Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Հուպալլայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Արդիւնաբերութիւնը Սէուտական Արաբիա Եւ Ծոցի Երկիրներ Արտածելու Վերաբերող Հարցեր

Յունիս 1, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ճարտարարուեստի նախարարի պաշտօնակատար Իմատ Հուպալլան, որուն հետ քննարկեց ճարտարարուեստի մարզին վերաբերող շարք մը հարցեր:

Նախագահ Աուն Հուպալլայի հետ քննարկեց Լիբանանի մէջ սիմենթի արտադրութեան եւ լիբանանեան արդիւնաբերութիւնը Սէուտական Արաբիա ու Ծոցի երկիրներ արտածելու վերաբերող հարցեր:

Հուպալլա նախագահական պալատէն յայտարարեց, որ յունիս ամսուան երկրորդ շաբթուան ընթացքին պիտի ստորագրուի Լիբանանի մէջ «Սփութնիք» պատուաստը արտադրելու համաձայնագիրը` դեղորայքի արտադրութեան «Արուան» ընկերութեան հետ:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ «Արուան» ընկերութեան գործադիր խորհուրդի նախագահ Ապտել Ռազզաք Եուսեֆ եւ ընկերութեան փոխնախագահ Ռուէյտա Տահամ:

Ըստ ստորագրուելիք համաձայնագիրին,  կը նախատեսուի, որ տարեկան դրութեամբ 30-60 միլիոն «Սփութնիք» պատուաստ արտադրուի` բարձր կարելիութիւններով եւ որակով:

Կը նախատեսուի, որ պատուաստի արտադրութեան աշխատանքը սկսի պատուաստին յատուկ հում նիւթը Ռուսիայէն ներածելէ անմիջապէս ետք:

Նախագահ Աուն ընդունեց նաեւ Սահմանադրական խորհուրդի նախագահ, դատաւոր Թաննուս Մըշլեպը, որուն հետ քննարկեց խորհուրդին վերաբերող հարցերը, յատկապէս խորհուրդի երեք անդամներու աթոռներուն թափուր մնալու իրականութիւնը` անոնց մահուան պատճառով:

Քննարկուեցան նաեւ օրինական եւ սահմանադրական շարք մը հարցեր:

 

 

Նախորդը

Արաբական Երկիրներու Երիտասարդութեան Եւ Մարմնակրթութեան Նախարարները Երկու Տարիով Յետաձգեցին Համաարաբական Խաղերը

Յաջորդը

Պըրրի Նշանակեալ Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?