Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուահապ. «Կը Նախատեսեմ, Որ Յառաջիկայ Մարտին Լիբանանի Մէջ Տեղի Ունենան Կանխահաս Նախագահական Ընտրութիւններ»

June 1, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թաուհիտ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ կը պահանջուի հատուցման քարտի դրութիւն մը, որ մէկ միլիառ տոլար կ՛արժէ: «Ասիկա կը պատահի այն ատեն, երբ արդէն իսկ 7 միլիառ տոլար տրամադրուած է առեւտրականներուն, որոնք իրենց կարգին գործընկեր են քաղաքական անձնաւորութիւններու հետ: Մենք հարց կու տանք, թէ դեղորայքը ո՞ւր կ՛երթայ: Քաղաքական այս տեսակի պատասխանատուներով ոչ ոք լիբանանցիներուն գումար կամ հատուցման քարտ կը յատկացնէ: Կը խօսիմ 5 քաղաքական անձնաւորութիւններէ բաղկացած անձնակազմի մը մասին», ըսաւ ան:

Ուահապ յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի յարմարագոյն կերպով կը կատարէ օրէնսդրութեան աշխատանքը` աւելցնելով, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա հատուցման քարտի առումով պատասխանատուութիւնը վստահեցաւ Պըրրիին, որ իր կարգին կը պահանջէ ֆինանսաւորել հատուցման քարտի ծրագիրը:

Լիբանանի վարչապետի պաշտօնը ստանձնելու մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ուահապ յայտնեց, որ սիւննի համայնքին առումով Լիբանանի մէջ կարելի չէ վարչապետ նշանակել այն անձնաւորութիւնը, որ Սէուտական Արաբիոյ համաձայնութիւնը չի վայելեր: «Իսկ սիւննի այն անձնաւորութիւնը, որ սէուտցի իշխաններու հետ ներքին հարցեր ունեցած է,  չի կրնար վարչապետ դառնալ: Սէուտական Արաբիա Լիբանանին պիտի չզօրակցի, եթէ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրի դառնայ վարչապետ, իսկ վերջինս Լիբանանի համար բեռ դարձած է: Հետեւաբար Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն պէտք է այլ անձնաւորութիւն մը փնտռէ», ըսաւ ան:

Ուահապ շեշտեց, որ ինք կը մերժէ եւ անհաճոյ կը նկատէ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի յարաբերութիւնը թուրքերուն եւ թրքական ծրագիրին հետ: Ան կոչ ուղղեց Հարիրիին կազմելու կառավարութիւնը` հաստատելով, որ ան պիտի չյանդգնի կառավարութիւն մը կազմել, որովհետեւ ան Սէուտական Արաբիոյ հետ անձնական հարց ունի:

«Ֆրանսական նախաձեռնութիւնը Լիբանանի համար թթուածինի համազօր էր, սակայն ես չեմ նախատեսեր, որ Լիբանանի մէջ մօտիկ ապագային կարելի պիտի ըլլայ Հարիրիի գլխաւորութեամբ կառավարութիւն մը կազմել: Բայց եւ այնպէս կառավարութեան մը կազմութիւնը կարելի է, որովհետեւ Սէուտական Արաբիա եւ Իրան այսօր երկխօսութեան մէջ են», շեշտեց Ուահապ:

Լիբանանեան կարգ մը շրջաններու մէջ սուրիացի քաղաքացիներու խոշտանգումին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Ուահապ յայտնեց, որ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի շահերուն չեն ծառայեր Նահր Քալպի մէջ սուրիացի քաղաքացիներուն դէմ կատարուած խոշտանգումները: «Սուրիացի տեղահանուածները փախուստ տուած են Սուրիոյ պատերազմէն եւ ոչ թէ սուրիական վարչակարգէն: Օրին ես թուիթըրեան յայտարարութեամբ մը Ժահժահին խորհուրդ տուի, որովհետեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ մենք ունինք միացեալ շրջան մը, որ Լեռնալիբանանն է», ըսաւ ան:

Ուահապ նախատեսեց, որ յառաջիկայ մարտին Լիբանանի մէջ տեղի ունենան կանխահաս նախագահական ընտրութիւններ, որոնց ընթացքին Մարատա հոսանքի ղեկավար Սլէյման Ֆրենժիէ պիտի ընտրուի հանրապետութեան նախագահ, որուն պիտի յաջորդէ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ:

 

 

 

 

Նախորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յաջորդը

Արաբական Երկիրներու Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարները Երկու Տարիով Յետաձգեցին Համաարաբական Խաղերը

RelatedPosts

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ  Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ
Լիբանանեան

Վարչապետ Սալամ Տեսակցեցաւ Փաքիստանի Իր Պաշտօնակիցին Հետ

September 26, 2026
Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն  Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Ոչ Ոք Բացի Կառավարութենէն Կրնայ Խօսիլ Կամ Բանակցիլ Լիբանանի Անունով»

September 26, 2026
Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց  Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի  Գործունէութիւնը
Լիբանանեան

Նախագահ Աուն Բարձր Գնահատեց Կարմիր Խաչի Եւ Կարմիր Մահիկի Գործունէութիւնը

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.