Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պըրրի Նշանակեալ Վարչապետին Հետ Քննարկեց Կառավարութեան Կազմութեան Հոլովոյթը

Յունիս 1, 2021
| Newsletter, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ կէսօրէ ետք Այն Թինէի մէջ ընդունեց նշանակեալ վարչապետ Սաատ Հարիրին:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան նաեւ Պըրրիի քաղաքական հարցերու օգնական երեսփոխան Ալի Հասան Խալիլ եւ Հարիրիի անձնական խորհրդական Հանի Համմուտ:

Երկու ժամ տեւած հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկրին քաղաքական բեմը յուզող հարցերը, յատկապէս կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթին վերաբերող մանրամասնութիւնները:

Քննարկումներուն ընթացքին տիրեց դրական մթնոլորտ:

Նշենք, որ երէկ առաւօտեան կանուխ ժամերուն Լիբանան վերադարձած Հարիրի դարձաւ խորհրդարանի նախագահին ճաշի հիւրը:

Կարգ մը լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, թէ Պըրրիի առաջարկով նոր կազմուելիք կառավարութեան տարազը 24 ոչ կուսակցական նախարարներէ բաղկացած  կառավարութիւն մըն է` աւելցնելով, որ արտաքին աշխարհը եւս սկսած է Հարիրիէն պահանջել, որ արագացնէ կառավարութեան կազմութիւնը, այլապէս հրաժարի այդ պաշտօնէն` առիթ տալով այլ անձնաւորութեան մը, կատարելու այդ պարտականութիւնը:

Այլ լրատուամիջոցներ ընդգծեցին, որ եթէ Հարիրի կառչած մնայ ուժային նախարարութիւններ ստանձնող երկու քրիստոնեայ նախարարներէն մէկը նշանակելու քայլին, առանց զիջելու, որ սիւննի նախարարներէն մէկը հանրապետութեան նախագահը ճշդէ, ապա կառավարութիւն պիտի չկազմուի:

Երէկ երեկոյեան Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ տեղի ունեցաւ Հարիրիի հանդիպումը նախկին վարչապետներ Նեժիպ Միքաթիի, Ֆուատ Սինիորայի եւ Թամմամ Սալամի հետ: Հանդիպումէն ետք Սինիորա «Ժատիտ» պատկերասփիւռի կայանին յայտնեց, որ հանդիպումի ընթացքին Հարիրի իրենց ներկայացուցած է Պըրրիի հետ իր ունեցած հանդիպումին արդիւնքները` աւելցնելով, որ իրենք` իբրեւ նախկին վարչապետներ, զօրավիգ կը կանգնին սահմանադրութեան եւ Պըրրիին, եւ երբեք դէմ պիտի չըլլան անոր: Սինիորա ըսաւ, որ նախկին վարչապետները կը կանգնին Հարիրիի կողքին, որ կը շարունակէ կատարել իր պարտականութիւնը, եւ ով որ կը խանգարէ կառավարութեան կազմութիւնը, սահմանադրութեան դէմ կանգնած կ՛ըլլայ: Ըստ Սինիորայի, ներկայիս կայ նշանակեալ վարչապետ, իսկ սահմանադրութիւնը «կարկտան» չէ, որուն հետ խաղանք ինչպէս որ կ՛ուզենք, հետեւաբար մենք յանձնառու կը մնանք յարգելու սահմանադրութիւնը: Սինիորա ընդգծեց, որ նշանակեալ վարչապետը պիտի չհրաժարի, խորհրդարանէն ալ հրաժարումներ պիտի չըլլան, եւ ինչ որ տեղի կ՛ունենայ ուշադրութիւնը շեղել է եւ մարդոց աչքերուն փոշի ցանել, կարծես կառավարութեան կազմութեան աշխատանքը խանգարողը նշանակեալ վարչապետը ըլլար, մինչդեռ խանգարողը հանրապետութեան նախագահն է:

Միւս կողմէ, դարձեալ երեկոյեան Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Ժըպրան Պասիլ իր բնակարանին մէջ հանդիպում ունեցաւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի քաղաքական հարցերու խորհրդական Ալի Հասան Խալիլի եւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական Ալի Խալիլի հետ: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան վերաբերող հարցեր:

Նախորդը

Նախագահ Աուն Հուպալլայի Հետ Քննարկեց Լիբանանեան Արդիւնաբերութիւնը Սէուտական Արաբիա Եւ Ծոցի Երկիրներ Արտածելու Վերաբերող Հարցեր

Յաջորդը

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Արեւմտեան Եւրոպայի Կեդրոնական Կոմիտէի

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?