պաապտայի պալատը տեսնել իբրեւ Պասիլի հետեւորդ կուսակցական կեդրոն մը եւ ոչ թէ երկրին Ա. իշխանութեան նստավայր: Արդեօք մենք Ժըպրան Պասիլի՞, թէ՞ Միշել Աունի իշխանութեան օրերը կ՛ապրինք: Կամ արդեօք ճակատագիրը լիբանանցիները նետած է քաղաքական ճահիճի մը մէ՞ջ, որուն տնօրինումը կը կատարէ Պասիլ` Աունի հովանաւորութեամբ», հարց տրուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Հաղորդագրութիւնը կը նշէ նաեւ, թէ Պասիլին կը թուի, թէ նախագահ Աունի շնորհիւ իր վայելած քաղաքական փառքը եւ հասարակական կեանքին մէջ գոյութեան արդարացումը նաեւ անոր ուժ պիտի տայ վարչապետի պաշտօնին եւ կառավարութեան կազմութեան անոր իրաւասութիւններուն տիրանալու:
«Ժըպրան Պասիլ, որքան արկածախնդրութիւններ կամ խուսանաւումներ կատարէ, պիտի չկարենայ հասնիլ իր ուզածին: Պասիլ, որ լիբանանցիները կ՛առաջնորդէ դէպի դժոխք եւ զբաղած է հոս ու հոն քաղաքական հրդեհներ բռնկեցնելով, վերջին անձնաւորութիւնն է, որ պէտք է «հրշէջ»-ի պատկերով ու դերակատարութեամբ ներկայանայ: Լիբանանցիները հայհոյած են Աունի եւ Պասիլի իշխանութեան դէմ եւ զայն կը նկատեն «Դժոխային իշխանութիւն», արդեօք ատիկա նկատի առնող կա՞յ», հարց տրուեցաւ հաղորդագրութեան մէջ:
Միւս կողմէ, նախագահական պալատի հաղորդագրութենէն ետք, Մուսթաքպալ հոսանքը երէկ կէսօրին հրապարակեց նաեւ այլ հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ հանրապետութեան նախագահութիւնը սեփականութիւնը դարձած է խումբ մը խորհրդականներու, որոնք նսեմացուցած են անոր հեղինակութիւնը:
Մուսթաքպալ հոսանքը իր հաղորդագրութեամբ նախագահ Աունին ուղղած է հետեւեալ խօսքը. «Վերջ տո՛ւր այն կարելիութեան, որ շուրջիններդ տիրանան իրաւասութիւններուդ եւ փորձեն տիրանալ նաեւ այլոց իրաւասութիւններուն: Վերադարձի՛ր սահմանադրութեան եւ լիբանանցիները փրկէ՛ դժոխքի բաժակէն»: