Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Պենի Կանց վերահաստատեց իր զգուշացումները Հըզպալլայի կողմէ Թել Աւիւի վրայ սանձազերծուելիք որեւէ յարձակումի հաւանականութեան մասին:
Կանց շեշտեց, որ Կազայի մէջ գործուածին տասնապատիկը պիտի կիրարկուի Լիբանանի մէջ:
«Լիբանանի դէմ մղուելիք յաջորդ պատերազմը բարդ պիտի ըլլայ` տրուած ըլլալով, որ Հըզպալլա կը թաքցնէ 100 հազար հրթիռ, որոնց շարքին են նաեւ թիրախահար հրթիռներ, եւ այս բոլորը պահուած են քաղաքացիներով բնակուած շրջաններու մէջ», ըսաւ Կանց:
2006-էն ի վեր Իսրայէլ իր գաղտնի սպասարկութիւններուն միջոցով հսկայական տեղեկութիւններ ամբարած է եւ Լիբանանի դէմ յաջորդ պատերազմին ընթացքին ան պիտի ունենայ բազմազան ծրագիրներ ու թիրախներ: «Այդ պատերազմի շղթայազերծման պարագային լիբանանեան պետութիւնը պիտի կրէ պատասխանատուութիւնը, իսկ Հըզպալլան ու անոր ղեկավարութիւնը մեծապէս պիտի տուժեն», ըսաւ ան:
Կանց հաստատեց, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է իմանայ, որ եթէ «Երկաթեայ գմբէթ»-ը չկարենար իսրայէլեան բնակելի շրջաններուն դէմ ուղղուած 1200 հրթիռ դիմակայել, ապա հարիւրաւոր իսրայէլացիներ պիտի վիրաւորուէին եւ հսկայական քանդում պիտի արձանագրուէր: