Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Յունիս 3, 2021
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարարութեան տեղեկութիւններուն համաձայն, Լիբանանի մէջ նախորդ 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են «Քորոնա» ժահրով 214 վարակուածներ եւ մահացած 5 ուրիշներ:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի նամակ մը ստացաւ փաքիստանցի իր պաշտօնակիցէն` Ասաատ Քայսարէն, որ հաստատեց իսրայէլեան բռնարարքներուն դիմադրելու առումով խորհրդարանական միացեալ աշխատանքը համադրելու կարեւորութիւնը:

ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարարի պաշտօնակատար Ղազի Ուազնի ընդունեց Ընկերային ապահովագրութեան ազգային սնտուկի (Տաման) ընդհանուր տնօրէն Մոհամետ Քարաքին եւ Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան նախագահ Պշարա Ասմարը: Ուազնի շեշտեց, որ Տամանը առաջնահերթութիւն է` աւելցնելով, որ ինք ցուցմունքներ պիտի տայ 50-75 միլիառ լ. ոսկի յատկացնելու անոր:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏԻ եւ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար, արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարի գործակատար Զէյնա Աքըրի տեղեկատուական գրասենեակը հաղորդեց, որ Աքըր Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի ներկայացուցիչներուն հետ գաղտնի հանդիպումներ չէ ունեցած:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ յատուկ միջազգային դատական ատեանը երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որ կը նշէ, թէ ելեւմտական ներկայ տագնապին պատճառով, ատեանը իր աշխատանքները պիտի կասեցնէ յուլիս 2021-էն ետք:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահ յայտնեց, որ կանխահաս երեսփոխանական ընտրութիւնները Լիբանանը իր տագնապէն դուրս բերելու միակ լուծումը կը նկատուին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ ամէն ջանք ի գործ կը դրուի Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ լարուածութիւնը փարատելու:

ՀԶՕՐ հանրապետութիւն պլոքի երեսփոխան Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ հանրապետութեան իսկական նախագահն է` աւելցնելով, որ Լիբանանի փրկութիւնը կարելի է ապահովել իշխող վարչակազմը փոփոխութեան ենթարկելով:

ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Անուար Խալիլ, իր խօսքը ուղղելով հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին, յայտնեց, որ ան մահացու սխալ գործած կ՛ըլլայ, եթէ կառավարութիւնը ամէնէն արագ ժամանակամիջոցին չկազմէ` իր գոյութեան սպառնացող վտանգէն Լիբանանը փրկելու համար:

ՀԶՕՐ Լիբանան համախմբումի երեսփոխան Էտի Մաալուֆ յայտնեց, որ եթէ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը այս ընթացքով շարունակուի, ապա իրենց դիմելիք քայլերէն մէկը պիտի ըլլայ խորհրդարանէն իրենց հրաժարականը, «որովհետեւ կարելի չէ կացութիւնը այս ձեւով շարունակել», ըսաւ ան:

ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Սամի Ժեմայէլ յայտնեց, որ ինք համոզուած է, թէ լիբանանցի ժողովուրդը իր պատասխանատուներուն հաշուետուութիւնը պիտի կատարէ քուէատուփերուն ընդմէջէն:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան փոխնախագահ, նախկին նախարար Թարեք Խաթիպ շնորհաւորական հեռագիր մը յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին` անոր վերընտրութեան առիթով:

ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Ֆուատ Սինիորա ընդունեց Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Եասեր Ալաուին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուր երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալի Պարըշ Ուլուսոյը, որ հաստատեց Պաղեստինեան դատին նկատմամբ Թուրքիոյ զօրակցութիւնը:

 

 

Նախորդը

Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեց Երեսփոխան Բագրատունիի

Յաջորդը

Դամասկոսի Մէջ. Արսլան Շնորհաւորեց Նախագահ Ասատը

RelatedPosts

Այցելելով Պաապտայի Պալատ`  «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր,  Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն»  Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Պաապտայի Պալատ` «Պարրաքի Այցելութիւնը Հոյակապ Էր, Եւ Տակաւին Հըզպալլայի Պատասխանին Կը Սպասեն» Կ՛ըսէ Ռայի Պատրիարքը

Յուլիս 9, 2025
Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց  Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ  Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու
Լիբանանեան

Էմիրաթական Ընկերութիւն Մը Փափաք Յայտնեց Ելեկտրականութեան Եւ Դրամատնային Մարզերուն Մէջ Կենսական Ծրագիրներու Գործադրութեան Նպաստելու

Յուլիս 9, 2025
Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը  Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»
Լիբանանեան

Պարրաքի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Ժահժահ. «Ապօրինի Բոլոր Զէնքերու Համարկումը Լիբանանեան Հիմնական Պահանջ Է»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?