Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը Արգելակող Որեւէ Նոր Պատճառաբանութիւն Պիտի Ջրենք»

June 2, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ երէկ նախագահելէ ետք Հզօր Լիբանան համախմբումի նիստին կատարեց շարք մը յայտարարութիւններ, որոնց ընդմէջէն ներկայացուց լիբանանցիներուն տրամադրուելիք հատուցման քարտի դրութեան իրենց պատկերացումը:

«Այսօր մենք յանձնառու կը մնանք այն պարտականութեան, որ անձնասպանական նկատած ենք, որն է հատուցման քարտին կամ նպաստի ծրագիրին առումով առաջարկի մը ներկայացումը: Ասիկա կը նկատենք ազգային պատասխանատուութիւն եւ ոչ թէ ժողովրդահաճոյ արտայայտութիւն: Մեր առաջարկին առաջին բաժինը կը կեդրոնանայ լիբանանցիին տրուած նպաստը հասցէագրելու եւ զայն նուազեցնելու մէջ: Այս քայլը լիբանանեան պետութեան համար տարեկան երեք միլիառ տոլարի խնայողութիւն կ՛ապահովէ, իսկ հատուցումը կարելի կ՛ըլլայ կատարել` տրամադրելով հատուցման ե-քարտ` 100 տոլար արժողութեամբ», ըսաւ ան:

Պասիլ հաստատեց, որ այս առաջարկը միացեալ ճիգերու արդիւնք է` շնորհակալութիւն յայտնելով երեսփոխան Ֆարիտ Պուսթանիին եւ Տնտեսական- ընկերային խորհուրդին: Միւս կողմէ, ան շեշտեց, որ այդ առաջարկը քննարկուած է նաեւ իրենց եւ Հըզպալլայի միջեւ միացեալ յանձնախումբին շրջագիծին մէջ:

Պասիլ շեշտեց, որ իրենց առաջարկն է 100 տոլար արժողութեամբ հատուցման քարտը տրամադրել լիբանանցի ընտանիքներուն` աւելցնելով, որ այդ օժանդակութիւնը պէտք չէ դրամական ըլլայ, այլ` ելեկտրոնային: Ան նկատել տուաւ նաեւ, որ առաջարկը հաւասարակշռուած ձեւով ներկայացուած է` հատուցման քարտը աղքատ ընտանիքներուն տրամադրելու իմաստով: «Պէտք է վերջ տալ քաղաքացիները խաբելու հոլովոյթին, այն առումով, որ դրամատուներուն մէջ գումարներ ունեցող քաղաքացիներու հաշիւներուն ձեռք չէ դպչած, որովհետեւ իրականութեան մէջ դրամատուներուն մէջ պահ դրուած քաղաքացիներուն գումարներէն 85 առ հարիւրը շոգիացած է», ըսաւ ան:

Կառավարութեան կազմութեան եւ անոր մէջ իրենց ունենալիք բաժինին մասին խօսելով Պասիլ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը խանգարող որեւէ նոր պատճառաբանութիւն պիտի ջրեն` աւելցնելով, որ յստակ է, թէ ոմանք պատճառաբանութիւններ կը ստեղծեն` կառավարութիւն չկազմելու նպատակով:

«Մենք բազմիցս փաստած ենք, թէ այս կամ այն նախարարութեան, ներառեալ ուժանիւթի նախարարութիւնը, կառչած չենք: Բայց եւ այնպէս մենք համաձայն ենք, որ նախարարութիւնները արդար կերպով բաժնուին երեսփոխանական պլոքներուն եւ համայնքներուն: Այս շրջագիծին մէջ ամէն ջանք ի գործ պիտի դնենք դիւրացնելու կառավարութեան կազմութիւնը, որովհետեւ կը փափաքինք կառավարութիւն մը ունենալ` գլխաւորութեամբ նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրիի», ըսաւ ան:

Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կատարելապէս կը զօրակցին խորհրդարանի նախագահին նախաձեռնութեան եւ Հըզպալլայի օժանդակութեան` արագացնելու համար նոր կառավարութեան կազմութիւնը:

«Հանրապետութեան նախագահը յստակ էր, երբ յայտարարեց, թէ ութէն աւելի նախարար չի փափաքիր ունենալ, եւ թէ համաձայն է որեւէ միջոցի, որուն հիման վրայ նախարարներու թեկնածուներ կ՛առաջադրուին, նոյնիսկ երբ այդ նախարարները քաղաքական առումով նախագահին մօտիկ չեն եւ քաղաքացիական ընկերութիւն կը ներկայացնեն», շեշտեց ան:

Պասիլ անդրադարձաւ նաեւ Պաապտայի մէջ լիբանանեան ազգային երկխօսութիւն կատարելու հաւանականութեան` ընդգծելով, որ անիկա լաւագոյն ձեւն է արտայայտուելու եւ կեցուածքները յստակ կերպով ու քաղաքական բոլոր ուժերուն ներկայութեան բարձրաձայնելու, որպէսզի կարելի ըլլայ ներքին քաղաքական հարցերը լուծել եւ կառավարութիւն մը կազմել:

Ան շեշտեց, որ այդ երկխօսութեան մասնակցութիւնը մերժելու պարագային, իրենք պիտի ստիպուին նախաձեռնել աւելի կարծր նախաձեռնութիւններ, որոնք ճնշում կը բանեցնեն նոր կառավարութիւնը կազմելու:

Նախորդը

Պաապտայի Մէջ. «Պէտք Է Վերացնել Նպաստ Ստացող Հաշիւներուն Դրամատնային Գաղտնիութիւնը» Շեշտեց Հասան

Յաջորդը

Հանդիպում Արագածոտնի Մարզի Բնակիչներուն Եւ Ընտրական Գրասենեակներու Աշխատակիցներուն Հետ

RelatedPosts

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով  Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանը Երրորդ Անգամը Ըլլալով Վստահութեան Քուէ Շնորհեց Կառավարութեան

September 17, 2026
Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին
Լիբանանեան

Պայրագտարեան Այցելեց Նախագահ Աունին

September 17, 2026
Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է,  Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ  Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական  Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»
Լիբանանեան

Աուն. «Մեր Նպատակը Զէնքի Մենաշնորհումն Է, Սակայն Առանց Ներքին Բախումի, Եւ Իսրայէլի Հետ Թշնամանքի Իրավիճակին Վերջ Տալու Ապահովական Համաձայնութեան Կը Ձգտինք»

September 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.