Լիբանանեան

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 111 վարակուածներ եւ մահացած 6 ուրիշներ: ՊԷՅՐՈՒԹԻ պետական հիւանդանոցի տնօրէն Ֆիրաս Ապիատ յայտնեց, որ «Քորոնա» ժահրին դէմ քաղաքացիները պատուաստելու նպատակով կազմակերպուած «Ասթրազենիքա»-ի մարաթոնը յաջողութիւն արձանագրած է: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատարութիւնը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ բանակը Պեքաայի եւ հիւսիսային Լիբանանի մէջ գրաւած է 7 բեռնատարներ,...

Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող  Անյոյս Վիճակը Կը Շարունակուի

Կառավարութեան Կազմութեան Վերաբերող Անյոյս Վիճակը Կը Շարունակուի

Լիբանանի մէջ տիրող կացութիւնը կը շարունակէ մնալ նոյնը` իր բոլոր դժուարութիւններով, տագնապներով, անորոշութեամբ եւ աւելի եւս վատթարանալու հաւանականութեամբ: Այս իրավիճակին առընթեր, կառավարութեան կազմութեան վերաբերող անյոյս վիճակը եւս կը շարունակուի: Լիբանանցի քաղաքական տարբեր վերլուծաբաններ դրական եւ ժխտական կարծիքներով եւ եզրակացութիւններով հանդէս կու գան նոր դահլիճին կազմութեան մանրամասնութիւններուն մասին, սակայն հիմնականը կը մնայ այն, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին մէջ ոչինչ արձանագրուած է,...

aztag-f

Մամլոյ Արձակուրդ

Հայաստանի Հան­րա­պետութեան հիմ­նադ­րութեան 103¬ամ­եակին առի­թով, «Ազ­դակ» լոյս պի­տի չտես­նէ շաբաթ, 29 մա­յիս 2021-ին: Մեր յա­ջորդ թիւ­ը` երկուշաբթի, 31 մա­յիս 2021-ին:

Կառավարութեան Կազմութեան Յունիսի  Կէսերու Ժամկէտին Ընդառաջ Լուծման Ճիգերը Վերստին Թափ Կ՛առնեն

Կառավարութեան Կազմութեան Յունիսի Կէսերու Ժամկէտին Ընդառաջ Լուծման Ճիգերը Վերստին Թափ Կ՛առնեն

Վերջին օրերուն քաղաքական եւ դիւանագիտական զգալի եռուզեռ արձանագրուեցաւ լիբանանեան ճակատին վրայ, ուր առանցքային թիրախ էր կառավարութեան կազմութեան հրամայական պահանջը: Այս պահանջը առաւել շեշտակի դարձաւ յատկապէս կարգ մը աղբիւրներու վերագրուած քանի մը շաբաթներու ժամկէտի ներկայացումէն ետք` կառավարութեան կազմութեան գծով: Փաստօրէն, վերջերս պատահած ապահովական «անցողակի», բայց իրենց քաղաքական ծանր հետեւանքներուն պատգամով վտանգաւոր դէպքերը ազդանշան նկատուեցան փութալու վճռել տիրող սպասողական վիճակի երեւոյթը: Այլապէս,...

Նասրալլա. «Լիբանանը Կազա Չէ Իսկ  Կառավարութեան Կազմութիւնը Ունի Երկու Լուծում»

Նասրալլա. «Լիբանանը Կազա Չէ Իսկ Կառավարութեան Կազմութիւնը Ունի Երկու Լուծում»

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա նախանցեալ օր վերահաստատեց կառավարութեան կազմութեան գծով իր զօրակցութիւնը միաժամանակ նախագահ զօրավար Միշել Աունին եւ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին: «Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան» տօնին առիթով արտասանած իր պատկերասփռուած խօսքին մէջ Նասրալլա ընդգծեց, որ կառավարութեան կազմութեան թնճուկին պատճառը տեղական է եւ ոչ այնքան` արտաքին ազդակներու հետեւանք: Առ այդ, ան կոչ ուղղեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիին այցելելու Պաապտայի...

Խմբագրական.  Տարեփակի-Տարեմուտի Խոհեր (Զ.)  «Ազդակ»-ի Նաւուն Առագաստը Բաց Պահելու Համար

Մամլոյ Արձակուրդ

Դիմադրութեան եւ Ազատագրութեան տօնին առիթով եւ համաձայն Մամլոյ սենտիքայի որոշումին, «Ազդակ» լոյս պիտի չտեսնէ չորեքշաբթի, 26 մայիս 2021-ին: Մեր յաջորդ թիւը` հինգշաբթի, 27 մայիս 2021-ին:

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան  Կազմութիւնը Խոչընդոտող  Անձնական Արգելքները Վերացնելու

Պըրրի Կոչ Կ՛ուղղէ Կառավարութեան Կազմութիւնը Խոչընդոտող Անձնական Արգելքները Վերացնելու

Դիմադրութեան եւ ազատագրութեան տօնին առիթով, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ արտասանեց խօսք մը, որուն ընդմէջէն շեշտեց, որ եթէ տագնապները շարունակուին` առանց զանոնք լուծելու անմիջական նախաձեռնութեան, ապա անոնք Լիբանանին վերջ մը պիտի դնեն: «Բոլորը պարտին, աւելի ճիշդ` բոլորին ազգային պատասխանատուութիւնն ու գիտակցութիւնը պէտք է պարտաւորեցնէ զիրենք զգալու այս ճակատագրական փուլին վտանգը, որ կը սպառնայ լիբանանցիներուն գոյութեան», ըսաւ ան: Ան կոչ ուղղեց...

Աքըր. «Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը  Լիբանանցիներուն  Համախոհութեան Անկեղծ Թարգմանն Է»

Աքըր. «Լիբանանի Արտաքին Քաղաքականութիւնը Լիբանանցիներուն Համախոհութեան Անկեղծ Թարգմանն Է»

Փոխվարչապետ, պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար եւ արտաքին գործոց նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըր երէկ այցելեց արտաքին գործոց նախարարութեան կեդրոնատեղի, ուր հանդիպում մը ունեցաւ նախարարութեան մէջ գործող դեսպաններուն եւ անձնակազմին հետ` արտաքին գործոց նախարարի գործակատարի պաշտօնը ստանձնելուն առիթով: Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահին եւ վարչապետի պաշտօնակատարին ցուցմունքներուն հիման վրայ կարելի է հաստատել, որ արտաքին գործոց նախարարութեան առաջնահերթութիւնը պիտի ըլլայ Լիբանանի եղբայր եւ բարեկամ...

Պրէօվէի Եւ Պաքալորէայի Պետական Քննութիւնները  Պիտի Կատարուին Յուլիս Ամսուան Ընթացքին

Պրէօվէի Եւ Պաքալորէայի Պետական Քննութիւնները Պիտի Կատարուին Յուլիս Ամսուան Ընթացքին

Կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք երէկ հրապարակեց շրջաբերական մը, որ կը նշէ, թէ պրէօվէի եւ պաքալորէայի 2021-ի պետական քննութիւնները պիտի կատարուին յուլիս ամսուան ընթացքին: Պրէօվէի պետական քննութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 12 յուլիս 2021-ին եւ պիտի աւարտին հինգշաբթի, 15 յուլիս 2021-ին: Իսկ պաքալորէայի պետական քննութիւնները պիտի սկսին երկուշաբթի, 26 յուլիս 2021-ին եւ պիտի աւարտին շաբաթ, 31 յուլիս...

Ուազնի Քումարճահի Հետ Քննարկեց  Միջազգային Դրամատան  Ֆինանսաւորած Ծրագիրները

Ուազնի Քումարճահի Հետ Քննարկեց Միջազգային Դրամատան Ֆինանսաւորած Ծրագիրները

Ելեւմուտքի նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Միջազգային դրամատան մէկ պատուիրակութիւնը` նախագահութեամբ Միջազգային դրամատան Արեւելքի տնօրէն Սարուժ Քումարճահի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Միջազգային դրամատան ֆինանսաւորած ծրագիրները: Հանդիպումէն ետք Քումարճահ յայտնեց, որ քննարկած են Լիբանանի մէջ Միջազգային դրամատան ծրագիրները, որոնք մեծաթիւ են, «ինչպէս նաեւ քննարկեցինք այն միջոցները, որոնք պէտք է մեկնարկեն ընկերային ապահովութեան ցանցի ծրագիրը, որ կը ներառէ Լիբանանի...

Փեթրա Խուրի. «Ապահովագրութեան Բոլոր  Հաստատութիւնները Սնանկացած Են»

Փեթրա Խուրի. «Ապահովագրութեան Բոլոր Հաստատութիւնները Սնանկացած Են»

Վարչապետի պաշտօնակատար Հասսան Տիապի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Փեթրա Խուրի հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ ապահովագրութեան բոլոր հաստատութիւնները` Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկը, Համագործակցականն ու բանակին յատուկ ապահովագրութեան սնտուկը, սնանկացած են: Ան նշեց, որ բոլոր այս հաստատութիւնները ֆինանսաւորումի կարիք ունին` աւելցնելով, որ անձնական հիւանդանոցները կը մերժեն Համագործակցականի, ապահովութեան ուժերու եւ բանակի հիւանդ պարագաները ընդունիլ: «Եթէ Լիբանանի մէջ տիրող ներկայ իրավիճակը շարունակէ այս...

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզի  Ու Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան  Ընդհանուր Գործադուլ` 26 Մայիսին

Ցամաքային Փոխադրութեան Մարզի Ու Աշխատաւորական Ընդհանուր Համադաշնակցութեան Ընդհանուր Գործադուլ` 26 Մայիսին

Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու համադաշնակցութեան նախագահ Պասսամ Թլայս երէկ յայտնեց, որ երկրին մէջ ընդհանուր գործադուլ պիտի կատարուի չորեքշաբթի, 26 մայիսին: Թլայս յայտնեց, որ Ցամաքային փոխադրութեան սենտիքաներու ու Հանրութեան փոխադրութեան յատուկ ինքնաշարժներու վարորդներու համադաշնակցութիւնները, այլ խօսքով` ցամաքային փոխադրութեան մարզը եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութիւնը պիտի կատարեն ընդհանուր գործադուլ մը, որուն ընթացքին պիտի չփակուին ճամբաներ, այլ` կարգ մը շրջաններու մէջ պիտի կատարուին համախմբումներ, նստացոյցեր...

Թուրք Դեսպանը Կ՛այցելէ Սայտա

Թուրք Դեսպանը Կ՛այցելէ Սայտա

Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյ երէկ այցելեց Սայտա` ընկերակցութեամբ «Թիքա» թրքական կեդրոնի պատասխանատու Օրհան Այտընի եւ դեսպանատան Ա. քարտուղար Օնուր Էօզկեչլիի: Ուլուսոյ այցելեց Սայտայի թրքական հիւանդանոցը, ուր դիմաւորուեցաւ հիւանդանոցի տնօրէն Մունա Թիրիաքիի կողմէ: Ան շրջեցաւ հիւանդանոցին տարբեր բաժանմունքներուն մէջ եւ Թիրիաքիէն տեղեկացաւ Մուսթաքպալ հոսանքին կողմէ անցեալ 6 մայիսին հիւանդանոցին մէջ տեղի ունեցած «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստումի արշաւի մեկնարկին...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 150 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց երեսփոխան Հիքմաթ Տիպը, որուն հետ քննարկեց Պաապտայի բարգաւաճման կարիքները: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Դիմադրութեան եւ Հարաւային Լիբանանի ազատագրութեան տօնին առիթով պատկերասփռուած խօսք մը պիտի արտասանէ այսօր` երեքշաբթի, 25...

Հանրապետութեան Նախագահին  Յղած Նամակին Լոյսին Տակ.  Խորհրդարանը Կը Յանձնարարէ Նշանակեալ  Վարչապետին Սահմանադրական Կարգին Հիման Վրայ  Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը

Հանրապետութեան Նախագահին Յղած Նամակին Լոյսին Տակ. Խորհրդարանը Կը Յանձնարարէ Նշանակեալ Վարչապետին Սահմանադրական Կարգին Հիման Վրայ Կազմելու Նոր Կառավարութիւն Մը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթ կէսօրէ ետք ժամը 2:00-ին, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի պալատին մէջ նախագահեց խորհրդարանի լիագումար նիստին, որուն ընթացքին կատարուեցաւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի յղած նամակին քննարկումը: Նշենք, որ խորհրդարանի կարգին համաձայն, հանրապետութեան նախագահին նամակը կարդացուած էր օր մը առաջ, որմէ 24 ժամ ետք սկսած էր նամակին բովանդակութեան մասին խորհրդարանին քննարկումը: Նիստին սկիզբը խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց միասնականութեան` շեշտելով, որ...

Նախագահ Աուն Շնորհաւորեց Պայտընը

Նախագահ Աուն Դրուատեց Սայտայի Նաւահանգիստէն Մեծ Քանակութեամբ Հաշիշ Մաքսանենգելու Գործողութիւնը Ձախողեցնելու Քայլը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն շաբաթավերջին դրուատեց Սայտայի նաւահանգիստէն դէպի Աղեքսանդրիա մեծ քանակութեամբ (շուրջ 4 թոն) հաշիշ մաքսանենգելու գործողութիւնը ձախողեցնելու քայլը: Նախագահ Աուն շնորհաւորեց լիբանանեան մաքսատան պատասխանատուները` անոնց իրագործած նուաճումին համար, ինչպէս նաեւ դրուատեց մաքսատան, թմրեցուցիչի դէմ պայքարի գրասենեակին, դատական ոստիկանութեան եւ լիբանանեան բանակի գաղտնի սպասարկութեան միջեւ գործակցութիւնը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ նման գործողութիւններ կը փաստեն, թէ Լիբանան իր ապահովական...

Իսլամ Հոգեւորականներու Գերագոյն Խորհուրդը  Դատապարտեց Սէուտական  Արաբիոյ Դէմ Ցեխարձակումները

Իսլամ Հոգեւորականներու Գերագոյն Խորհուրդը Դատապարտեց Սէուտական Արաբիոյ Դէմ Ցեխարձակումները

Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան շաբաթավերջին նախագահեց Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան վարչական հարցեր, ինչպէս նաեւ Լիբանանը եւ շրջանը յուզող հարցեր: Խորհուրդը խստիւ դատապարտեց սիոնական բռնագրաւումին կողմէ Աքսայի մզկիթին մէջ աղօթող քաղաքացիներուն դէմ գործուած խոշտանգումները, ինչպէս նաեւ Շէյխ Ժարրահի բնակչութեան վրայ յարձակումներն ու իսրայէլեան ուժերուն կողմէ զանոնք բռնագաղթի ենթարկելու քայլերը: Իսլամ հոգեւորականներու գերագոյն խորհուրդը դատապարտեց պաղեստինցիներուն...

Ռայի Պատրիարք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Վարչապետ  Սաատ Հարիրիին` Ներկայացնելու Մասնագէտներու  Նոր Կառավարութեան Կազմ Մը»

Ռայի Պատրիարք. «Կոչ Կ՛ուղղենք Վարչապետ Սաատ Հարիրիին` Ներկայացնելու Մասնագէտներու Նոր Կառավարութեան Կազմ Մը»

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ նախագահեց կիրակի օրուան պատարագին, որուն ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ  հաստատեց, որ իրենց ցանկութիւնն ու մաղթանքը նման է նախանցեալ օր խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցած քննարկումներուն, որոնք կոչ կ՛ուղղեն կառավարութեան կազմութեան, «որովհետեւ լիբանանցիներուն իրավիճակը յետաձգում կամ ուշացում չի կրնար հանդուրժել եւ անիկա կը վնասէ ազգային շահերուն», ըսաւ ան: Ռայի պատրիարքը հարց տուաւ, թէ...

Lebanon_report-2

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 300 վարակուածներ եւ մահացած 7 ուրիշներ: ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ նախագահ զօր. Միշել Աունի առողջապահական հարցերու խորհրդատու Ուալիտ Խուրի յայտնեց, որ լիբանանցիներուն 35 առ հարիւրը «Քորոնա» ժահրին դէմ արդէն իսկ դիմադրողականութիւն ունի: Ան հաստատեց, որ այդ համեմատութիւնը 80 առ հարիւրի կարելի պիտի ըլլայ հասցնել մինչեւ տարեվերջ: ՆԵՐՔԻՆ գործոց եւ...

Սպասելով Շրջանային Քաղաքական  Պատկերացման Յստակացման`  Ճիգեր` Լարուած Մթնոլորտի Մեղմացման Գծով

Սպասելով Շրջանային Քաղաքական Պատկերացման Յստակացման` Ճիգեր` Լարուած Մթնոլորտի Մեղմացման Գծով

Լիբանանի մէջ կացութիւնը կը թուի, թէ հետզհետէ կ՛ընթանայ դէպի առաւել վատթարացում: Արդարեւ, քաղաքական տարակարծութեանց ու տնտեսական անկայունութեան կողքին, Սուրիոյ նախագահական ընտրութեան առիթով պարզուած վերջին 48 ժամերու ապահովական «քաշքշուքը» ինքնակոչ «ազդարարութիւն» նկատուեցաւ` ուղղուած երկրի վարիչներուն, անյապաղ միջամտելու, նախքան ուշ ըլլալը: Փաստօրէն, մէկ մեռեալ եւ բազմաթիւ վիրաւորներ պատճառած, անցեալի ապահովական անբաղձալի ուրուականը յիշեցնող այդ դէպքերը իրենց հաւանական հետեւանքներուն մտավախութիւններով եկան «շրջելու» Լիբանանի...

Page 413 of 988 1 … 412 413 414 … 988

Արխիւներ