Արաբական երկիրներու երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդը գումարեց իր 44-րդ նիստը, որուն ընթացքին որոշուեցաւ երկու տարիով յետաձգել Համաարաբական խաղերը, որոնք պիտի կայանային այս տարուան ընթացքին, Իրաքի մէջ: Ինքնաբերաբար Լիբանանի մէջ 2025-ին կայանալիք Համաարաբական խաղերը յետաձգուեցան 2027-ին:
Առցանց նիստին մասնակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը գլխաւորեց երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարի պաշտօնակատար Վարդինէ Օհանեան-Գէորգեան. պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Զէյտ Խիամէ եւ նախարարութեան յարաբերական բաժանմունքի պատասխանատու Հասան Շարարա:
Նիստին ընթացքին հաստատուեցաւ, որ Իրաքի կողմէ Համաարաբական խաղերը յետաձգելու առաջարկը առարկայական է եւ արդարացուած` նկատի ունենալով աշխարհին դիմագրաւած «Քորոնա» համաճարակը եւ ներկայ պայմաններուն մէջ նման խաղեր կազմակերպելու անկարելիութիւնը:
Երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարներու խորհուրդը վաւերացուց նաեւ այնպիսի բանաձեւեր, որոնք ուղղակիօրէն կը վերաբերէին արաբական կարգ մը երկիրներու երիտասարդական եւ մարմնակրթութեան միջոցառումներուն:
Վ. Օհանեան–Գէորգեան Ընդունեց
Ռապիհ Սալեմը
Միւս կողմէ, նախարարի պաշտօնակատար Վ. Օհանեան-Գէորգեան նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց նաւերու Լիբանանի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ռապիհ Սալեմի:
Հանդիպումին ընթացքին պատուիրակութիւնը ներկայացուց «Պաթրունը` առագաստներու մայրաքաղաք» ծրագիրը` նկատի ունենալով, որ Պաթրունի մէջ ինչպէ՛ս անցեալին, նաեւ այսօր կը կատարուին առագաստանաւերու մրցումներ:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան տեղեկացաւ նաեւ ֆետերասիոնին ապագայ ծրագիրներուն մասին` ըլլան անոնք զբօսաշրջական, կենսոլորտի եւ մարմնակրթութեան վերաբերող ծրագիրներ, նաւերու մրցումներ` տեղական եւ միջազգային, ինչպէս նաեւ ձկնորսական նաւերու արտադրութիւնը շարունակելու աշխատանքներ:
Վ. Օհանեան-Գէորգեան շնորհաւորեց ֆետերասիոնը իր ծրագիրներուն համար, դրուատեց Պաթրունի պատմութիւնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց ֆետերասիոնին շինիչ գաղափարներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք կը գրաւեն զբօսաշրջիկներուն ուշադրութիւնը:
Նախարարի պաշտօնակատարը պատրաստակամութիւն յայտնեց օժանդակելու այդ ծրագիրներուն յաջողութեան:
Ան բարձր գնահատեց ֆետերասիոնին կարեւոր ծրագիրները եւ անոնց արձանագրած արտակարգ նուաճումները, յատկապէս տիրող դժուար պայմաններուն մէջ:
Հանդիպումին աւարտին պատուիրակութիւնը Վ. Օհանեան-Գէորգեանը Պաթրուն հրաւիրեց: